Ծառայութեան Ժողովներ Մայիս Ամսուան Համար
Մայիս 6–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 129
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէ «Ամառուան Համար Ձեր Ծրագիրները Ի՞նչ Են» յօդուածը։
15 վյրկ. «Ամբողջ Սրտով Ըլլանք»։ Հարց–պատասխանով։ Ժամանակին ներած չափով, նկատի առ «Որպէս Ընտանիք Հետեւեալ Կէտերը Քննարկեցէք» յօդուածը, Դիտարան 15 Հոկտեմբեր 1981 Անգլերէն թիւէն, էջ 25։
20 վյրկ. «Ձեր Դրացիին Խօսեցէք Ճշմարտութեան Մասին»։ Հարց–պատասխանով։ Վերաքաղ ըրէ թելադրուած ներկայացումները։ Նորեկները քաջալերէ որ պարբերաթերթերը ցրուելու մէջ բաժին բերեն, հակիրճ ներկայացումներ գործածելով։ Կարգադրէ երկու ցուցադրութիւններ որոնք կը պարփակեն ակնարկում մը Դիտարանի 2–րդ էջի վրայ յիշուած խօսքին. «Դիտարանի հրատարակչութիւնը Աստուածաշունչի երկրածաւալ դաստիարակչական գործին մէկ մասն է, որ յօժարակամ նուիրատուութեամբ կ’ընթանայ»։ Մենք ուրախութեամբ կ’ընդունինք պարբերաթերթերէն հաճոյք քաղող անհատներուն ըրած պզտիկ նուիրատուութիւնները։
Երգեցողութիւն թիւ 32 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 13–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 63
7 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը։
18 վյրկ. «Հոգեւոր Գետնի Վրայ Այսքան Բարգաւաճում Բնաւ Չէինք Ունեցած»։ Հարց–պատասխանով։ Երկու կամ երեք հրատարակիչներ, ի ներառեալ պատանի մը, իրենց կարգ մը օրհնութիւնները թող թուեն։ Եզրափակէ ցոյց տալով թէ ի՛նչպէս աւելցող գնահատութիւնը կը մղէ մեզ որ սրբազան ծառայութեան նախանձախնդրաբար մասնակցինք։
20 վյրկ. «1996–ի ‘Աստուածային Խաղաղութեան Պատգամաւորներ’ Բնաբանով Նահանգային Համաժողով»։ Հարց–պատասխանով նկատի առ 1–17–րդ պարբերութիւնները։ Կարդա 10, 11 եւ 16–րդ պարբերութիւնները։
Երգեցողութիւն թիւ 21 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 20–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 162
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէ դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները Մայիս 27–ի աշխարհային տօնին ընթացքին։ Բոլորը քաջալերէ որ պարբերաթերթերը ցրուելու մէջ բաժին բերեն։
15 վյրկ. «Շարունակեցէք Ճշմարտութեան Մասին Խօսիլ»։ Շեշտէ ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակակէտով վերայցելութիւններ ընելու կարիքը։ Անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերողներուն վեց ամսուայ բաժանորդագրութիւն առաջարկեցէք։ Կարգադրէ երկու հակիրճ ցուցադրութիւններ։
20 վյրկ. «1996–ի ‘Աստուածային Խաղաղութեան Պատգամաւորներ’ Բնաբանով Նահանգային Համաժողով»։ Հարց–պատասխանով նկատի առ 18–25–րդ պարբերութիւնները։ Կարդա 18–րդ պարբերութիւնը։ Վերաքաղ ըրէ «Նահանգային Համաժողովի Վերյիշեցումներ» հատուածը։
Երգեցողութիւն թիւ 28 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 27–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 204
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. Յունիս Ամսուան Ընթացքին Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ Գիրքը Ներկայացնենք։ Ծառայութեան տեսուչը նախ կը քննարկէ Գիտութիւն գրքին լոյս տեսնելուն պատճառը։ Յետոյ ան երկու կամ երեք ատակ հրատարակիչներու հետ վերաքաղ կ’ընէ անոր կարգ մը ուշագրաւ երեսակները։ Գիրքը մեր ապագային, մարդկային տառապանքին, Աստուծոյ Թագաւորութեան, բարեպաշտ վարքին, ընտանեկան կեանքին եւ աղօթքի օգուտներուն մասին յարուցուած հարցումներուն կը պատասխանէ։ Հրատարակիչներէն երկու հոգի մօտեցում մը կը ցուցադրեն, զոր կարելի է գործածել ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար կա՛մ առաջին հանդիպումին եւ կամ վերայցելութեան ատեն։ Ապա ծառայութեան տեսուչը հետեւեալ կէտերը նկատի կ’առնէ. Կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ Աստուածաշունչի աւելի ազդու ուսումնասիրութիւններ վարելու կարիքը կայ։ Այս գիրքը յատկապէս ծրագրուած է այս նպատակին համար։ Անիկա ճշմարտութիւնը դրական, համառօտ կերպով կը ներկայացնէ։ Իւրաքանչիւր պարբերութեան հարցումները, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր գլուխին վերջաւորութեան եղած հարցումները, մեզի կ’օգնեն որ գլխաւոր կէտերուն վրայ կեդրոնանանք։ Գիրքը կը պատասխանէ այն հարցումներուն որոնք կ’ուղղուին մկրտուիլ փափաքող նոր նուիրուած անհատներուն։ Բոլորը քաջալերէ որ Յունիս ամսուան ընթացքին ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակակէտով աշխատին։
10 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Յօդուածը կարդա ու քննարկէ ունկնդիրներուն հետ։
15 վյրկ. «Շատ Զբաղա՞ծ Էք»։ Հարց–պատասխանով։ Ժամանակին ներած չափով, 8 Յունիս 1990 թուակիր Զարթի՛րէն մեկնութիւններ պարփակէ, էջ 14–16։ Մէկ կամ երկու հրատարակիչներ թող ամփոփ կերպով պատմեն թէ ի՛նչ ըրած են որպէսզի աստուածպետական խճողուած յայտագրի մը հետ գլուխ ելլեն։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։