Ծառայութեան Ժողովներ Օգոստոս Ամսուան Համար
Օգոստոս 5–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 204
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
20 վյրկ. «Բարի Լուրը Առանց Դանդաղելու Յայտարարենք»։ Դասախօսութիւն եւ քննարկութիւն ներկաներուն հետ։ Պարփակէ ընտրուած կէտեր Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ գրքէն, Հատոր Բ., էջ 673, պարբերութիւն 1։
15 վյրկ. «Գրքոյկներով Թագաւորութեան Բարի Լուրը Յայտարարենք»։ (Պարբերութիւններ՝ 1–5) Առաջին պարբերութիւնը որպէս բացում գործածէ։ Դրական մեկնաբանութիւններով ցոյց տուր Երկրի Վրայ Կեանքը եւ «Ահա» գրքոյկներուն գործածութեան առաւելութիւնները ծառայութեան մէջ։ Կարգադրէ լաւ փորձ եղած չորս ցուցադրութիւններ, որոնք ցոյց կու տան ինչպէ՛ս այս գրքոյկներով առաջին հանդիպումները եւ վերայցելութիւնները ձեռք առնել։ Թող պատանի հրատարակիչ մը, իր ծնողքին աջակցութեամբ, ցուցադրէ Երկրի Վրայ Կեանքը գրքոյկին ներկայացումները։ Հրատարակիչները կրնան ուրիշ գրքոյկներու ներկայացումները հոս թելադրուածներուն համաձայն կաղապարել։
Երգեցողութիւն թիւ 32 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 12–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 162
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը։ Պարփակէ «Բաժին Բերելու Կերպեր» յօդուածէն դրական մեկնաբանութիւններ. Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 1993, էջ 29–31, Անգլերէնով։
15 վյրկ. «Գրքոյկներով Թագաւորութեան Բարի Լուրը Յայտարարենք»։ (Պարբերութիւններ՝ 6–8) Կառավարութիւն գրքոյկին բովանդակութեան հակիրճ վերաքաղ մը ըրէ։ Առաջին հանդիպումին ու վերայցելութեան համար թելադրուած ներկայացումները թող ցուցադրուին։ Բոլոր հրատարակիչները քաջալերէ որ իրենց տեղաւորումները հետապնդեն։
15 վյրկ. «Ընկերութեան Երկրածաւալ Գործին Համար Եղած Նուիրատուութիւնները Ընդլայնման կը Նպաստեն»։ Խանդավառ դասախօսութիւն՝ երէցի մը կողմէ։ Պարփակէ վիճակագրութիւններ Թագաւորութեան գործին յառաջդիմութեան մասին, յիշուած կարգ մը երկիրներուն մէջ, ինչպէս Տարեգիրքը կը տեղեկագրէ։
Երգեցողութիւն թիւ 127 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 19–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 21
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէ Հարցումի Տուփը։
15 վյրկ. «Ո՞վ Քարոզելու Որակելի Է»։ Երէց մը յօդուածը նկատի կ’առնէ երկու կամ երեք հրատարակիչներու հետ։ Շեշտէ որ մենք մատչելի եղած լաւագոյն մարզումը կը ստանանք, մեզ լիովին զինելով որպէս Աստուծոյ ծառաներ։ Ոչ մէկ պատճառ ունինք զգալու թէ քարոզելու անատակ ենք։
20 վյրկ. «Գիտութիւն Գրքով Ի՛նչպէս Աշակերտել»։ Ունկնդիրներուն հետ նկատի առ Յունիս 1996 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականին 17–26–րդ պարբերութիւնները։ Առաջուընէ կարգադրէ տեղական փորձառութիւններ պարփակել անոնց կողմէ որոնք Գիտութիւն գրքով ուսումնասիրութիւններ կը վարեն։ Անոնք կրնան դրական մեկնաբանութիւններ ընել թէ ինչպէ՛ս յաւելուածականին թելադրութիւնները կիրարկած են ու ինչպէ՛ս կրցած են աւելի յառաջդիմական տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ վարել։ Բոլորը քաջալերէ որ այս յաւելուածականը պահեն ու անհատապէս զայն վերաքաղ ընեն, երբոր նոր ուսումնասիրութիւն մը կը սկսին։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 26–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 34
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէ «Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի Նոր Յայտագիր» յօդուածը։ Յայտարարէ դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները Սեպտեմբեր 2–ի համար։
20 վյրկ. Ձեր Զաւակներուն Կրթութեամբ Հետաքրքրուեցէք։ Դասախօսութիւն՝ երէցի մը կողմէ։ Վերաքաղ ըրէ Եհովայի Վկաները եւ Կրթութիւնը գրքոյկին տեղեկութիւնները, էջ 2–5, ցոյց տալով թէ ինչո՛ւ դպրոցին մէջ մատակարարուած պիտանի մարզումը կը գնահատենք։ Քննարկէ ինչպէ՛ս ուսուցիչներուն փափկանկատութեամբ բացատրել թէ ինչո՛ւ հոգեւոր նպատակակէտերը աւելի գերադաս կը համարենք քան աշխարհային հետապնդումները։ Պարփակէ կէտեր էջ 31–ի Եզրակացութենէն։ Ծնողները քաջալերէ որ այն թելադրութիւնները կիրարկեն, որոնք յիշուած են Զարթի՛ր 8 Սեպտեմբեր 1988 թիւին մէջ, էջ 11։
15 վյրկ. Սեպտեմբեր Ամսուան Համար Ներկայացուելիք Գրականութիւնները։ Կեանքը Ինչպէ՞ս Գոյացաւ—Բարեշրջութեա՞մբ թէ Ստեղծագործութեամբ գիրքը պիտի գործածենք։ Լուսաբանեցէք այս գրականութեան դիւրաթեքութիւնը։ 1–15–րդ գլուխները լման կերպով կը հետազօտեն այն հակաճառութիւնը թէ կեանքը ինչպէ՛ս գոյացաւ. 16–րդ գլուխը նկատի կ’առնէ տիեզերականօրէն խրթին հարցում մը՝ «Աստուած Ինչո՞ւ Տառապանքը կը Թոյլատրէ». 17–18–րդ գլուխները Աստուածաշունչին հանդէպ հաւատք կը կերտեն որպէս Աստուծոյ վստահելի, ներշնչուած Խօսքը. 19–20–րդ գլուխները աչքառու կը դարձնեն Թագաւորութեան բարի լուրը երկրային Դրախտի մէջ ապրելու նկատմամբ ու կը բացատրեն ինչպէ՛ս զայն ձեռք ձգել։ Թող ատակ հրատարակիչ մը այս մօտեցումներէն մէկը գործածէ, Ստեղծագործութիւն գրքին հակիրճ ներկայացում մը ցուցադրելու համար։ Եթէ ժողովքը տակաւին Ընտանեկան Կեանքդ Երջանիկ Ընել կամ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ գրքերէն ունի, կարելի է զանոնք ներկայացնել։
Երգեցողութիւն թիւ 113 եւ փակման աղօթք։