Ծառայութեան Ժողովներ Հոկտեմբեր Ամսուան Համար
Հոկտեմբեր 7–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 47
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Յիշէ տեղական ժողովքին Յուլիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրը։
15 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Ծառայութեան տեսուչը կամ ուրիշ որակելի երէց մը տեղեկութիւնները նկատի կ’առնէ ներկաներուն հետ։
20 վյրկ. «Պարբերաթերթի Ձեր Անհատական Ներկայացումները Պատրաստեցէք»։ (Պարբերութիւններ 1–7) Հարցումներ ուղղէ 1–4–րդ պարբերութիւններուն մասին, ապա գործածելով 5–7–րդ պարբերութիւններուն թելադրութիւնները, երկու կամ երեք հակիրճ ցուցադրութիւններ թող ներկայացուին, ցոյց տալու համար ի՛նչպէս ընթացիկ պարբերաթերթերը առաջարկել։ Պարփակէ մեկնաբանութիւններ Դիտարան 1 Մարտ 1987–ի Անգլերէն համարէն, էջ 17, պարբերութիւն 8–9։
Երգեցողութիւն թիւ 222 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 14–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 113
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը։
15 վյրկ. «Աւելի Լաւ Բանի մը Մասին Բարի Լուր Յայտարարել»։ Հարց–պատասխանով։ Նշէ Դիտարանի կարգ մը յատկանշական յօդուածները։—Տես՝ Դիտարան 1 Մարտ 1987–ի Անգլերէն համարը, էջ 13։
20 վյրկ. «Պարբերաթերթի Ձեր Անհատական Ներկայացումները Պատրաստեցէք»։ (Պարբերութիւններ 8–11) Հարց–պատասխանով։ Պարփակէ մեկնաբանութիւններ այն չորս թելադրութիւններուն մասին, որոնք յիշուած են Դիտարան 1 Փետրուար 1994–ի համարին մէջ, էջ 30–31, պարբերութիւն 18–21։ Պարբերաթերթերուն Հոկտեմբեր ամսուան համարները գործածելով, ցոյց տուր ի՛նչպէս ներկայացում մը պատրաստել. (1) Ընտրեցէք յօդուած մը որ հաւանաբար հետաքրքրութիւն պիտի արթնցնէ ձեր թաղամասին մէջ, (2) փնտռեցէք ուշագրաւ դարձուելիք հետաքրքրական կէտ մը, (3) հարցում մը պատրաստեցէք որ կրնայ ուշադրութիւն հրաւիրել այդ կէտին վրայ, (4) որոշեցէք ի՛նչ համար կարդալ եթէ առիթը ներկայանայ, եւ (5) պատրաստեցէք ձեր բացման խօսքերը ու ի՛նչ որ պիտի ըսէք պարբերաթերթին մասին, այնպէս որ տանտէրը քաջալերէք զանոնք ընդունելու։ Կարգադրէ որ երկու կամ երեք ատակ հրատարակիչներ իւրաքանչիւրը ներկայացում մը ցուցադրէ։ Պարփակէ պատանի մը որ պարբերաթերթի պարզ ներկայացում մը պիտի ցուցադրէ։ Անոնք պէտք է յիշեն թէ մեր երկրածաւալ գործին համար նուիրատուութիւններ կ’ընդունինք։
Երգեցողութիւն թիւ 195 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 21–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 21
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բացատրէ ի՛նչպէս պարբերաթերթերով կանոնաւոր այցելութիւններ սկսիլ. (1) Արձանագրեցէք իւրաքանչիւր տեղաւորում ու այն յօդուածը, որու վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեցիք, (2) կարգադրեցէք վերադառնալ յաջորդ թիւերով, եւ (3) ձեր ծառայութեան շաբաթական յայտագրին մէջ մասնայատուկ ժամանակ յատկացուցէք այս այցելութիւնները ընելու։ Հետաքրքրուողներուն վեց ամսուայ բաժանորդագրութիւններ ներկայացուցէք, եւ յիշեցէք որ պարբերաթերթերով իւրաքանչիւր այցելութիւն որ կ’ընէք տեղեկագրէք որպէս վերայցելութիւն։
15 վյրկ. «Ձեր Թաղամասը Լիովին Աշխատցուցէք»։ Նկատի առ յօդուածը եւ առեւտրական թաղամասերը աշխատցնելու տեղական կարգադրութիւնները։ Ներկաները հրաւիրէ քաջալերական փորձառութիւններ պատմելու, զորս վայելած են աշխատցնելով իրենց թաղամասերուն մէջ գտնուող խանութները։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։ Կամ դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ, հիմնուած «Ձեր Վստահութիւնը Մինչեւ Վերջը Պինդ Բռնեցէք» յօդուածին վրայ, Դիտարան 1 Մայիս 1996, էջ 21–24, Անգլերէնով։
Երգեցողութիւն թիւ 10 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 28–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 27
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Քանի որ Նոյեմբեր ու Դեկտեմբեր ամիսներուն կարգ մը աշխարհային տօներուն պատճառաւ աշխարհային գործէն ու դպրոցէն արձակուրդ պիտի առնուի, բոլորը քաջալերէ որ մտածեն օժանդակ ռահվիրաներ ըլլալու կարելիութեան մասին։ Բոլոր հրատարակիչները յորդորէ որ այս շաբաթավերջին Հոկտեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները յանձնեն։
20 վյրկ. «Ժամանակը Ի՛նչպէս Ծախու Առնել»։ Հարց–պատասխանով։ Պարփակէ մեկնաբանութիւններ՝ Դիտարան 1 Ապրիլ 1990–ի համարէն, էջ 28–29, պարբերութիւն 7–11։
15 վյրկ. Նոյեմբեր Ամսուան Ներկայացուելիք Գրականութիւնը։ Գիտութիւն գիրքը պիտի ներկայացուի, եւ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակով մասնաւոր ջանք պիտի թափուի բոլոր տեղաւորումները հետապնդելու։ Երկու կամ երեք ատակ հրատարակիչներ նկատի կ’առնեն այս գրքին կարեւորութիւնը եւ ի՛նչպէս գործածելը։ Անոր բովանդակած տեղեկութիւնները զանազան միջավայրերէ եկած մարդոց կեանքին կ’ազդեն։ Անիկա կը ծածկէ Աստուածաշունչի հիմնական նիւթերն ու սկզբունքները, զորս նորեկները պէտք է հասկնան մկրտուելէ առաջ։ Եթէ ուսումնասիրութիւնը կանոնաւորաբար վարենք, աշակերտը կրնայ արագ յառաջդիմութիւն արձանագրել։ Բացատրէ ու ցուցադրէ ի՛նչպէս ուղղակի մօտեցումը գործածելով ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ. Վերաքաղ ըրէք էջ 4–5–ի վրայ գտնուած պատկերը ու անոր խորագիրը. բացատրեցէք ուսումնասիրելու մեր մեթոտը. հակիրճօրէն նկատի առէք գլուխ 1–ին առաջին հինգ պարբերութիւնները. ժամադրութիւն առէք հետագային վերադառնալու ու խօսակցութիւնը շարունակելու հետեւեալ հարցումին պատասխանելով, Յաւիտենական կեանքը լոկ երա՞զ մըն է։ Շեշտէ այն ուրախութիւնը որ կ’ընկերակցի տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը վարելու առանձնաշնորհումին հետ։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։