Մեծ Թիւով Հաւատացեալներ Երթալով Կ’աւելնան
1 Ինչպէս առաջին դարուն՝ ներկայիս ալ, քրիստոնէական ժողովքին վայելած յաւելումը արտասովոր է։ (Գործք 2։41. 4։4) Անցեալ տարի, 366,579 նոր աշակերտներ մկրտուեցան, միջին հաշուով օրական 1,000 հոգիէն աւելի։ Վերջին երեք տարիներու ընթացքին, աւելի քան մէկ միլիոն անհատներ մկրտուեցան։ Իրապէս, Եհովա կը շարունակէ հաւատացեալներու թիւը երթալով աւելցնել։—Գործք 5։14
2 Շատ մը նորեկներ, որոնք անփորձ են քրիստոնէական ապրելակերպին, հաւատքի մէջ զօրաւոր եղողներու կողմէ՝ օգնութեան եւ մարզումի կարիքը ունին։ (Հռովմ. 15։1) Նախկին Քրիստոնեաներուն մէջ կային անհատներ, որոնք նոյնիսկ իրենց մկրտութենէն տարիներ ետք, թերացած էին ‘հասունութեան հասնելու ջանալ’։ (Եբր. 5։12. 6։1, ՆԱ) Այս պատճառաւ, Եբրայեցիներու գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս աչքառու դարձուց կարգ մը մարզեր, որոնց մէջ հոգեւորապէս աճելու կարիքը ունէին։ Անոնք ի՞նչ էին եւ հարկ եղած օգնութիւնը ինչպէ՞ս կրնար մատակարարուիլ անոնց։
3 Լաւ Ուսումնասիրութեան Սովորութիւն մը Ունենանք. Պօղոսի հրահանգներուն հետ ներդաշնակ ըլլալով, լաւ աշակերտ մը ըլլալ կը նշանակէ՝ Եհովայի կազմակերպութեան կողմէ հայթայթուած «հաստատուն կերակուրը» յարատեւաբար սորվիլ, վերաքաղ ընել եւ գործածել։ (Եբր. 5։13, 14. տես՝ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1993, էջ 20-24։) Նորեկները հոգեւոր խօսակցութեան միջամուխ ընելով եւ անոնց հետ ձեր անձնական փնտռտուքներով ձեռք ձգուած ճշմարտութեան հոգեւոր գոհարները բաժնեկցելով, զանոնք կը խթանէք որ լաւ ուսումնասիրութեան սովորութիւն մը ձեռք ձգեն։ Թերեւս երբեմն կրնաք նորեկ մը հրաւիրել որ մասնակցի ձեր անձնական կամ ընտանեկան ուսումնասիրութեան։
4 Ժողովներու Կանոնաւորաբար Յաճախել. Ձեր հաւատարիմ օրինակը եւ քաջալերական, սիրալիր խօսքերը ժողովքի նոր անդամներուն պիտի օգնեն, Պօղոսի յիշած ուրիշ մէկ մարզէն խուսափելու, որ է քրիստոնէական ժողովներէն բացակայելու ‘սովորութիւնը’։ (Եբր. 10։24, 25) Օգնեցէք անոնց որ գնահատեն թէ ժողովները՝ զիրենք ժողովքին կապող հոգեւոր կենսական միջոցն են։ Նախաքայլը առէք իրենց զգացնել տալու թէ բարի եկած են մեր եղբայրակցութեան մէջ։
5 Վստահութեամբ Եհովայի Մօտենանք. Մարմնաւոր տկարութիւններ եւ անձնաւորութեան թերութիւններ յաղթահարելու համար, Եհովան պէտք է փնտռենք աղօթքով, մեր խորունկ զգացումներն ու ամենաներքին մտավախութիւնները կամ հոգերը յայտնելով անոր։ Ասոր նկատմամբ ձեր անձնական փորձառութիւնները պատմելը, նորեկներուն վստահութիւնը պիտի ամրապնդէ, թէ Եհովան սրտաբուխ աղօթքները կը լսէ։
6 Ծառայութեան Համար Ժամանակ Յայտագրել. Պօղոս նաեւ ցոյց տուաւ որ հոգեւորապէս կազդուրիչ է՝ ‘ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանել’։ (Եբր. 13։15) Կրնա՞ք նոր հրատարակիչ մը հրաւիրել որ ձեր շաբաթական դաշտի ծառայութեան յայտագրին մասնակցի։ Թերեւս միասնաբար կրնաք պատրաստել ներկայացում մը, կամ՝ նկատի առնել ծառայութեան երեսակ մը, զոր նորեկը տակաւին փորձած չէ։
7 Հաւատացեալներու շատնալը ցնծութեան մեծ պատճառ մըն է։ Ժողովքի նոր անդամները մարզելու համար մենք մեզ մատչելի դարձնելը պիտի օգնէ անոնց, որ ‘իրենց հոգիները փրկելու’ համար պահանջուած հաւատքը զարգացնեն։—Եբր. 3։12, 13. 10։39