Ծառայութեան Ժողովներ Մայիս Ամսուան Համար
ՆՇՄԱՐ. Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը ամառուան ընթացքին իւրաքանչիւր շաբթուան համար Ծառայութեան Ժողով մը պիտի յայտագրէ։ Ժողովքները կրնան կարիքին համաձայն վերաճշդումներ ընել, նկատի առնելով «Աստուծոյ Խօսքին Հաւատք Ընծայենք» Նահանգային Համաժողովին ներկայ գտնուիլը եւ յաջորդ շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին մէջ համաժողովի յայտագրին աչքառու կէտերը 30 վայրկեան տեւողութեամբ վերաքաղ ընելը։ Նահանգային համաժողովի իւրաքանչիւր օրուան յայտագրին վերաքաղը, պէտք է նախապէս նշանակուի երկու կամ երեք որակելի եղբայրներու, որոնք կարող պիտի ըլլան աչքառու կէտերուն վրայ կեդրոնանալ։ Այս լաւ պատրաստուած վերաքաղը ժողովքին պիտի օգնէ, որ բանալի կէտերը յիշէ, անձնական կիրարկման ու դաշտին մէջ գործածելու համար։ Ունկնդիրներուն մեկնաբանութիւնները եւ պատմուած փորձառութիւնները պէտք է համառօտ ու շեշտակի ըլլան։
Մայիս 5–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 150
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
12 վյրկ. «Շարունակաբար Յիսուսի Հետեւիլ»։ Հարց պատասխանով։ Պարփակէ փորձառութիւններ առնուած՝ Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 1993–ի համարէն, էջ 12։
23 վյրկ. «Անկեղծօրէն Հետաքրքրուինք՝ Հետաքրքրութիւն Ցոյց Տուող Բոլոր Անհատներով»։ Ներկաներուն հետ խօսակցութիւն։ Շեշտէ բոլոր հետաքրքրուողներուն վերայցելելու կարիքը։ Թելադրէ կարգ մը փափկանկատ կերպեր, հանրային վայրերու մէջ մեր հանդիպած մարդոց հասցէները խնդրելու համար, որպէսզի կարենանք մեր խօսակցութիւնը անոնց հետ շարունակել։ Ատակ հրատարակիչներ թող ցուցադրեն 6-9–րդ պարբերութիւններուն մէջ թելադրուած ներկայացումները։ Վերաքաղ ըրէ Մարտ 1997–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին էջ 3–ին վրայի շրջագիծը՝ «Ի՛նչպէս Յաջողութիւն Գտնել Վերայցելութիւններ Ընելու մէջ»։ Բոլորը քաջալերէ, որ ամէն շաբաթ որոշ ժամանակ մը յայտագրեն վերայցելութիւններ ընելու։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 12–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 163
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
12 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ։
23 վյրկ. «1997–ի ‘Աստուծոյ Խօսքին Հաւատք Ընծայենք’ Բնաբանով Նահանգային Համաժողով»։ (Պարբերութիւններ 1-15) Հարց պատասխանով։ Կարդա՛ 8, 10 եւ 13–րդ պարբերութիւնները։ Շեշտէ՝ մեր քրիստոնէական պատշաճ երեւոյթը եւ վարքը զգուշութեամբ պահպանելու եւ մեր զաւակներուն վրայ պատշաճօրէն հսկելու՝ սուրբ գրային կարեւորութիւնը։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 19–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 129
7 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ծանուցանէ Մայիս 26–ին համար եղած դաշտի ծառայութեան մասնայատուկ կարգադրութիւնները։
20 վյրկ. «Յառաջընթաց Տան Սուրբ Գրային Ուսումնասիրութիւններ Վարել»։ Ատակ եղբայր մը, յօդուածը նկատի կ’առնէ ուսումնասիրութիւններ վարելու մէջ յաջողութիւն գտնող մէկ կամ երկու հրատարակիչներու հետ։ Գիտութիւն գրքէն կարգ մը մասեր որպէս օրինակ գործածելով, անոնք կը յիշեն ուսուցանելու մեթոտներ, որոնք կ’օգնեն որ ուսումնասիրութիւնը հաստատ յառաջդիմութեան մը մէջ պահեն եւ թոյլ կու տան նկատելու թէ աշակերտը իրապէս ի՛նչ կը սորվի։—Տես՝ Յունիս 1996–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականը, պարբերութիւններ 5, 8, 12 եւ 21։
18 վյրկ. «1997–ի ‘Աստուծոյ Խօսքին Հաւատք Ընծայենք’ Բնաբանով Նահանգային Համաժողով»։ (Պարբերութիւններ 16-22) Հարց պատասխանով։ Կարդա՛ 16–րդ պարբերութիւնը եւ մէջբերուած համարները։ Շեշտէ կարգապահութեան եւ ուրիշներու հանդէպ նկատառութեան կարիքը, մանաւանդ աթոռներու նկատմամբ։ Եզրափակէ, հակիրճօրէն վերաքաղ ընելով՝ «Նահանգային Համաժողովի Վերյիշեցումներ» բաժինը։
Երգեցողութիւն թիւ 113 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 26–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 81
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէ Յունիս ամսուան ներկայացուելիք գրականութիւնը։ Գիտութիւն գիրքը գործածելով, բացատրէ թէ՝ էջ 10-11–ի մէջ, 17-19–րդ պարբերութիւններուն գաղափարները կարելի է գործածել հակիրճ ներկայացում մը պատրաստելու համար։ Յիշեցուր որ նուիրատուութեան կարգադրութիւնը չմոռնան։ Բոլորը քաջալերէ որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու մէջ ժրաջան ըլլան։ Շեշտէ հետաքրքրուած անհատներու արագ յառաջդիմութեան նպաստելու կարիքը։—Տես՝ Դիտարան 15 Ապրիլ 1996, էջ 21-22, Անգլերէնով։
12 վյրկ. «Ինչո՞ւ կը Շարունակենք Վերադառնալ»։ Հարց պատասխանով։ Պարփակէ կարգ մը կէտեր առնուած՝ Ծանուցանողներ գրքին էջ 570–ի շրջագծէն։
18 վյրկ. Տեղական կարիքներ։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, կամ երկու երէցներու միջեւ ժողովքի հոգեւոր կարիքներուն մասին խօսակցութիւն։ Սուրբ գրային քաջալերութիւն եւ գործնական թելադրութիւններ տուր բարելաւման համար։
Երգեցողութիւն թիւ 57 եւ փակման աղօթք։