Ծառայութեան Ժողովներ Օգոստոս Ամսուան Համար
Օգոստոս 4–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 28
7 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէ տեղական ժողովքին Մայիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագրութիւնը։
13 վյրկ. «Ժողովները Բարեգործութեան կը Մղեն»։ Հարց պատասխանով։ Ցոյց տուր ժողովներէն առաջ եւ վերջ եղած խօսակցութիւններուն շինիչ օգուտները։—Տես՝ Դպրոցի Ուղեգիրք (Անգլերէն) էջ 82, պարբերութիւն 17-18։
25 վյրկ. «Աճման Համար՝ Եհովայի Ապաւինեցէք»։ Դասախօսութիւն եւ ցուցադրութիւններ։ Շեշտէ վերայցելութիւններ ընելու կարիքը, հո՛ն ուր գրքոյկներ կը տեղաւորուին։ Երկու լաւ–պատրաստուած ներկայացումներ ցուցադրէ, որոնք ցոյց կու տան ուսումնասիրութիւններ սկսելու կերպը։ Պարփակէ թելադրութիւններ, առնուած՝ Մարտ 1997 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականէն, պարբերութիւն 7-11։
Երգեցողութիւն թիւ 47 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 11–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 77
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը։
15 վյրկ. «Տարեցներ կը Քարոզեն Առանց Թուլնալու»։ Հարց պատասխանով։ Պարփակէ փորձառութիւն տարեց մեծ մօր մը մասին, որ օժանդակ ռահվիրայ մըն էր, առնուած՝ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1988–ի համարէն, էջ 21։
25 վյրկ. «Թագաւորութեան Սրահներու Շինարարութիւնը Միացեալ Նահանգներուն Մէջ» եւ «Թագաւորութեան Սրահներու Միջազգային Շինարարութիւնը»։ Հարց պատասխանով։
Երգեցողութիւն թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 18–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէ «Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի Նոր Յայտագիր» յօդուածը։
10 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
25 վյրկ. Վերայցելութիւններ Ընենք՝ «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ» գրքոյկը գործածելով։ Ցոյց տուր ի՛նչպէս հարցում մը յարուցել եւ ապա գրքոյկին դիմել պատասխանը առնելու համար։ Օրինակ, գրքոյկը հետեւեալ հարցումներուն կը պատասխանէ. Ինչո՞ւ Աստուած թոյլատրած է չարիքը։ (Պարբերութիւն 27-29) Ինչո՞ւ մարդը կը մեռնի։ (Պարբերութիւն 30-31) Ի՞նչ է մեռելներու վիճակը։ (Պարբերութիւն 32) Ո՞ւր եւ ե՛րբ յարութիւնը տեղի կ’ունենայ։ (Պարբերութիւն 39-42) Ի՞նչ է Թագաւորութիւնը։ (Պարբերութիւն 44) Ապա հակիրճօրէն նկատի առ երկու ատակ հրատարակիչներու հետ թէ ի՛նչպէս վերայցելութիւններուն ընթացքին այս գրքոյկը գործածելով շատ մը հարցումներու պատասխանած են։ Ցուցադրէ ի՛նչպէս գրքոյկը գործածել վերայցելութեան ատեն։
Երգեցողութիւն թիւ 21 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 25–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 138
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բոլորին վերյիշեցուր որ դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները յանձնեն։ Ծանուցանէ Սեպտեմբեր 1–ի դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները։
15 վյրկ. «Դպրոցէն Լաւագոյնս Օգտուեցէք»։ Հայր մը յօդուածը նկատի կ’առնէ իր զաւակներուն հետ, պարփակելով օգտակար կէտեր, առնուած՝ Զարթի՛ր 22 Դեկտեմբեր 1995–ի համարէն, էջ 7-11։
20 վյրկ. Նպատակով մը Քարոզենք։ Երէց մը եւ մէկ կամ երկու օգնական ծառաներ վերաքաղ կ’ընեն Մեր Ծառայութիւնը (Անգլերէն) գրքին 8-12–րդ էջերը։ Շեշտեցէք այն զօրաւոր պատճառները թէ ինչո՛ւ մեր ծառայութեան հանդէպ պէտք է դրական, յառաջդիմական կեցուածք մը ունենանք եւ միշտ սերտօրէն համագործակցինք կազմակերպութեան հետ։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։