Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 10/97 էջ 3
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
թծ 10/97 էջ 3

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Հոկտեմբերին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Երբ վերայցելութիւններուն հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի, կրնաք բաժանորդագրութիւն ներկայացնել։ Հոկտեմբեր 12–էն սկսեալ, Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35 թերթիկը պիտի բաշխուի։ Նոյեմբերին. Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35 թերթիկին բաշխումը պիտի շարունակուի։ Այն ժողովքները որոնք իրենց թաղամասերը կը ծածկեն, իւրաքանչիւր տանտիրոջ Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35 թերթիկէն օրինակ մը տալով, կրնան Գիտութիւն գիրքը ներկայացնել։ Դեկտեմբերին. Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց։ Յունուարին. 1985–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192 էջնոց գիրք, զոր ժողովքը ունի։ Այն ժողովքները որոնք այսպիսի գրականութիւններ չունին, կրնան ներկայացնել Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ գիրքը։

◼ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան այս թիւին յաւելուածականը՝ «1998–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագիր»ն է, եւ պէտք է պահուի գործածուելու համար 1998–ի ընթացքին։

◼ Նոյեմբեր ամիսը հինգ շաբաթավերջեր ունենալով, կրնայ շատերու յարմար ժամանակ մը ըլլալ որ օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցին։

◼ Յունուար 1–ին շատ մը ժողովքներու հանդիպումի ժամերը պիտի փոխուին։ Հետեւաբար, թերեւս կարիքը ըլլայ նոր հրաւիրագիրներ ապսպրել, որոնք ժողովի նոր ժամերը ցոյց կու տան։

◼ 1998–ի Յիշատակատօնի հրաւիրագիրներ ղրկուած են իւրաքանչիւր ժողովքին լեզուով, ուրիշ պատճեններու տարեկան առաքման հետ։ Եթէ ձեր ժողովքին թաղամասին մէջ ուրիշ լեզուներ ալ կը խօսուին եւ կը փափաքիք որ այդ լեզուներով ալ հրաւիրագիրներ ունենաք, կրնաք անմիջապէս զանոնք ապսպրել, գործածելով Գրականութեան Խնդրագրի Պատճեն (S-14)։ Յիշատակատօնի հրաւիրագիրները մատչելի են հետեւեալ լեզուներով. Անգլերէն, Արաբերէն, Թակալոկ, Իլոքօ, Իտալերէն, Լեհերէն, Խրուաթերէն, Հայերէն, Ճափոներէն, Յունարէն, Չինարէն, Ռումաներէն, Ռուսերէն, Սամոայերէն, Սպաներէն, Վիեթնամերէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն եւ Ֆրանսերէն։ Հաճեցէք ապսպրել միայն այն լեզուներով, որոնց կարիքը կայ ձեր թաղամասին մէջ։

◼ Ժողովքները պէտք է սկսին խնդրել Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր—1998 գրքոյկը իրենց Հոկտեմբեր ամսուան գրականութիւններու խնդրանքին հետ։ Գրքոյկը մատչելի պիտի ըլլայ հետեւեալ լեզուներով. Անգլերէն, Արաբերէն, Գերմաներէն, Դանիերէն, Եբրայերէն, Թակալոկ, Թրքերէն, Իլոքօ, Իտալերէն, Լեհերէն, Խրուաթերէն, Կուճարաթի, Հայերէն, Հինտի, Հոլանտերէն, Հունգարերէն, Ճափոներէն, Յունարէն, Նորվեկերէն, Շուէտերէն, Ուգրաներէն, Չինարէն, Չինարէն (Պարզուած), Պարսկերէն, Ռումաներէն, Ռուսերէն, Սամոայերէն, Սերպերէն, Սպաներէն, Վիեթնամերէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն, Ֆինլանտերէն եւ Ֆրանսերէն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել