Լիաժա՞մ Վկայ մըն Էք
1 Այս հարցումին դրական կերպով կը պատասխանէ՞ք։ Թէեւ Եհովայի նուիրուած բոլոր ծառաները չեն կրնար լիաժամ ծառայութեան մէջ ըլլալ, սակայն տրամաբանական չէ՞ ակնկալել որ բոլորս ալ մեր անձերը լիաժամ Վկաներ նկատենք։ Վստահաբար, այո՛։
2 Մասնակի ժամով Քրիստոնեայ ըլլալ կարելի չէ։ Յիսուս իր Հօր մասին ըսաւ. «Ես միշտ անոր հաճելի եղած բաները կ’ընեմ»։ (Յովհ. 8։29) Պօղոս ալ որ միեւնոյն զգացումը ունէր, մեզ յորդորեց որ «ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար» ընենք։ (Ա. Կորն. 10։31) Հետեւաբար, բոլորս ալ մենք մեզ Եհովայի լիաժամ Վկաները պէտք է նկատենք։ Մեր անձերը այս հանգամանքով դիտելը, դրականօրէն պիտի ազդէ մեր հետապնդած ամէն գործունէութիւններուն։
3 Ապացոյցը Նկատի Առէք. Մեր երեւոյթը, խօսակցութիւնը եւ վարքը կրնան մատնանշել ուրիշներուն թէ մենք իրապէս Եհովայի Վկաներ ենք։ Կը գիտակցինք, որ համեստ երեւոյթ, առողջ խօսելակերպ եւ պատշաճ վարմունք պէտք է ունենանք, երբ դաշտի ծառայութեան կը մասնակցինք կամ քրիստոնէական ժողովներուն կը յաճախենք։ Սակայն, եթէ դպրոց կ’երթանք, աշխարհային գործով կը զբաղինք կամ զբօսանքի կը մասնակցինք, մեր մասին ամէն բան պէտք է ապացուցանէ թէ Եհովայի արդար չափանիշներով կ’ապրինք։
4 Յիսուս ըսաւ. «Քաղաք մը որ լերան վրայ կեցած է, չի կրնար պահուիլ։ . . . Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։ (Մատթ. 5։14-16) Այս պէտք է ըլլայ պարագան, մեր ըրածը ինչ որ ալ ըլլայ եւ ամէն ժամանակ։ Եթէ երբեք զգանք թէ կը վարանինք վկայութիւն մը տալու, մեր եղած վայրին կամ մեր ըրածին պատճառաւ, մենք մեզի հարց պէտք է տանք. ‘Եհովայի մասնակի՞ թէ լման ժամանակով կը ծառայեմ’։ Թող որ բնաւ պատեհութիւն մը չփախցնենք, ուրիշներուն խօսելու Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրին մասին։
5 Մի՛ մոռնաք, Եհովան կը պատուենք ու կը հաճեցնենք, երբ կարենանք «Լիաժա՞մ Վկայ մըն էք» հարցումին թնթացնող «Այո՛» մը պատասխանել։