Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/98 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
թծ 6/98 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Յունիսին. «Քու Թագաւորութիւնդ Գայ»։ Յուլիսին եւ Օգոստոսին. Հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն որեւէ մէկը կրնայ գործածուիլ. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի եւ Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար։ Սեպտեմբերին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։

◼ Ուրախ ենք ծանուցանելու թէ Հայերէն միամսեայ Դիտարան–ը պիտի հրատարակուի Անգլերէնին հետ միաժամանակ, սկսելով 1 Յուլիս 1998–ի համարով։ Մարտ 15, Ապրիլ 1 եւ 15, Մայիս 1 եւ 15, եւ Յունիս 1 Անգլերէն Դիտարան–ներու ուսումնասիրութեան յօդուածները որպէս երկու գրքոյկներ լոյս պիտի տեսնեն, հետագային Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան մէջ ուսումնասիրուելու համար։

◼ 1 Մայիս 1998 Հայերէն Դիտարան–ին պարունակած ուսումնասիրութեան յօդուածները, հետագային Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան մէջ պիտի ուսումնասիրուին։

◼ Յունիս 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք։

◼ Քանի որ Գաղաադու շրջանաւարտութիւնը տեղի պիտի ունենայ 12 Սեպտեմբեր 1998–ին, այդ օրը շրջապտոյտներ պիտի չըլլան Ընկերութեան՝ Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Պրուքլինի, Փէթըրսընի եւ Ուոլգիլի համալիրներուն մէջ։ Այդ Շաբաթ օրը այցելել ծրագրողները, իրենց այցելութիւնը ուրիշ յարմար ժամանակի մը պէտք է ձգեն։

◼ Ինչպէս որ ծանուցանուեցաւ Ապրիլ 1998–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ, Դիտարանի Գրադարան—1997–ի Հրատարակութիւն–ը CD-ROM–ի վրայ, ներկայիս կը պատրաստուի ինը լեզուներով։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ ասիկա հանրութեան բաշխելու, դպրոցական գրադարաններու մէջ դրուելու, կամ պարզապէս Եհովայի Վկաներով հետաքրքրուած անհատներուն տրուելու համար եղած չէ։ Դիտարանի Գրադարան–ը ժողովքի անդամներուն համար հայթայթուած է եւ մատչելի է միայն ժողովքին միջոցաւ։

◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.

Աստուածաշունչի Խօսակցութեան Բնաբաններ —Մակեդոներէն

Արիւնը Ինչպէ՞ս Կրնայ Փրկել Ձեր Կեանքը —Ամհարիգերէն

Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար —Ամհարիգերէն, Եբրայերէն, Պարսկերէն

Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ—1997 —Անգլերէն

Կեանքը Միայն Ա՞յս Է —Վիեթնամերէն

◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.

Եհովայի Վկաները Հաստատ կը Մնան Նացի Յարձակման Դիմաց —Չինարէն (Մանտարին), Չինարէն (Քէնթըներէն)

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել