Աստուածպետական Լուրեր
◼ Աշխարհի չորս կողմը գտնուող կարգ մը կղզիներու մասնաճիւղերը, հրատարակիչներու աչքառու նոր բարձրակէտեր տեղեկագրեցին Յունուար ամսուան համար։ Անոնցմէ ոմանք են՝ Թայուան, Թրինիտատ, Հայիթի, Մարթինիք, Մորիշըս, Տոմինիքեան Հանրապետութիւնը եւ Ֆիլիպեան Կղզիներ։
◼ Սէշէլի մէջ անցեալ տարուան միջինին վրայ 18 տոկոս յաւելում արձանագրուեցաւ, իսկ Սէն Մարթընի մէջ յաւելումը 16 առ հարիւր էր։
◼ Հոնկ Քոնկի հրատարակիչներուն ծառայութեան միջինն էր՝ 12.7 ժամ։
◼ Փետրուարին՝ Թայուանի մէջ արագ կառուցուած առաջին Թագաւորութեան Սրահը ամբողջացաւ։