Ծառայութեան Ժողովներ Յուլիս Ամսուան Համար
Յուլիս 6–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 28
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Ձեր ժողովքի Ապրիլ ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագրութեան մասին խօսեցէք։ Աստուածպետական Լուրեր։
15 վյրկ. «Որքան Աղէկ Է Որ Մի՛շտ Ներկայ Գտնուինք»։ Հարց պատասխանով։ Պարփակեցէք կէտեր առնուած՝ Զարթի՛ր–էն (Անգլերէն), 8 Յունիս 1988, էջ 19-21, պատանիները քաջալերելու համար որ ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուին։
20 վյրկ. «Մեր Դրացիները Բարի Լուրը Լսելու Կարիքը Ունին»։ Կարգադրեցէք որ երկու կամ երեք ատակ հրատարակիչներ գրքոյկները ներկայացնելու թելադրութիւնները վերաքաղ ընեն։ Բացատրեցէք թէ անոնք ձեր թաղամասին մէջ ինչո՛ւ կրնան ազդու ըլլալ։ Շեշտեցէք Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկով եւ Գիտութիւն գրքով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակակէտը։ Ցուցադրեցէք առաջին հանդիպում մը, որու կը յաջորդէ վերայցելութիւն մը, ապա ուսումնասիրութեան առաջարկ մը։ Մի՛ մոռնաք նուիրատուութեան կարգադրութիւնը յիշելու։
Երգեցողութիւն թիւ 32 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 13–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 123
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Բոլորը քաջալերեցէք որ լրջօրէն նկատի առնեն հինգ շաբաթավերջեր ունեցող Օգոստոս ամսուան ընթացքին որպէս օժանդակ ռահվիրաներ ծառայելու կարելիութիւնը։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. Աշխարհի Հոգին Ձեզ կը Թունաւորէ՞։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ, հիմնուած՝ Դիտարան–ի յօդուածին վրայ (Անգլերէն), 1 Հոկտեմբեր 1997, էջ 25-29։
Երգեցողութիւն թիւ 10 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 20–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 57
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէք «Մէկ Միլիոն» խորագրով շրջագիծը։
12 վյրկ. «Այցելութիւն մը Որ Կրնայ Օրհնութիւն մը Ըլլալ»։ Երկու երէցներու միջեւ զրոյց։ Բացատրեցէք հովուական այցելութեան նպատակը, ինչպէս որ նկատի առնուած է Դիտարան–ի յօդուածին մէջ (Անգլերէն), 15 Սեպտեմբեր 1993, էջ 20-23։ Ջերմօրէն քաջալերեցէք ժողովքը որ խոր ակնկալութեամբ սպասէ երէցներու այցելութիւնը։
25 վյրկ. «Ռահվիրայական Ծառայութիւնը Ձեզի՞ Համար Է»։ (Պարբերութիւններ՝ 1-14) Ծառայութեան տեսուչը բացման հակիրճ խօսքեր կ’ըսէ, բոլորը քաջալերելով որ լրջօրէն մտածեն կանոնաւոր ռահվիրայութեան մասին։ Ապա նկատի կ’առնէ առաջին հարցումը, պարփակելով «Ռահվիրայութեան Խանդավառ Հոգին» ենթագլուխէն կարգ մը կէտեր, առնուած՝ 1998–ի Տարեգիրք–էն, էջ 104-105։ Ռահվիրայութեան փորձառութիւնը ունեցող ժողովքի անդամներէն երկու կամ երեք հոգի բեմին վրայ անոր կը միանան, նկատի առնելու համար երկրորդ հարցումը։ Անոնք կը բաժնեն գործնական, իրապաշտ տեսակէտ մը թէ ռահվիրաները նիւթապէս ի՛նչպէս կարող են գլուխ ելլել։ Ապա երկու ծնող խումբին կը միանան նկատի առնելու համար երրորդ հարցումը։ Անոնք դրական պատճառներ կու տան թէ պատանիները ինչո՛ւ լրջօրէն նկատի պէտք է առնեն լիաժամ ծառայութեան ասպարէզը որդեգրել։ Բոլորը քաջալերեցէք որ յաջորդ շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին ներկայ ըլլան, մնացեալ հարցումները նկատի առնելու համար։
Երգեցողութիւն թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 27–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 129
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բոլորին յիշեցուր որ Յուլիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Յայտարարեցէք Օգոստոսի առաջին շաբաթավերջին համար եղած դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները, եւ քաջալերեցէք որ բոլորն ալ մասնակցին։ Վերաքաղ ըրէք «Շրջանային Համաժողովի Նոր Յայտագիր» շրջագիծը։
30 վյրկ. ««Ռահվիրայական Ծառայութիւնը Ձեզի՞ Համար Է»։ (Պարբերութիւններ՝ 15-25) Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Նախապէս կարգադրեցէք որ ռահվիրաներ եւ անցեալին ռահվիրայութիւն ընողներ սրտանց պատասխաններ տան 4 եւ 5–րդ հարցումներուն։ Անոնք թող շեշտեն լաւ յայտագիր մը ունենալու եւ անոր կառչելու կարիքը, տալով քանի մը օրինակ շաբաթական գործնական յայտագիրներու։ Երէցը կ’եզրափակէ մղիչ դասախօսութեամբ մը որ կը պատասխանէ 6–րդ հարցումին։ Սեպտեմբեր 1–ով սկսող ծառայութեան տարուան սկիզբը լաւագոյն ժամանակն է, որ նոր ռահվիրաներ լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեն։ Դիմումնագիրներ կարելի է ձեռք ձգել Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբի անդամներէն։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։