Ծառայութեան Ժողովներ Հոկտեմբեր Ամսուան Համար
Հոկտեմբեր 5–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 28
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
15 վյրկ. «‘Աստուծոյ Ընդունելի Ապրելակերպը’ Բնաբանով Նահանգային Համաժողովներէն Օգտուեցանք»։ Հարց պատասխանով։ Նոր գիրքը եւ գրքոյկը ցոյց տուէք, եւ զանոնք լաւ կերպով գործածելու կերպեր նշեցէք։
20 վյրկ. «Կանոնաւորաբար Պարբերաթերթ Առնողներուն Մէջ ‘Թագաւորութեան Սերմը Ցանենք’»։ Ներկաներուն հետ խօսակցութիւն։ Թող ոմանք բացատրեն կանոնաւորաբար պարբերաթերթերով այցելելը ի՛նչպէս սկսան ու շարունակեցին։ Ապա պարբերաթերթի ներկայացում մը ցուցադրեցէք, որու ընթացքին յաջորդ համարները բերելու կարգադրութիւններ ըրէք։ Թելադրեցէք նուիրատուութեան կարգադրութիւնը ի՛նչպէս փափկանկատօրէն յիշել։
Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 12–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 127
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
10 վյրկ. «Առաջնորդութիւնը Առնող Տեսուչներ—Քարտուղարը»։ Ժողովքի քարտուղարին կողմէ դասախօսութիւն, վերաքաղ ընելով իրեն նշանակուած պարտականութիւնները։ Ան կը շեշտէ որ բոլորն ալ կրնան համագործակցիլ՝ դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները չուշացնելով։
10 վյրկ. Անոնք Ռահվիրայական Խանդավառ Հոգի մը Ունին։ Քաջալերական դասախօսութիւն մը, հիմնուած՝ 1998–ի Տարեգիրք–ի վրայ, էջ 104-107։ Բացատրեցէք թէ ինչո՛ւ Ճափոնի մէջ շատ ռահվիրաներ կան, ի՛նչ բան թոյլ կու տայ տանտիկիններու որ նախապատուութիւնը հոգեւոր շահերուն տան, ի՛նչ մղումով ռահվիրայութեան դիմումնագիր կը ներկայացուի, եւ որո՛նք կը կազմեն ռահվիրաներուն մեծամասնութիւնը։ Ցցուն ըրէք ռահվիրայ ծնողներուն բանեցուցած ընտիր ազդեցութիւնը։ Ուշադրութեան յանձնեցէք պահանջուած համոզումը, որպէսզի անհատ մը իր կեանքին մէջ պէտք եղած փոփոխութիւնները մտցնէ, ռահվիրայութեան մասնակցելու համար։ Քաջալերեցէք բոլորը որ լրջօրէն մտածեն ռահվիրայութիւն ընելու իրենց կարելիութեան մասին։
20 վյրկ. «Պարբերաթերթերը կը Կարդա՞ք»։ Հարց պատասխանով։ Անձնական ընթերցանութեան ժամանակ տրամադրելու մասին գործնական թելադրութիւններ տուէք, օգտագործելով Դպրոցի Ուղեգիրք–ին 4–րդ դասը, պարբերութիւն՝ 5-6։
Երգեցողութիւն թիւ 46 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 19–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 21
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ընթացիկ պարբերաթերթերէն խօսակցական կէտեր նկատի առէք։ Փորձառութիւններ յիշեցէք առնուած՝ 1997–ի Տարեգիրք, էջ 45–էն, եւ Զարթի՛ր 22 Հոկտեմբեր 1996, էջ 32–էն։ Բոլորը քաջալերեցէք որ այս շաբաթավերջին պարբերաթերթեր ցրուելու մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերեն։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան Ի՛նչպէս Պատրաստուիլ։ Ներկաներու հետ խօսակցութիւն, Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան վարիչին կողմէ. օգտագործել՝ Դիտարան 15 Մայիս 1986 (Անգլ.), էջ 19-20, պարբերութիւն 16-18, եւ Դպրոցի Ուղեգիրք 7–րդ դասը, պարբերութիւն 11, ինչպէս նաեւ 18–րդ դասը, պարբերութիւն 4-6։ Հրաւիրեցէք որ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեն. (1) Ինչո՞ւ կենսական է որ Դիտարան–ի իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան նիւթէն առաւելագոյնը օգտուինք։ (2) Երբ նոր համար մը ստանանք, ի՞նչ պէտք է ընենք։ (3) Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան պատրաստուելու լաւ կերպ մը ի՞նչ է։ (4) Յիշուած համարներուն եւ ուսումնասիրութեան բնաբանին ի՞նչ ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք։ (5) Մեր սորվածը ի՞նչպէս կրնանք վերաքաղ ընել։ (6) Երբ ուսումնասիրութիւնը անձնապէս լրացնենք, ո՞ր գլխաւոր կէտերուն մասին պէտք է խոկանք։ (7) Պատասխան մը ի՞նչպէս պէտք է պատրաստենք։ (8) Մէկ հարցումի շուրջ ի՞նչպէս կարելի է այլազան պատասխաններ տալ։ Ոմանք թող պատմեն թէ անձնապէս ի՛նչ ըրած են, Դիտարան–ի Ուսումնասիրութենէն լաւագոյնս օգտուելու համար։—Տես նաեւ՝ Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած, էջ 65-67։
Երգեցողութիւն թիւ 95 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 26–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 59
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ձեր ժողովքին մէջ գտնուող հին գրականութիւններուն ցանկը յիշեցէք, զորս կրնաք ծառայութեան մէջ ներկայացնել երբ պատեհութիւններ ներկայանան։ Քանի որ Նոյեմբեր ու Դեկտեմբեր ամիսներուն արձակուրդի օրեր պիտի ըլլան, ասիկա մկրտուած պատանիներուն եւ ուրիշներուն համար լաւ ժամանակ մը պիտի ըլլայ օժանդակ ռահվիրայութեան ձեռնարկելու։
20 վյրկ. Բարեպաշտ Հնազանդութիւն Կրօնապէս Բաժնուած Ընտանիքի մը Մէջ։ Դասախօսութիւն, օգտագործելով՝ Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 1995, էջ 6-9։ Անհաւատ կողակիցներ ունեցողներուն օգնելու համար ազնիւ քաջալերութիւն ու յորդոր տուէք, որպէսզի դրական տեսակէտ մը պահպանեն եւ ժողովքին հետ գործնականօրէն ընկերակցին։
15 վյրկ. Ժողովներուն՝ Ժամանակին Հասնիլ։ Երկու կամ երեք Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչներ կամ օգնական ծառաներ կը խօսակցին ժողովներու ուշ հասնելու խնդրին մասին։ Անոնք կը գիտակցին որ կարգ մը անսովոր պարագաներ, ինչպէս՝ ստիպողական վիճակներ, աննպաստ օդ, խճողում, եւայլն, կրնան պատճառ ըլլալ որ անհատ մը ուշանայ։ Սակայն, ոմանք ուշանալը սովորութիւն դարձուցած են։ Դրական կերպով մը, խումբը կը խօսակցի ու կը բացատրէ թէ ճշդապահ ըլլալու համար ի՛նչ բանի կարիքը կայ. (1) Սրտանց գնահատել ժողովներու ներկայ գտնուելու առանձնաշնորհումը, հոն հայթայթուած հոգեւոր սնունդն ու ընկերակցութիւնը, (2) անձնական գործերը նախապէս ծրագրել ու կարգի դնել, (3) ընտանիքի անդամները սիրայօժար համագործակցին, (4) կանուխ ճամբայ ելլել եւ անակնկալ խնդիրներու համար ժամանակ ունենալ, եւ (5) անկեղծօրէն փափաքիլ ժողովի ներկայ եղողները չխանգարել։ Խումբը կը համաձայնի որ ուշ հասնելու այս խնդիրը կրնայ լուծուիլ, եթէ յարատեւ ջանք թափուի բարելաւման համար։
Երգեցողութիւն թիւ 47 եւ փակման աղօթք։