Ծառայութեան Ժողովներ Նոյեմբեր Ամսուան Համար
Նոյեմբեր 2–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 38
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Նաեւ՝ «Մէկ Միլիոնը Անցա՛նք»։ Օգոստոսի համար երկրի ու ժողովքի ծառայութեան տեղեկագրութեան ակնարկել։ Հրատարակիչները ոգեւորեցէք որ որոշեն կանոնաւոր ըլլալ դաշտի ծառայութեան մէջ եւ ամէն ամսու վերջաւորութեան իրենց տեղեկագիրները շուտով տան։
15 վյրկ. «Բոլորն Ալ ‘Խօսքը Սրտանց Պէ՛տք Է Ընդունին’»։ Հարց–պատասխանով։ Յաւելեալ թելադրութիւններ ներմուծեցէք Յունիս 1996–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականին 21–րդ պարբերութենէն։
20 վյրկ. «Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւն մը կ’Ուզեմ»։ Ծառայութեան տեսուչին կողմէ վարուած՝ ներկաներուն հետ զրոյց։ Բացատրեցէք որ վերայցելութիւններ ընելու այս միակամ ջանքը ի՛նչպէս պիտի կազմակերպուի տեղւոյն ժողովքին մէջ։ Կարելի եղած չափով, փորձառու հրատարակիչներ կրնան աշխատիլ նորեկներուն հետ։ Ինքնաշարժի խումբերը պէտք է պզտիկ ըլլան, որպէսզի աւելի շատ այցելութիւններ կատարուին։ Ապրիլ 1998–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկի յաւելուածականին 12-15–րդ պարբերութիւններէն յիշեցէք թելադրութիւններ։ Կարող հրատարակիչ մը թող ցուցադրէ վերայցելութեան ընթացքին ուսումնասիրութիւն առաջարկելու կերպը։ Բոլորը քաջալերեցէք որ նոր ուսումնասիրութիւն մը սկսելու ջանք թափեն։
Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 9–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 32
13 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Հարցումի Տուփ։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
17 վյրկ. «Իրար Կերտենք՝ Ժողովներուն Պատասխաններ Տալով»։ Հարց–պատասխանով։ Բացատրեցէք թէ պատասխան տալը ի՛նչպէս մեր հոգեւոր յառաջդիմութեան կը նպաստէ։ (Տես՝ Դպրոցի Ուղեգիրք, դաս 38, պարբերութիւն 4։) Հրաւիրեցէք կարգ մը անհատներ, որոնք թող պատմեն թէ ի՛նչպէս պատասխան տալու համար իրենց երկչոտութիւնը յաղթահարեցին եւ ժողովներու մասնակցելով ինչպէս օրհնուած կը զգան։
Երգեցողութիւն թիւ 28 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 16–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 162
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Նոյեմբեր 26–ի համար դաշտի ծառայութեան մասնաւոր կարգադրութիւնները ուրուագծեցէք։
20 վյրկ. «Առաջնորդութիւն Առնող Տեսուչներ—Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Տեսուչը»։ Դպրոցի տեսուչին կողմէ դասախօսութիւն։ Վերաքաղ ըրէք Դպրոցի Ուղեգիրք–ին 10-11 էջերուն, 6-12–րդ պարբերութիւնները։
17 վյրկ. «Ձեր Ծառայութեան Մէջ Ազդու Եղէք»։ Յաւելուածականին 1-7–րդ պարբերութիւնները՝ հարց–պատասխանով։ Շեշտեցէք մասնաւորաբար այն կէտերը որոնք ձեր թաղամասին կը կիրարկուին։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 23–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 63
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
17 վյրկ. «Ձեր Ծառայութեան Մէջ Ազդու Եղէք»։ Յաւելուածականին 8-21–րդ պարբերութիւնները՝ հարց–պատասխանով։ Շեշտեցէք մասնաւորաբար այն կէտերը որոնք ձեր թաղամասին կը կիրարկուին։
20 վյրկ. Թելադրութիւններ՝ Աստուածաշունչի Ձեր Ընթերցանութիւնը Բարելաւելու Համար։ Դասախօսութիւն, հիմնուած Դիտարան 1 Օգոստոս 1995, էջ 16–ի վրայ։ Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութենէն քաղուած հոգեւոր օգուտները ընդգծեցէք։ Մատուցուած թելադրութիւնները վերաքաղ ըրէք եւ անոնց կիրարկման մասին խօսեցէք։ Թող որ երկու կամ երեք հրատարակիչներ պատմեն թէ Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար կարդալով ի՛նչպէս օգտուած են։
Երգեցողութիւն թիւ 46 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 30–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 21
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Յիշեցուցէք որ բոլորը իրենց ծառայութեան տեղեկագիրները տան։ Նոյեմբերի ընթացքին ուսումնասիրութիւն մը չսկսողները քաջալերեցէք որ շարունակեն ջանք թափել Դեկտեմբերի ընթացքին, երբ Գիտութիւն գիրքը պիտի մատուցուի։ Կարող հրատարակիչ մը թող ցուցադրէ վերայցելութիւն մը, գործածելով Գիտութիւն գրքին 19–րդ էջի շրջագիծը. հրատարակիչը կը բացատրէ թէ ի՛նչպէս կարելի է այս գիրքը գործածել Աստուածաշունչի ուսուցումներուն մասին հասկացողութիւն ձեռք ձգելու համար եւ ուսումնասիրութիւն մը կը սկսի։
15 վյրկ. Եհովայի Վկաներու 1999–ի Օրացոյցը Լաւ Կերպով Գործածեցէք։ Դասախօսութիւն։ Օրացոյցին տարբեր երեսակները աչքէ անցուցէք. (1) Աստուածաշունչի հանրածանօթ դէպքերը եւ ուսուցումները նկարագրող ուշագրաւ պատկերներ, (2) Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին համար Աստուածաշունչի ընթերցանութեան շաբաթական յայտագիր, (3) Յիշատակատօնին նախորդող շաբթուան ընթացքին Աստուածաշունչի տարեկան ընթերցանութիւն, (4) մօտալուտ գրաւոր վերաքաղի համար նշումներ, եւ (5) կանոնաւորաբար պարբերաթերթի ծառայութեան մասնակցելու համար վերյիշեցումներ։ Բացատրեցէք թէ ի՛նչպէս կրնան ձեռնտու եղող բաց տեղերը գործածել ծառայութեան յայտագրի ուրուագիծ մը ընելու, ծառայութեան տեղեկագրութիւնները եւ ուրիշներուն հետ աշխատելու ժամադրութիւնները հակիրճ կերպով նոթագրելու, ժողովներուն ներկայացուելիք բաժինները նշելու, շրջանային տեսուչին այցելութիւնը եւ գալիք համաժողովները յիշեցնող նոթեր առնելու համար։ Օրացոյցը տան մէջ կամ գործատեղին աչքի զարնող տեղ մը դնելը սուրբ գրային խօսակցութիւններ բանալու պատեհութիւններ կրնայ տալ։ 1988–ի Տարեգիրք–ին էջ 8–ի վրայ գտնուող փորձառութիւնը պատմեցէք։
15 վյրկ. Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք Նոր Գրքոյկէն Օգտուինք։ Անոր բովանդակութիւնը աչքէ անցուցէք։ Անիկա հոգիի անմահութեան վարդապետութեան արմատին պատմականը կ’ընէ եւ երեւան կը հանէ թէ անիկա ի՛նչպէս աշխարհի գրեթէ բոլոր կրօնքներուն հիմնական համոզումը դարձած է։ Անիկա հետաքրքրական կերպով կը բացատրէ ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ հոգիի, մահուան պատճառին, մեռելներու վիճակին, մահուընէ ետք ինչ յոյս ըլլալու եւ այս նիւթերու շուրջ ինչո՛ւ ճշմարտութիւնը գիտնալու կարիքը ունենալու մասին։ Ամէն մէկս պէտք է կարդանք այս գրքոյկը։ Մատնանշեցէք անոր մէջի 40 պատկերները, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հատուածին սկիզբը գտնուող մէջբերումները, զորս կրնանք գործածել մարդոց հետաքրքրութիւնը շարժելու համար։ Ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս կրնանք վերջին հատուածը ներկայացնել, երբ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը կ’առաջարկենք։ Հրաւիրեցէք հրատարակիչները որ ըսեն թէ այս նոր գրքոյկը ծառայութեան մէջ գործածելու համար ի՛նչ ծրագիրներ ըրած են։
Երգեցողութիւն թիւ 102 եւ փակման աղօթք։