Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Փետրուարին. Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը։ Մարտին. Գիտութիւնը Որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Ապրիլին ու Մայիսին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Հետաքրքրուած անհատներուն համար Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ձեր քով ունեցէք, եւ ջանացէք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։
◼ Քարտուղարը եւ ծառայութեան տեսուչը վերաքաղ պէտք է ընեն բոլոր կանոնաւոր ռահվիրաներու գործունէութիւնը։ Եթէ ոեւէ մէկը ժամերու պահանջին գոհացում տալու դժուարութիւն կ’ունենայ, երէցները պէտք է կարգադրեն որ աջակցութիւն տրուի անոր։ Թելադրութիւններու համար, վերաքաղ ըրէք Ընկերութեան 1 Հոկտեմբեր թուակիր տարեկան նամակները (S-201)։ Նաեւ նկատի առէք Օգոստոս 1986–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան յաւելուածականին 12-20–րդ պարբերութիւնները։
◼ Շաբաթ՝ 15 Մայիս 1999–ին, Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Պրուքլինի, Փէթըրսընի եւ Ուոլգիլի Ընկերութեան համալիրները փակ պիտի ըլլան գարնանային մաքրութեան պատճառով։ Այդ օրը շրջապտոյտի համար կարգադրութիւններ պիտի չըլլան, նաեւ, ժողովքները չեն կրնար գրականութիւններ առնել։
◼ Հրատարակիչներու այն խումբերը որոնք յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին կարգադրութիւններ ըրած են չնշանակուած թաղամասի մը մէջ աշխատելու, Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը կամ Գիտութիւն գիրքը պէտք է ծրագրեն ներկայացնել իրենց դաշտի ծառայութեան մէջ։
◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար —Սլովաքերէն
Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ–1996 —Ֆրանսերէն
Երբ Սիրելի մը Կորսնցնենք —Արեւելահայերէն
Ի՛նչպէս Դրախտին Ճամբան Գտնել (Իսլամներու համար) —Ռուսերէն
Մեռելներու Հոգիները—Կրնա՞ն Օգնել Կամ՝ Վնասել. Անոնք Իրապէս Գոյութիւն Ունի՞ն —Արեւելահայերէն
◼ Յունուար–Մարտ 1999–ի համարէն սկսեալ, Զարթի՛ր–ը լոյս պիտի տեսնէ Սալոմոն Կղզիներու Փիճն լեզուով, որպէս եռամսեայ հրատարակութիւն։
◼ 1 Յունուար 1999–ի համարէն սկսեալ, Դիտարան–ը մատչելի պիտի ըլլայ Ումպունտույերէն լեզուով, որպէս միամսեայ հրատարակութիւն։
◼ 8 Յունուար 1999–ի համարէն սկսեալ, Զարթի՛ր–ը մատչելի պիտի ըլլայ Լաթվիերէնով որպէս կիսամսեայ հրատարակութիւն։
◼ 15 Յունուար 1999–ի համարէն սկսեալ, Դիտարան–ը մատչելի պիտի ըլլայ Ուրտույերէնով որպէս կիսամսեայ հրատարակութիւն։
◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ.
Եհովայի Առջեւ Ուղիղ Եղածը Ընենք (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով) —Փորթուկալերէն