Աստուածպետական Լուրեր
◼ Եհովայի Վկաները Պուլկարիոյ մէջ պաշտօնական կերպով արձանագրուեցան 7 Հոկտեմբեր 1998–ին։ Հոն եղող 946 հրատարակիչներուն հետ մենք ալ Եհովայի շնորհակալութիւն կը յայտնենք այս իրադարձութեան համար։
◼ 12 Հոկտեմբեր 1998–ին, Լաթվիոյ կառավարութիւնը այդ երկրին մէջ գտնուող 21 ժողովքներէն առաջին երկուքին պաշտօնապէս արձանագրեց։
◼ Հակառակ հակառակութեանց, Ֆրանսայի մէջ ապրող եղբայրները Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ կը յարատեւեն։ Նոյեմբերին եւ Դեկտեմբերին, երկրին ուշադրութիւնը գրաւելու նպատակաւ եղած արշաւ մը, կեդրոնացաւ Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար գրքոյկին մասնայատուկ բաշխումին վրայ։ Շուրջ 50 Պէթէլականներ Ֆրանսայէն Բրիտանիա անցած են, մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցող տպագրութեան ու առաքումին օգնելու համար, մինչ Ֆրանսայի Պէթէլի ընտանիքին մնացեալ 250 անդամները եւ դաշտին մէջ գտնուող եղբայրները կը շարունակեն ուրախութեամբ ծառայել բնական պայմաններու ներքեւ։