Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Մարտին. Գիտութիւնը Որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Հետաքրքրուած անհատներուն համար Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ձեր հետ ունեցէք եւ ջանացէք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Յունիսին. Գիտութիւնը Որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։
◼ Այն հրատարակիչները որոնք Ապրիլ ու Մայիս ամիսներուն ընթացքին կը փափաքին որպէս օժանդակ ռահվիրաներ ծառայել, հիմա իսկ պէտք է ծրագրեն ու իրենց դիմումնագիրը ներկայացնեն։ Ասիկա պիտի օգնէ երէցներուն որ անհրաժեշտ եղած դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները ընեն ու բաւարար քանակով պարբերաթերթեր եւ տարբեր գրականութիւններ ունենան ձեռքի տակ։ Ժողովքին ծանուցանեցէք բոլորին անունները, որոնք ընդունուած են որպէս օժանդակ ռահվիրայ։
◼ Մարտ 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։
◼ Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի 1 Ապրիլ 1999–ին։ Եթէ ձեր ժողովքը սովորաբար Հինգշաբթի օր ժողով կ’ունենայ, կրնաք զայն շաբթուան ուրիշ մէկ օրով փոխարինել, եթէ Թագաւորութեան Սրահը մատչելի է։ Եթէ ասիկա կարելի չէ ու ձեր Ծառայութեան Ժողովը պիտի ազդուի, ձեր ժողովքին կիրարկելի բաժինները կարելի է ուրիշ Ծառայութեան Ժողովի մը ընթացքին ներկայացնել։
◼ Ժողովքի մը հետ ընկերակցող անհատները Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի նոր կամ նորոգուած բոլոր բաժանորդագրութիւնները, մէջը ըլլալով իրենց անհատական բաժանորդագրութիւնները, ժողովքին միջոցով պէտք է ղրկեն։
◼ Ընկերութիւնը հրատարակիչներու կողմէ անհատական գետնի վրայ եղած գրականութեան ապսպրանքներ չ’ընդունիր։ Վերակացու տեսուչը պէտք է կարգադրէ որ ամէն ամիս ծանուցում մը ըլլայ, ժողովքի գրականութեան ամսական խնդրագիրը Ընկերութեան ղրկուելէն առաջ, որպէսզի բոլոր անոնք որոնք հետաքրքրուած են գրականութիւններ ստանալով, իրենց ապսպրանքը ներկայացնեն գրականութեան պատասխանատու եղբօր։
◼ 20 կամ աւելի անհատներէ բաղկացած խումբերը, որոնք կը ծրագրեն Ընկերութեան շէնքերը այցելել, կարեւոր է որ նախ թղթակցին Central Tour Desk–ին հետ, 100 Watchtower Drive, Patterson, NY 12563-9204։ Վերոյիշեալ գրասենեակը հոգ պիտի տանի այն խումբերուն որոնք պիտի այցելեն Պրուքլին, Ուոլգիլ, Փէթըրսըն, Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Ընկերութեան շէնքերը, կամ Ճրզի Սիթիի Համաժողովի Սրահը, Նիւ Ճրզիի մէջ։ Իւրաքանչիւր վայրի այցելութեան համար հաճեցէք տեղեկութիւններ հայթայթել թէ քանի՛ հոգի պիտի գան եւ՝ ո՛ր թուականներուն ու ժամերուն։ Ընկերութիւնը մատչելի շրջագայութեանց մասին նկարագրութիւն մը պիտի հայթայթէ, ինչպէս նաեւ՝ քարտէս մը որ ցոյց կու տայ իւրաքանչիւր վայրին ուղղութիւնները։ Ձեր այցելութենէն առաջ, հաճեցէք վերաքաղ ընել 1 Հոկտեմբեր 1998 թուակիր նամակը, որ ղրկուած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ եղող բոլոր ժողովքներուն։ ԻՋԵՒԱՆԵԼՈՒ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ ԺՈՂՈՎՔԻ ԵՐԷՑՆԵՐՈՒՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՂՐԿՈՒԱԾ ԵՆ ԵՒ ԿԱՐԵԼԻ Է ԺՈՂՈՎՔԻ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԷՆ ԶԱՆՈՆՔ ՍՏԱՆԱԼ։
◼ Օրինական նիւթերու թղթածրար մը մատչելի է օգնելու համար այն հրատարակիչներուն, որոնք զաւակներու խնամակալութեան ու անոնց այցելելու իրաւունքի հարցերու վերաբերեալ դատերու մէջ պարփակուած են, որոնց մէջ մեր կրօնքը յարձակման ենթարկուած է։ Միայն երէցներու մարմինը պէտք է խնդրէ այս թղթածրարը եւ ա՛յն պարագային՝ երբ բացայայտ է որ հրատարակիչին կրօնական հաւատալիքները խնդրոյ առարկայ պիտի ըլլան։ Զարթի՛ր 8 Դեկտեմբեր 1997 թիւին, էջ 3-12–ին վրայ, Զարթի՛ր 22 Հոկտեմբեր 1988 թիւին, էջ 2-14–ին վրայ ու Զարթի՛ր 22 Ապրիլ 1991 թիւին, էջ 9–ի շրջագծին մէջ, օգտակար տեղեկութիւններ կան անոնց համար, որոնք ոչ–կրօնական հարցեր կը դիմագրաւեն զաւակներու խնամակալութեան, կամ անոնց այցելելու իրաւունքի առնչութեամբ եղած դատերուն մէջ։