Ծառայութեան Ժողովներ Մարտ Ամսուան Համար
Մարտ 1–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 33
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
17 վյրկ. «Համայն Աշխարհի Մէջ Յիսուսի Մահուան Յիշատակատօնը»։ Հարց պատասխանով։ Պարփակեցէք մեկնաբանութիւններ առնուած՝ Դիտարան 1 Մայիս 1997, էջ 10-11, պարբերութիւն 10-14։ Շեշտեցէք թէ Եհովայի մեծ սէրը ի՛նչպէս զինք մղեց, մեզի համար փրկանքը հայթայթելու։
20 վյրկ. Ապրիլին ու Մայիսին Օժանդակ Ռահվիրայութեան Ձեռնարկելու Դրդիչ Պատճառներ։ Ծառայութեան տեսուչին կողմէ դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, բոլորը մղելով որ օժանդակ ռահվիրայութեան ձեռնարկելը լրջօրէն նկատի առնեն։ Վերաքաղ ըրէք Յունուար 1999–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին էջ 7–ին վրայ ներկայացուած, կանոնաւոր եւ օժանդակ ռահվիրայութեան ժամերու պահանջին նկատմամբ եղած բարեճշդումները։ Այս բարեճշդումը շատ աւելի անհատներու կարող պիտի դարձնէ որ լիաժամ ծառայութեան առանձնաշնորհումը վայելեն։ Բացատրեցէք թէ Քրիստոսի զոհագործութիւնը ի՛նչպէս կը ստիպէ մեզ որ ուրիշներու քարոզելու մէջ ջանք ընենք։ (Բ. Կորն. 5։14, 15) Այս տարի Յիշատակատօնը կը զուգադիպի Ապրիլ 1–ին։ Ասիկա Թագաւորութեան բոլոր հրատարակիչներուն համար ի՜նչ լաւ դրդապատճառ մըն է լման ամիս մը տրամադրելու, ծառայութեան յաւելեալ գործունէութեան։ Վերաքաղ ըրէք Փետրուար 1997–ի եւ Մարտ 1998–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականներէն ընտրուած ուշագրաւ կէտեր, որոնք օժանդակ ռահվիրայութեան ծառայութեան մասին նիւթեր կը շօշափեն։ Նկատի առէք թէ ի՛նչպէս կրնանք հոն հայթայթուած յայտագրի նմոյշները մեր պարագային յարմարցնել։ Վերաքաղ ըրէք ծառայութեան տեղական կարգադրութիւնները, որոնք ուրիշներուն հետ ծառայութեան մասնակցելու ճոխ պատեհութիւններ կը ներկայացնեն։ Հրատարակիչները քաջալերեցէք որ ժողովէն ետք օժանդակ ռահվիրայութեան դիմումնագիրներ առնեն։
Երգեցողութիւն թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 8–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 28
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
20 վյրկ. «Անոնց Հրաւիրեցէք Որ Գան»։ Հարց պատասխանով։ Շեշտեցէք նոր հետաքրքրուած անհատները միշտ ժողովներուն ուղղելու կարիքը։ Ցուցադրեցէք հետաքրքրուած անհատի մը հետ խօսակցութիւն մը, գործածելով՝ Գիտութիւն գրքին էջ 159, պարբերութիւն 20–ը, եւ էջ 161-163, պարբերութիւն 5-8–ը։ Բոլորը քաջալերեցէք որ մասնայատուկ ջանք թափեն Աստուածաշունչի աշակերտներուն եւ հետաքրքրուած ուրիշ անհատներուն օգնելու, որ Ապրիլ 1–ին տեղի ունենալիք Յիշատակատօնին ներկայ գտնուին։ Հրաւիրատոմսէն օրինակ մը ցոյց տուէք եւ բացատրեցէք թէ անիկա ի՛նչպէս կրնայ ազդուօրէն գործածուիլ։ Բոլորն ալ այս շաբաթ պէտք է սկսին Յիշատակատօնի հրաւիրատոմսերը բաշխել։
15 վյրկ. «Ընտանիքի Անդամները Ի՛նչ Ընելով Լիովին Համագործակցած կ’Ըլլան—Ժողովքային Հանդիպումներուն Համար»։ Ընտանեկան անդամներու միջեւ զրոյց։ Մինչ յօդուածին գլխաւոր կէտերուն մասին մեկնաբանութիւններ կ’ընեն, անոնք կը խօսակցին թէ ի՛նչպէս կրնան ժողովներուն պատրաստուիլ որպէս ընտանիք։ Անոնք նկատի կ’առնեն կերպեր, որոնցմով կրնան իրարու օգնել մասնակցութիւն բերելու համար, նաեւ կը խօսակցին ճիշդ ժամանակին ժողովներուն հասնելու համար ի՛նչ ընելու մասին։
Երգեցողութիւն թիւ 57 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 15–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 113
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Նկատի առէք՝ «Ներկայ Պիտի Ըլլա՞ք» խորագրով յօդուածը։
15 վյրկ. «Օգնական Ծառաները Արժէքաւոր Ծառայութիւն կը Մատուցանեն»։ Ատակ օգնական ծառայի մը կողմէ դասախօսութիւն։ Վերաքաղ ըրէք Մեր Ծառայութիւնը գրքին, էջ 57-59–ի մէջ յիշուած գլխաւոր կէտերը։ Բացատրեցէք թէ ձեր ժողովքին մէջ օգնական ծառաները ի՛նչ կերպերով կը գործածուին ժողովքին օգտակար ըլլալու համար։
20 վյրկ. 1999–ի Տարեգիրք–ը Վայելեցէք։ Ամուսինի մը եւ իր կնկան միջեւ զրոյց։ Ամուսինը կը բացատրէ թէ Տարեգիրք–ը առաջին անգամ որպէս գիրք հրատարակուեցաւ 1927–ին, եւ աւելի քան 70 տարիներէ ի վեր անիկա բովանդակած է Եհովայի Վկաներու համաշխարհային տեղեկագրութիւնը։ Անոնք վերաքաղ կ’ընեն էջ 31–ի վրայ գտնուող «1998–ի Ընդհանուր Գումարները» շրջագծէն ուշագրաւ կէտեր։ Ապա նկատի կ’առնեն էջ 3-5–ի վրայ գտնուող «Կառավարիչ Մարմինէն Նամակ մը» յօդուածը, եւ կը խօսակցին թէ տրուած քաջալերութեան ի՛նչպէս պիտի ընդառաջեն։
Երգեցողութիւն թիւ 127 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 22–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 162
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ծանուցանեցէք Ապրիլին օժանդակ ռահվիրայութեան ձեռնարկողներուն անունները։ Բացատրեցէք թէ տակաւին ժամանակ կայ դիմումնագիր մը ներկայացնելու։ Յիշեցէք Ապրիլի համար ծրագրուած ծառայութեան հաւաքավայրերու լման յայտագիրը։ Բոլորը քաջալերեցէք, որ 1999–ի Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր գրքոյկին եւ 1999–ի Օրացոյցին մէջ, Մարտ 27–Ապրիլ 1–ի ընթացքին նշուած, Յիշատակատօնին համար Սուրբ Գրոց ընթերցանութեան յայտագրին հետեւին։
15 վյրկ. Յիշատակատօնին Համար Պատրաստուեցէք։ Դասախօսութիւն։ Բոլորն ալ կարգադրութիւններ պէտք է ընեն Աստուածաշունչի աշակերտներուն եւ հետաքրքրուած ուրիշ անհատներու օգնելու, որ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուին։ Ներկայ գտնուող նորեկներ թերեւս չհասկնան թէ որո՛նք կրնան խորհրդանիշերուն մասնակցիլ, կամ, թէ այս տօնակատարութեան իմաստը ի՛նչ է։ Վերաքաղ ըրէք Դիտարան 1 Ապրիլ 1996 (Անգլերէն), էջ 6-8, ապա ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս կրնանք նոր հետաքրքրուած անհատի մը օգնել որ հասկնայ այս տօնակատարութեան իմաստը եւ նպատակը։ Եզրափակեցէք, վերաքաղ ընելով «Յիշատակատօնին Վերաբերեալ Վերյիշեցումներ»–ը, եւ ուշադրութեան յանձնելով Յիշատակատօնի վերաբերեալ ձեր տեղական կարգադրութիւնները։
20 վյրկ. Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք։ Երէց մը երկու կամ երեք ատակ հրատարակիչներու հետ նկատի կ’առնէ այս գրքոյկին արժէքը եւ գործածութիւնը։ Այս գրքոյկին աւելի մօտէն ծանօթացանք, երբ զայն ուսումնասիրեցինք Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան մէջ։ Այս գրքոյկը ազդուօրէն կը գործածե՞նք դաշտի ծառայութեան մէջ։ Խումբը նկատի կ’առնէ հետեւեալ հարցումները. Ինչո՞ւ շատեր հետաքրքրուած են այս նիւթով։ Կրօնական սուտ ուսուցումներուն հակառակը, այս գրքոյկը ի՞նչ յոյս ցցուն կ’ընէ։ Գրքոյկին ետեւի կողքին վրայ գտնուող հարցումները ի՞նչպէս կրնանք գործածել հետաքրքրութիւն արթնցնելու համար։ Այս գրքոյկը ներկայացնելու ի՞նչ պատեհութիւններ կան։ Ներկայացում մը ցուցադրեցէք, 27–րդ էջին 14–րդ պարբերութեան մէջի համարները գործածելով։ Բոլորը քաջալերեցէք որ այս գրքոյկը լաւ կերպով գործածելու պատեհութիւններուն նկատմամբ արթուն ըլլան։
Երգեցողութիւն թիւ 102 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 29–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 123
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բոլորին յիշեցուցէք որ Մարտ ամսուան դաշտի ծառայութեան իրենց տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Ապրիլին պիտի ներկայացնենք Դիտարան պարբերաթերթը։ Ցոյց տուէք պարբերաթերթին ընթացիկ թիւերը, թելադրեցէք յօդուածներ զորս կարելի է աչքառու դարձնել, եւ յիշեցէք հետաքրքրական կարգ մը կէտեր։ Բոլորն ալ իրենց հետ պէտք է ունենան Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը եւ զայն գործածեն հետաքրքրուած անհատներու հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
18 վյրկ. Խրատի Ի՞նչպէս Պէտք Է Ընդառաջենք։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։ Բոլորս ալ մեր կեցուածքին, վարքին, ընկերակցութիւններուն կամ ժողովքային գործունէութեանց մէջ մասնակցութիւն բերելու շուրջ խրատներ կը ստանանք։ Երբեմն հակումը կ’ունենանք խրատը մերժելու կամ անոր պատճառաւ նեղանալու։ Խրատը ընդունելու եւ կիրարկելու պատրաստակամութիւնը մեր հոգեւոր բարօրութեան վրայ շատ մեծ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։ Վերաքաղ ըրէք կենսական ազդակներ, որոնք կը շեշտեն թէ ի՛նչ պատճառներով պէտք է խրատ ընդունինք ու զայն գնահատենք։—Տես՝ Դիտարան 1 Յուլիս 1987, էջ 25-28։
Երգեցողութիւն թիւ 59 եւ փակման աղօթք։