Ծառայութեան Ժողովներ Ապրիլ Ամսուան Համար
Ապրիլ 5–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 55
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէք «Կրնա՞նք Ստեղծիչ Գիրքը Ներկայացնել»։ Հրաւիրեցէք բոլոր հետաքրքրուած անհատները որ ներկայ ըլլան Ապրիլ 18–ի մասնաւոր դասախօսութեան։ Դասախօսութեան բնաբանն է. «Իրական Բարեկամութիւն՝ Աստուծոյ եւ Ընկերներու Հետ»։
15 վյրկ. «Բարի Լուրը Տենչով Քարոզեցէք»։ Յօդուածը ներկայացուցէք հազիւ մէկ վայրկեանի մէջ եւ նիւթը շարունակեցէք հարց պատասխանով։ Եզրափակեցէք քաջալերութիւններ տալով հիմնուած՝ Դպրոցի Ուղեգիրք–ին վրայ, էջ 191-192, պարբերութիւն 12-13։
20 վյրկ. «Ընտանիքի Անդամները Ի՛նչպէս կը Համագործակցին—Ծառայութեան Մէջ Ամբողջական Մասնակցութիւն Բերելու Համար»։ Ընտանեօք խօսակցութիւն։ Նկատի առէք թէ, ինչո՛ւ ընտանիքը դաշտի ծառայութիւնը պէտք է նկատէ շաբաթական կանոնաւոր սովորութիւն մը, որու իւրաքանչիւր անդամ կը մասնակցի։ Վերաքաղ ըրէք Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 1993, էջ 14, պարբերութիւն 9-12–ի մէջ տրուած քաջալերութիւնները։ Ներկայ եղող ծնողները հրաւիրեցէք, որ ըսեն թէ ի՛նչպէս շաբաթական ծառայութեան յաջող յայտագիր մը կը կազմակերպեն իրենց ընտանիքին համար։
Երգեցողութիւն թիւ 32 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 12–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 112
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Վկայութիւնը Աւելցնենք Մինչ Վախճանը կը Մօտենայ»։ Հարց պատասխանով։ Հարցազրոյց, մէկ կամ երկու հրատարակիչի հետ, որոնք ատեն մը երբեք չէին կրնար երեւակայել որ ծառայութեան գործին պիտի մասնակցին, բայց հիմա կանոնաւորաբար կը մասնակցին, Թագաւորութեան պատգամին տարածման ստիպողականութեան գիտակցելով։ Եթէ ժամանակը ներէ, ներմուծեցէք հակիրճ փորձառութիւններ 1997–ի Տարեգիրք–էն, էջ 42-48, ցոյց տալով թէ ի՛նչպէս հրատարակիչներ իրենց վկայութեան գործը ընդլայնելու ջանքերը աւելցուցած են, երթալով հոն՝ ուր մարդիկ կան։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 19–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
10 վյրկ. «Պարբերաթերթի Որոշ Ապսպրանք մը Ունի՞ք»։ Դասախօսութիւն, նախընտրաբար պարբերաթերթերուն հոգ տանող երէցին կամ օգնական ծառային կողմէ։ Ժողովքին գիտցուցէք, թէ քանի՛ պարբերաթերթեր կը ստանան ամէն ամիս եւ միջին հաշուով քանի հատ կը տեղաւորեն ըստ ժողովքի տեղեկագրութեան։ Պարբերաթերթերը պէտք չէ վատնենք։ Թելադրութիւններ տուէք, ցոյց տալով թէ ի՛նչպէս հին թիւերը կրնանք ցրուել։—Տես՝ Յուլիս 1993–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը, էջ 1։
30 վյրկ. «Մեր Ժամանակը Իմաստուն Կերպով Գործածենք՝ Ռահվիրայութիւն Ընելով»։ Հարց պատասխան։ Երեք տարբեր անհատներ նշանակեցէք, որպէսզի 5-7–րդ պարբերութիւններուն մէջ ներկայացուած փորձառութիւնները պատմեն։ Եզրափակեցէք՝ հրաւիրելով բոլոր անհատները, որոնք կարելիութիւնը ունին օժանդակ կամ կանոնաւոր ռահվիրայութեան ձեռնարկելու, որ զայն նկատի առնեն։ Դիմումնագրերը մատչելի են Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբի ոեւէ անդամի մօտ։ Յիշեցէք որ ուշ չէ Մայիսի համար օժանդակ ռահվիրայութեան դիմումնագիր մը ներկայացնել։
Երգեցողութիւն թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 26–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 172
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Յիշեցուցէք բոլորին որ իրենց Ապրիլի տեղեկագիրները տան։ Յայտարարեցէք Մայիս ամսուան օժանդակ ռահվիրաներուն անունները, եւ քաջալերեցէք որ ուրիշներ ալ դիմումնագիր ներկայացնեն։ Կարգ մը թելադրութիւններ ներկայացուցէք ընթացիկ պարբերաթերթեր ցրուելու համար։—Տես՝ Հոկտեմբեր 1996–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը, էջ 8։
17 վյրկ. «Ի՞նչ Պէտք Է Ընեմ»։ Հակիրճօրէն նիւթը ներկաներուն հետ վերաքաղ ընելէ ետք, ցուցադրեցէք պատանի մը, որ իր ծնողքին կը խօսի երկրորդական վարժարանը աւարտելէն ետք, ապագայ ծրագիրներու մասին։ Անոնք միասնաբար վերաքաղ կ’ընեն Յուլիս 1998–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը, էջ 4։ Ծնողները՝ Դիտարան 1 Մայիս 1996, էջ 11, եւ 1 Ապրիլ 1997, էջ 15-16–ի տրուած քաջալերութիւններու համաձայն խրատներ կու տան։ Հիմա որ ռահվիրայութեան ժամերու պահանջը նուազած է, պատանին ռահվիրայ ըլլալու կարելիութիւնները կը քննէ, մինչ իր աշխարհային ուսումը կ’ամբողջացնէ։
18 վյրկ. Հարցազրոյց Օժանդակ Ռահվիրաներու Հետ։ Ծառայութեան տեսուչը հարցազրոյց մը կ’ունենայ անոնց հետ որոնք օժանդակ ռահվիրաներ են այս ամիս, ինչպէս նաեւ անոնց հետ, որոնք անցեալին եղած են։ Հրաւիրէ զանոնք որ խօսին կարգ մը օրհնութիւններու եւ իրագործումներու մասին, եւ թէ ինչո՛ւ կը փափաքին դարձեալ օժանդակ ռահվիրաներ ըլլալ, առնուազն տարին մէկ կամ երկու ամիս։
Երգեցողութիւն թիւ 129 եւ փակման աղօթք։