Ծառայութեան Ժողովներ Օգոստոս Ամսուան Համար
Օգոստոս 2–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 34
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Ժողովքի Մայիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագրին մասին խօսեցէք։ Բոլոր հրատարակիչները քաջալերեցէք որ Օգոստոսի ընթացքին դաշտի ծառայութեան մասնակցին։
17 վյրկ. «Եհովայի Գեղեցիկ Անունը Մեծապէս Արժեւորենք»։ Բացման խօսքերը մէկ վայրկեանէն աւելի թող չըլլան, անկէ ետք նիւթը հարց–պատասխանով նկատի առէք։ Յիշուած համարները աչքառու դարձուցէք։—Տես՝ Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը, էջ 184-185։
18 վյրկ. «Աշխարհային Ուսումը եւ Ձեր Հոգեւոր Նպատակակէտերը»։ Հայր մը յօդուածը նկատի կ’առնէ իր տղուն կամ աղջկան հետ։ Անոնք նաեւ վերաքաղ կ’ընեն առնչակից նիւթեր, առնուած Զարթի՛ր 22 Դեկտեմբեր 1995–ի համարէն, էջ 7-11։
Երգեցողութիւն թիւ 172 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 9–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 138
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
12 վյրկ. Ռահվիրաներ Ուրիշներու կ’Օգնեն. Ի՞նչ Յառաջդիմութիւն Արձանագրուած Է։ Ծառայութեան տեսուչին կողմէ դասախօսութիւն եւ հարցազրոյցներ։ Վերաքաղ ըրէք Սեպտեմբեր 1998–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին էջ 4–ի մէջ հայթայթուած ուղղութիւնը։ Բացատրեցէք թէ ձեր ժողովքին մէջ ասիկա ինչպէս կազմակերպուեցաւ, եւ օգնութիւն ստացողներուն արձանագրած յառաջդիմութեան մասին տեղեկագրութիւն մը տուէք։ Հարցազրոյց ունեցէք մէկ կամ երկու ռահվիրաներու հետ, ինչպէս նաեւ կարգ մը հրատարակիչներու հետ, որոնք այս ռահվիրաներուն մատուցած օգնութենէն օգտուեցան։ Այս յայտագրին յաջորդ մասնակցողները քաջալերեցէք, որ այս կարգադրութենէն լիովին օգտուին։
25 վյրկ. «Այժմ Ձեր Առջեւ Ալ Ռահվիրայութեան Դուռը Բացուա՞ծ Է»։ Երէց մը յօդուածը հարց պատասխանով նկատի կ’առնէ։ Դրական կերպով, ցոյց տուէք որ աւելի մեծ թիւով հրատարակիչներ կրնան ռահվիրաներ ըլլալ։ Հարցազրոյց ունեցէք ռահվիրաներու հետ, որոնք կրնան իրենց անհատական փորձառութենէն խօսիլ թէ ի՛նչպէս կրցան սովորական արգելքներ յաղթահարել եւ յաջողիլ։ Վերլուծեցէք «Կանոնաւոր Ռահվիրայութեան Յայտագիրներու Նմոյշ»ը, շեշտելով թէ լաւ ծրագրելը ժամերու պահանջը դիւրամատչելի կրնայ ընել։ Յայտարարեցէք որ ռահվիրայութեան դիմումնագիր ուզողները կրնան ժողովէն ետք հատ մը ստանալ։
Երգեցողութիւն թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 16–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Օգոստոս ամիսէն միայն երկու շաբաթավերջ մնացած է, ուստի բոլորը քաջալերեցէք որ ծառայութեան մասնակցին ամիսը չլրացած։ Վերաքաղ ըրէք «Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի Նոր Յայտագիր» յօդուածը։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. Աշակերտելու Գործին Մէջ Բաժին կը Բերէ՞ք։ Նիւթը ներկաներուն հետ նկատի առէք։ Տեղաւորուած գրականութիւններուն հսկայ քանակին ի տես, մեր նպատակը պէտք է ըլլայ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ, մարդոց օգնելու համար որ իրենց ստացած գրականութիւններէն օգտուին։ Հրատարակիչները թող խօսին այն խնդիրներուն մասին որոնք արգելք են յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ վարելու. (1) Դժուար է գտնել մարդիկ, որոնք ուսումնասիրելու յօժար են։ (2) Հետաքրքրութիւն ցուցաբերողներէն ոմանք կ’ըսեն թէ ուսումնասիրելու ժամանակ չունին։ (3) Ուսումնասիրութիւն մը սկսելէն ետք, ուսումնասիրութիւնը կանոնաւորաբար վարելու համար անհատը տունը գտնելը շատ դժուար է։ Նաեւ շօշափեցէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան գործունէութեան հանդէպ հրատարակիչներէն ոմանց զգացումները. (1) ‘Չեմ զգար որ որպէս ուսուցիչ որակելի եմ’։ (2) ‘Ամէն շաբաթ ուսումնասիրութիւն մը վարելու ժամանակ չունիմ’։ (3) ‘Իմ անձս ուրիշին վրայ պարտադրելու կը վարանիմ’։ (4) ‘Ծառայութեան ուրիշ մարզերուն մէջ մասնակցելէն գոհացում կը ստանամ’։ Այս արգելքները յաղթահարելու կերպերու մասին դրական թելադրութիւններ տուէք, որպէսզի անհատապէս բաժին բերենք աշակերտելու գործին մէջ։ Յաջողութիւն գտնող հրատարակիչներ թող խօսին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան գործունէութեան մէջ իրենց վայելած ուրախութեան մասին։—Տես՝ Ապրիլ 1998–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականը, պարբերութիւն 3-8, 15։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 23–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 59
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. Նոր Հետաքրքրուած Անհատներուն Օգնեցէք որ Ամուսնութեան Սրբութիւնը Գնահատեն։ Երէց մը ներկաներուն հետ նկատի կ’առնէ Պատճառաբանել գրքին էջ 248-250–ի (Անգլերէն) վրայ հիմնուած այս նիւթը [կամ՝ էջ 225-227, Արաբերէն]։ Կը հանդիպինք զոյգերու, որոնք Թագաւորութեան պատգամին կ’ընդառաջեն, սակայն անոնց յառաջդիմութիւնը դանդաղ կ’ըլլայ, քանի որ անոնք կը կենակցին առանց օրինական ամուսնութեան։ Խօսեցէք թէ ինչպէս կարելի է անոնց օգնել որ հասկնան թէ Քրիստոնեաները ինչո՛ւ ամուսնութիւնը պատուական պէտք է պահեն։ (Տես՝ Զարթի՛ր 8 Յունուար 1992, էջ 26-27) Թելադրութիւններ տուէք թէ փափկանկատօրէն ի՛նչ կրնանք ըսել այսպիսի զոյգերու օգնելու համար որ տեսնեն թէ ինչո՛ւ չեն կրնար ժողովքին մաս կազմել մինչեւ իրենց ամուսնութիւնը օրինաւոր կերպով գրանցեն։
20 վյրկ. «Պուտտայականի մը Ի՞նչ Պիտի Ըսէք»։ Հարց պատասխանով։ Յաճախ հարց կու տանք թէ ի՛նչ պիտի ըսենք երբ թաղամասին մէջ Քրիստոնեայ չեղող անհատներու հանդիպինք, որոնք տարբեր գաղափարներ, սովորութիւններ եւ արարողութիւններ ունին, որոնք մեզի օտար են։ Այս յօդուածը այս նիւթին շուրջ հինգ մասերէ բաղկացած յօդուածաշարքի մը առաջինն է։ Լաւ պատրաստուած ներկայացում մը ցուցադրեցէք։ Պուտտայականութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տես՝ Փետրուար 1998–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականը. Պատճառաբանել գիրքը, էջ 21. նաեւ՝ Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ, գլուխ 6։
Երգեցողութիւն թիւ 143 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 30–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 127
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բոլորին յիշեցուցէք որ Օգոստոս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչներ, վստահ պէտք է ըլլան որ իրենց խումբի բոլոր անդամները իրենց տեղեկագիրները տուած են, որպէսզի բոլոր տեղեկագիրները արձանագրուին մինչեւ Սեպտեմբեր 6։
17 վյրկ. Մեր Եղբայրները կը Սիրենք։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, նաեւ ներկաներուն հետ խօսակցութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Ապրիլ 1996–ի վրայ, էջ 13-14, պարբերութիւն 7-11։ Շեշտ դրէք այն փոխադարձ օգուտներուն վրայ, զորս կը վայելենք երբ մեր եղբայրները լաւ ճանչնանք, զիրար քաջալերենք եւ փորձութիւններու տոկալու համար իրարու օգնենք։ Թելադրութիւններ տուէք թէ ասիկա ի՛նչպէս կրնանք ընել աւելի լայն տարողութեամբ։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ փորձառութիւններ պատմեն, որոնք ցոյց կու տան թէ ի՛նչպէս թարմացած եւ զօրացած են ուրիշներու սիրալիր քաջալերութեամբ։
18 վյրկ. Ձեր Յոյսին Մասին Պատճառ մը Տուէք։ Երէց մը դպրոց յաճախող մէկ կամ երկու օրինակելի պատանիներու հետ հարցազրոյց կ’ունենայ։ Անոնք յարատեւ կը դիմագրաւեն պարագաներ, երբ իրենց աշխարհային դասընկերները կ’ուզեն գիտնալ թէ ինչո՛ւ մեր պատանիները կը նախընտրեն անոնց գործունէութիւններուն չմասնակցիլ։ Մինչ մեր պատանիները այսպիսի պատեհութիւններ կ’օգտագործեն Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իրենց համոզումները բացատրելու, հարկ է որ անոնք հաստատօրէն ընդդիմանան։ Խումբը նկատի կ’առնէ թէ ի՛նչ կրնայ պատասխանել եթէ ծխախոտ կամ թմրեցուցիչ հրամցուի իրենց։ Վերաքաղ ըրէք Երիտասարդները կը Հարցնեն գրքին մէջ ներկայացուած պատճառաբանութիւնը, էջ 277-281։ Բացատրեցէք թէ ի՛նչպէս շիտակը ընելու իրենց վճռական որոշումը, որպէս պաշտպանութիւն կը ծառայէ եւ լաւ վկայութիւն կու տայ։
Երգեցողութիւն թիւ 129 եւ փակման աղօթք։