2000–Ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագիր
Թելադրութիւններ
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը 2000–ի ընթացքին հետեւեալ կարգադրութիւններուն համաձայն պիտի վարուի։
ԴԱՍԱԳՐՔԵՐ. Աստուածաշունչը, Դիտարան [w], «Բոլոր Գիրքը Աստուծոյ Շունչն Է եւ Օգտակար Է» (1990–ի հրատարակութիւն) [si], Երիտասարդները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ [yp] եւ Աստուածաշունչի Խօսակցութեան Բնաբաններ [td կ’ակնարկէ Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան մէջ գտնուող «Աստուածաշունչի Խօսակցութեան Բնաբաններ»ուն] պիտի ըլլան նշանակումներուն հիմը։
Դպրոցը պէտք է ՃԻՇԴ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ սկսի երգեցողութեամբ, աղօթքով եւ հակիրճ բարի գալուստով մը։ Յայտագրին մասին գաղափար մը տալու հարկ չկայ։ Մինչ դպրոցի տեսուչը իւրաքանչիւր բաժին կը ներկայացնէ, ան զարգացուելիք նիւթը կը յիշէ։ Դպրոցը հետեւեալ կերպով պիտի վարուի.
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 15 վայրկեան։ Ասիկա պէտք է ներկայացուի երէցի մը կամ օգնական ծառայի մը կողմէ, եւ հիմնուած պիտի ըլլայ Դիտարան–ի կամ «Բոլոր Գիրքը Աստուծոյ Շունչն Է եւ Օգտակար Է» գրքին վրայ։ Երբ Դիտարան պարբերաթերթին վրայ հիմնուած է, այս նշանակումը պէտք է ներկայացուի որպէս 15 վայրկեաննոց հրահանգիչ ուղերձ մը, առանց բերանացի վերաքաղի. իսկ երբ հիմնուած է «Բոլոր Գիրքը» գրքին վրայ, անիկա պէտք է ներկայացուի որպէս 10–էն 12 վայրկեան տեւող հրահանգիչ ուղերձ, որու կը յաջորդէ 3–էն 5 վայրկեան տեւող բերանացի վերաքաղ, գործածելով գրականութեան մէջ տպուած հարցումները։ Նպատակը պէտք է ըլլայ ո՛չ միայն նիւթը ծածկել, այլ՝ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել բացատրուած տեղեկութիւններուն գործնական արժէքին վրայ, ցցուն ընելով ինչ որ ժողովքին մեծապէս օգտակար պիտի ըլլայ։ Ցոյց տրուած բնաբանը պէտք է գործածել։
Այն եղբայրները որոնց նշանակուած է այս դասախօսութիւնը, պէտք է ուշադիր ըլլան որ որոշուած ժամանակին մէջ մնան։ Կարելի է առանձին խրատ տալ եթէ անհրաժեշտ է, կամ՝ եթէ դասախօսը խնդրէ զայն։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԷՆ ԱՉՔԱՌՈՒ ԿԷՏԵՐ. 6 վայրկեան։ Ասիկա պէտք է ներկայացուի երէցի մը կամ օգնական ծառայի մը միջոցաւ, որ նիւթը ազդուօրէն պիտի կիրարկէ տեղական կարիքներուն։ Բնաբանի հարկ չկայ։ Ասիկա նշանակուած ընթերցումին միայն ամփոփումը պէտք չէ ըլլայ։ Կարելի է պարփակել նշանակուած գլուխներուն մասին 30–էն 60 երկվայրկեան տեւող ընդհանուր վերաքաղ մը։ Սակայն, գլխաւոր նպատակն է ունկնդիրներուն օգնել որ գնահատեն թէ տեղեկութիւնները ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս արժէք ունին մեզի համար։ Անկէ ետք, դպրոցի տեսուչը պիտի արձակէ աշակերտները որ տարբեր վայրերու մէջ իրենց նիւթերը ներկայացնեն։
ԹԻՒ 2 ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ. 5 վայրկեան։ Ասիկա Աստուածաշունչի ընթերցման նշանակում մըն է, որ եղբօր մը կողմէ պէտք է տրուի, ըլլայ գլխաւոր սրահին մէջ կամ յարակից սենեակներուն մէջ։ Ընթերցումի նշանակումները սովորաբար բաւական կարճ են, աշակերտին թոյլ տալով որ ամփոփ բացատրողական տեղեկութիւններ ներկայացնէ բացման եւ փակման խօսքերուն մէջ։ Կարելի է պարփակել պատմական ենթահողը, մարգարէական կամ վարդապետական նշանակութիւնը եւ սկզբունքներու կիրարկումը։ Նշանակուած բոլոր համարները առանց ընդհատելու պէտք է կարդացուին։ Անշուշտ, երբ կարդացուելիք համարները իրարու չեն յաջորդեր, աշակերտը կրնայ համարին տեղը յիշել, ուրկէ ընթերցումը պիտի շարունակուի։
ԹԻՒ 3 ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ. 5 վայրկեան։ Այս դասախօսութիւնը քրոջ մը պիտի նշանակուի։ Այս դասախօսութեան նիւթը պիտի հիմնուի Աստուածաշունչի Խօսակցութեան Բնաբաններ գրքոյկին վրայ։ Ցուցադրութիւնը կրնայ անպաշտօն վկայութիւն մը, վերայցելութիւն մը, տան մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ըլլալ, եւ մասնակցողները կրնան նստած կամ՝ կայնած ըլլալ։ Դպրոցի տեսուչը յատկապէս նկատի պիտի առնէ այն կերպը որով աշակերտուհին իր բնաբանը կը զարգացնէ եւ կ’օգնէ տանտիրուհիին որ համարներուն հիման վրայ տրամաբանէ։ Նշանակուած աշակերտուհին ընթերցելու կարող պէտք է ըլլայ։ Դպրոցի տեսուչը օգնական մը պիտի նշանակէ, բայց կարելի է յաւելեալ օգնական մը գործածել։ Գլխաւոր ուշադրութիւնը պէտք է տրուի ո՛չ թէ ցուցադրութեան, այլ՝ նիւթին ազդեցիկ գործածութեան։
ԹԻՒ 4 ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ. 5 վայրկեան։ Ասիկա եղբօր մը կամ քրոջ մը պիտի նշանակուի։ Ան հիմնուած պիտի ըլլայ Աստուածաշունչի Խօսակցութեան Բնաբաններ գրքոյկին կամ Երիտասարդները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ գրքին վրայ, այս վերջինը գլխաւորաբար պիտի նշանակուի պատանի կամ նորեկ աշակերտներու։ Նշանակուած աշակերտը ընթերցելու կարող պէտք է ըլլայ։ Երբ եղբօր մը նշանակուի, նիւթը պէտք է տրուի որպէս բոլոր ունկնդիրներուն ուղղուած դասախօսութիւն մը։ Սովորաբար լաւագոյն բանն է որ եղբայրը իր դասախօսութիւնը պատրաստէ ի մտի ունենալով Թագաւորութեան Սրահին մէջ եղող ունկնդիրները, որպէսզի նիւթը իրապէս տեղեկատու եւ օգտակար ըլլայ զայն լսողներուն։ Սակայն, եթէ նիւթը կը յարմարի ուրիշ գործնական ներկայացման կերպի մը, եղբայրը կրնայ իր դասախօսութիւնը ըստ այնմ զարգացնել։ Աշակերտը պէտք է գործածէ ցոյց տրուած բնաբանը։ Ասկէ զատ, եթէ Թիւ 4 Դասախօսութեան բնաբանին քով # նշանը կայ, նախընտրելի է որ բաժինը եղբօր մը նշանակուի։
*ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՅԱՅՏԱԳԻՐ. Ասիկա իւրաքանչիւր շաբթուան երգեցողութեան թիւին քով փակագծերու մէջ դրուած է։ Այս յայտագրին հետեւելով, շաբաթը գրեթէ տասը էջ ընթերցելով, ամբողջ Աստուածաշունչը կրնաք կարդալ երեք տարուան մէջ։ Դպրոցի յայտագրին կամ գրաւոր վերաքաղին ոչ մէկ մասը հիմնուած է այս ընթերցանութեան յաւելեալ յայտագրին վրայ։
ՆՇՄԱՐ. Խրատի, ժամանակաւորումի, գրաւոր վերաքաղի եւ դասախօսութիւնները պատրաստելու նկատմամբ յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ թելադրութիւններու համար, հաճեցէք տեսնել Հոկտեմբեր 1996–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին 3–րդ էջը։
ՅԱՅՏԱԳԻՐ
Յուն. 3 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 4-6
Երգեցողութիւն թիւ 57 [*Երեմեայ 49-52]
Թիւ 1. Եհովայի Օրհնութիւնները Գնահատենք (w98 1/1 էջ 22-24)
Թիւ 2. Բ. Օրինաց 6։4-19
Թիւ 3. Աստուած Ինչո՛ւ Չի Հաճիր Նախահայրերու Պաշտամունքին (td 1A, կամ՝ 38Ա, Արաբ.)
Թիւ 4. Ի՞նչ կը Նշանակէ ‘Պատուէ Քու Հայրդ ու Մայրդ’ (yp Գլ. 1)
Յուն. 10 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 7-10
Երգեցողութիւն թիւ 59 [*Ողբք 1-5]
Թիւ 1. Ճշմարիտ Աստուածը Գովաբանեցէ՛ք (Դիտ. 98 1/1 էջ 30-31)
Թիւ 2. Բ. Օրինաց 8։1-18
Թիւ 3. Կրնանք Պատուել Մարդիկը, Բայց Միայն Աստուած Պէտք Է Պաշտուի (td 1B, կամ՝ 38Բ, Արաբ.)
Թիւ 4. Պատանիներ եւ Ծնողներ Ի՛նչպէս Կրնան Իրար Հասկնալ (yp Գլ. 2 էջ 18-19, 22-25)
Յուն. 17 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 11-14
Երգեցողութիւն թիւ 85 [*Եզեկիէլ 1-9]
Թիւ 1. Մեր Սիրելիներուն Համար Ինչո՛ւ Պէտք Է Կանխածրագրենք (w98 1/15 էջ 19-22)
Թիւ 2. Բ. Օրինաց 11։1-12
Թիւ 3. Արմագեդոն՝ Չարութեան Վերջ Դնող Պատերազմը (Բնաբաններ 6Ա)
Թիւ 4. Պատանիներ Ինչո՛ւ Իրենց Ծնողներուն Պէտք Է Վստահին (yp Գլ. 2 էջ 20-21)
Յուն. 24 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 15-19
Երգեցողութիւն թիւ 162 [*Եզեկիէլ 10-16]
Թիւ 1. Ճշմարտութեան՝ Բարեփոխելու եւ Միացնելու Զօրութիւնը (w98 1/15 էջ 29-31)
Թիւ 2. Բ. Օրինաց 19։11-21
Թիւ 3. Արմագեդոնը Ինչո՛ւ Աստուծոյ Կողմէ Սիրոյ Արարք մըն Է (Բնաբաններ 6Գ)
Թիւ 4. Ծնողներ Ինչո՛ւ Իրենց Զաւակներուն Ազատութիւնը կը Սահմանափակեն (yp Գլ. 3 էջ 26-33)
Յուն. 31 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 20-23
Երգեցողութիւն թիւ 13 [*Եզեկիէլ 17-21]
Թիւ 1. Գովասանքի եւ Շողոքորթութեան Մասին Աստուածաշունչի Տեսակէտը (w98 2/1 էջ 29-31)
Թիւ 2. Բ. Օրինաց 20։10-20
Թիւ 3. Մկրտութիւն՝ Քրիստոնէական Պահանջք մը (Բնաբաններ 29Ա)
Թիւ 4. Հարազատ Եղբայրներու եւ Քոյրերու Հետ Ապրուիլ (yp Գլ. 6)
Փետ. 7 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 24-27
Երգեցողութիւն թիւ 222 [*Եզեկիէլ 22-27]
Թիւ 1. Իսկական Լաւատեսութեան Հիմ մը (Դիտ. 98 5/1 էջ 4-6)
Թիւ 2. Բ. Օրինաց 25։5-16
Թիւ 3. Մկրտութիւնը Մեղքեր Չի Սրբեր (Բնաբաններ 29Բ)
Թիւ 4. Տունը Ձգելը Ինչո՛ւ Լուծումը Չէ (yp Գլ. 7)
Փետ. 14 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 28-30
Երգեցողութիւն թիւ 127 [*Եզեկիէլ 28-33]
Թիւ 1. Երախտագէտ Հոգի մը Մշակենք (w98 2/15 էջ 4-7)
Թիւ 2. Բ. Օրինաց 28։1-14
Թիւ 3. Աստուածաշունչը Աստուծոյ Ներշնչեալ Խօսքն Է (Բնաբաններ 4Ա)
Թիւ 4. Իսկական Բարեկամներ Ունենալ (yp Գլ. 8 էջ 65-67, 70-72)
Փետ. 21 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 31-34
Երգեցողութիւն թիւ 46 [*Եզեկիէլ 34-39]
Թիւ 1. Բ. Օրինաց Գիրքը Ինչո՞ւ Օգտակար Է (si էջ 40-41 պարբ. 30-34)
Թիւ 2. Բ. Օրինաց 32։35-43
Թիւ 3. Աստուածաշունչը՝ Ներկայիս Գործնական Ուղեցոյց մը (Բնաբաններ 4Բ)
Թիւ 4. Լուրջ Խնդրի մը Մէջ Եղող Բարեկամի մը Օգնել (yp Գլ. 8 էջ 68-69)
Փետ. 28 Աստ. ընթ. Յեսուայ 1-5
Երգեցողութիւն թիւ 34 [*Եզեկիէլ 40-45]
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Յեսուայ Գրքին Մասին (si էջ 42 պարբ. 1-5)
Թիւ 2. Յեսուայ 2։8-16
Թիւ 3. Աստուածաշունչը՝ Գիրք մը Բոլոր Մարդոց Համար (Բնաբաններ 4Գ)
Թիւ 4. Պատանիներ Ինչո՛ւ Շրջապատի Ճնշումէն կ’Ազդուին (yp Գլ. 9 էջ 73-76)
Մարտ 6 Աստ. ընթ. Յեսուայ 6-9
Երգեցողութիւն թիւ 38 [*Եզեկիէլ 46–Դանիէլ 2]
Թիւ 1. Ո՛վ Ծնողներ, Ձեր Զաւակները Պաշտպանեցէք (Դիտ. 98 2/1 էջ 8-11)
Թիւ 2. Յեսուայ 7։1, 10-19
Թիւ 3. Արեան Ներարկումները կ’Ոտնակոխեն Արեան Սրբութիւնը (Բնաբաններ 7Ա)
Թիւ 4. Շրջապատի Ճնշումին Հետ Գլուխ Ելլել (yp Գլ. 9 էջ 77-80)
Մարտ 13 Աստ. ընթ. Յեսուայ 10-13
Երգեցողութիւն թիւ 138 [*Դանիէլ 3-7]
Թիւ 1. Աստուածաշունչը Ի՞նչ կ’Ըսէ Հրաշաձօնութեան Մասին (w98 2/15 էջ 23-27)
Թիւ 2. Յեսուայ 11։6-15
Թիւ 3. Անհատի մը Կեանքը Ամէ՛ն Գնով Պէ՞տք Է Փրկել (Բնաբաններ 7Բ)
Թիւ 4. Երեւոյթը Որքա՞ն Կարեւոր Է (yp Գլ. 10)
Մարտ 20 Աստ. ընթ. Յեսուայ 14-17
Երգեցողութիւն թիւ 10 [*Դանիէլ 8–Ովսեայ 2]
Թիւ 1. «Մեզի Պէս Կրքերու Ենթակայ» Հաւատարիմ Մարդիկ (Դիտ. 98 6/1 էջ 26-29)
Թիւ 2. Յեսուայ 15։1-12
Թիւ 3. Հեթանոսաց Ժամանակները Ե՞րբ Վերջացան (Բնաբաններ 21Ա)
Թիւ 4. Քրիստոնեայ մը Ի՞նչպէս կ’Ընտրէ Իր Հագուստները (yp Գլ. 11 էջ 90–էն էջ 94 պարբ. 1)
Մարտ 27 Աստ. ընթ. Յեսուայ 18-20
Երգեցողութիւն թիւ 150 [*Ովսեայ 3-14]
Թիւ 1. Յիսուսի Երկրի Վրայ Անցուցած Վերջին Օրերը Վերստին Ապրինք (w98 3/15 էջ 3-9)
Թիւ 2. Յեսուայ 18։1-10
Թիւ 3. Քրիստոնէական Եկեղեցին Ի՞նչ Է (Բնաբաններ 13Ա)
Թիւ 4. ‘Պարկեշտ ու Կոկիկ’ Հագուելուն Օգուտները (yp Գլ. 11 էջ 94 պարբ. 2–էն էջ 96)
Ապրիլ 3 Աստ. ընթ. Յեսուայ 21-24
Երգեցողութիւն թիւ 55 [*Յովելեայ 1–Ամովսայ 7]
Թիւ 1. Յեսուայ Գիրքը Ինչո՞ւ Օգտակար Է (si էջ 45-46 պարբ. 21-24)
Թիւ 2. Յեսուայ 21։43–22։8
Թիւ 3. Պետրո՞ս Է «Վէմ»ը (Բնաբաններ 13Գ)
Թիւ 4. Ձեր Արժանապատուութիւնը Ի՛նչպէս Կերտել (yp Գլ. 12 էջ 98–էն էջ 101 պարբ. 2)
Ապրիլ 10 Աստ. ընթ. Դատաւորաց 1-4
Երգեցողութիւն թիւ 113 [*Ամովսայ 8–Միքիայ 5]
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Դատաւորաց Գրքին Մասին (si էջ 46-47 պարբ. 1-7)
Թիւ 2. Դատաւորաց 3։1-11
Թիւ 3. Փաստուած Գիտութիւնը Աստուածաշունչի Ստեղծագործութեան Պատմութեան Թիկունք կը Կանգնի (Բնաբաններ 42Ա)
Թիւ 4. Սուտ Ինքնավստահութենէն Զգուշացէ՛ք (yp Գլ. 12 էջ 101 պարբ. 3–էն էջ 103)
Ապրիլ 17 Աստ. ընթ. Դատաւորաց 5-7
Երգեցողութիւն թիւ 32 [*Միքիայ 6–Սոփոնեայ 1]
Թիւ 1. 70 Աշակերտներուն Տուած Յիսուսի Պատուէրներէն Սորվինք (Դիտ. 98 6/1 էջ 30-31)
Թիւ 2. Դատաւորաց 5։24-31
Թիւ 3. Ստեղծագործական Իւրաքանչիւր Օր 24 Ժամուա՞ն Երկարութիւն Ունէր (Բնաբաններ 42Բ)
Թիւ 4. Ի՞նչ Բան Յուսալքում կը Պատճառէ (yp Գլ. 13 էջ 104–էն էջ 106 պարբ. 1)
Ապրիլ 24 Գրաւոր Վերաքաղ. Ամբողջացուցէք Բ. Օրինաց 4–էն Դատաւորաց 7
Երգեցողութիւն թիւ 212 [*Սոփոնեայ 2–Զաքարեայ 7]
Մայիս 1 Աստ. ընթ. Դատաւորաց 8-10
Երգեցողութիւն թիւ 38 [*Զաքարեայ 8–Մաղաքեայ 4]
Թիւ 1. Ուրիշներու Արժանապատուութիւնը Յարգեցէք (w98 4/1 էջ 28-31)
Թիւ 2. Դատաւորաց 9։7-21
Թիւ 3. Յիսուս Խաչի՞ մը Վրայ Մեռաւ (Բնաբաններ 22Ա)
Թիւ 4. Յուսալքումը Բնորոշել եւ Զայն Մեղմացնել (yp Գլ. 13 էջ 106 պարբ. 2–էն էջ 111 պարբ. 2)
Մայիս 8 Աստ. ընթ. Դատաւորաց 11-14
Երգեցողութիւն թիւ 127 [*Մատթէոս 1-8]
Թիւ 1. Բառնաբաս՝ «Մխիթարութեան Որդի»ն (w98 4/15 էջ 20-23)
Թիւ 2. Դատաւորաց 13։2-10, 24
Թիւ 3. Քրիստոնեաները Խաչը Պէ՞տք Է Պաշտեն (Բնաբաններ 22Բ)
Թիւ 4. Յուսալքման Դէմ Ի՛նչպէս Պայքարիլ (yp Գլ. 13 էջ 111 պարբ. 3–էն էջ 114)
Մայիս 15 Աստ. ընթ. Դատաւորաց 15-18
Երգեցողութիւն թիւ 222 [*Մատթէոս 9-14]
Թիւ 1. Համաշխարհային Ապահովութիւն՝ Առանց Բանակներու (w98 4/15 էջ 28-30)
Թիւ 2. Դատաւորաց 17։1-13
Թիւ 3. Մահուան Պատճառը Ի՞նչ Է (Բնաբաններ 27Ա)
Թիւ 4. Ի՞նչպէս Առանձնանալ Բայց՝ Առանձին Չզգալ (yp Գլ. 14 էջ 115-117)
Մայիս 22 Աստ. ընթ. Դատաւորաց 19-21
Երգեցողութիւն թիւ 102 [*Մատթէոս 15-21]
Թիւ 1. Դատաւորաց Գիրքը Ինչո՞ւ Օգտակար Է (si էջ 50 պարբ. 26-28)
Թիւ 2. Դատաւորաց 19։11-21
Թիւ 3. Մեռելները Կրնա՞ն Ձեզի Վնաս Հասցնել (Բնաբաններ 27Բ)
Թիւ 4. Առանձին Զգալուն Դարմանը (yp Գլ. 14 էջ 118-120)
Մայիս 29 Աստ. ընթ. Հռութայ 1-4
Երգեցողութիւն թիւ 21 [*Մատթէոս 22-26]
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Հռութայ Գրքին Մասին եւ՝ Ինչո՞ւ Օգտակար Է (si էջ 51-53 պարբ. 1-3, 9-10)
Թիւ 2. Հռութայ 3։1-13
Թիւ 3. Մարդիկ Իրենց Մեռած Սիրելիներուն Հետ Կրնա՞ն Խօսիլ (td 10C, կամ՝ 54Գ, Արաբ.)
Թիւ 4. Ամօթխածութիւնը Հասկնալ (yp Գլ. 15 էջ 121-122)
Յունիս 5 Աստ. ընթ. Ա. Թագաւորաց 1-3
Երգեցողութիւն թիւ 143 [*Մատթէոս 27–Մարկոս 4]
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Ա. Թագաւորաց Գրքին Մասին (si էջ 53-54 պարբ. 1-6)
Թիւ 2. Ա. Թագաւորաց 1։9-20
Թիւ 3. Բանսարկուն Իրակա՞ն Անձ մըն Է (Բնաբաններ 8Ա)
Թիւ 4. Ամօթխածութիւնը Ի՛նչպէս Յաղթահարել (yp Գլ. 15 էջ 123-126)
Յունիս 12 Աստ. ընթ. Ա. Թագաւորաց 4-7
Երգեցողութիւն թիւ 85 [*Մարկոս 5-9]
Թիւ 1. Ո՞վ Է Եհովան (w98 5/1 էջ 5-7)
Թիւ 2. Ա. Թագաւորաց 4։9-18
Թիւ 3. Բանսարկուն՝ Աշխարհի Անտեսանելի Իշխանը (Բնաբաններ 8Բ)
Թիւ 4. Վշտի Հետ Գլուխ Ելլել (yp Գլ. 16)
Յունիս 19 Աստ. ընթ. Ա. Թագաւորաց 8-11
Երգեցողութիւն թիւ 160 [*Մարկոս 10-14]
Թիւ 1. Ուղղամտութիւնը կը Վարձատրուի (w98 5/1 էջ 30-31)
Թիւ 2. Ա. Թագաւորաց 8։4-20
Թիւ 3. Աստուածաշունչը Ի՛նչ կ’Ըսէ Ինկած Հրեշտակներուն Մասին (Բնաբաններ 8Գ)
Թիւ 4. Դպրոցի Հանդէպ Քրիստոնէական Տեսակէտ (yp Գլ. 17)
Յունիս 26 Աստ. ընթ. Ա. Թագաւորաց 12-14
Երգեցողութիւն թիւ 172 [*Մարկոս 15–Ղուկաս 3]
Թիւ 1. Հարստութիւնը Կրնա՞յ Ձեզ Ուրախացնել (w98 5/15 էջ 4-6)
Թիւ 2. Ա. Թագաւորաց 14։1-14
Թիւ 3. Երկիրը՝ Դրախտ մը Ըլլալու Համար Ստեղծուած (Բնաբաններ 17Ա)
Թիւ 4. Դպրոցական Նիշերը Ի՛նչպէս Բարելաւել (yp Գլ. 18)
Յուլիս 3 Աստ. ընթ. Ա. Թագաւորաց 15-17
Երգեցողութիւն թիւ 222 [*Ղուկաս 4-8]
Թիւ 1. Եւնիկէ եւ Լաւոդիա՝ Օրինակելի Դաստիարակներ (w98 5/15 էջ 7-9)
Թիւ 2. Ա. Թագաւորաց 16։4-13
Թիւ 3. Երկրի Վրայ Կեանքը Երբեք Վերջ Պիտի Չունենայ (Բնաբաններ 17Գ)
Թիւ 4. Դպրոցին Մէջ Նեղութիւն Պատճառողներէն Խուսափինք (yp Գլ. 19)
Յուլիս 10 Աստ. ընթ. Ա. Թագաւորաց 18-20
Երգեցողութիւն թիւ 112 [*Ղուկաս 9-12]
Թիւ 1. Համոզելով՝ Սրտին Հասէք (w98 5/15 էջ 21-23)
Թիւ 2. Ա. Թագաւորաց 19։1-13
Թիւ 3. Սուտ Մարգարէները Կրնա՞ք Բնորոշել (td 13A, կամ՝ 6Ա, Արաբ.)
Թիւ 4. Ուսուցիչին Հետ Լաւ Յարաբերութիւն Պահել (yp Գլ. 20)
Յուլիս 17 Աստ. ընթ. Ա. Թագաւորաց 21-24
Երգեցողութիւն թիւ 33 [*Ղուկաս 13-19]
Թիւ 1. Ձեր Ընտանեկան Պատասխանատուութիւնը Կրեցէք (w98 6/1 էջ 20-23)
Թիւ 2. Ա. Թագաւորաց 24։2-15
Թիւ 3. Հոգեւոր Բուժումը Որքա՞ն Կարեւոր Է (Բնաբաններ 9Ա)
Թիւ 4. Ի՛նչպէս Աշխատանք Գտնել ու Զայն Պահել (yp Գլ. 21)
Յուլիս 24 Աստ. ընթ. Ա. Թագաւորաց 25-27
Երգեցողութիւն թիւ 195 [*Ղուկաս 20-24]
Թիւ 1. Իսկական Արդարութիւն՝ Ե՞րբ եւ Ի՞նչպէս (w98 6/15 էջ 26-29)
Թիւ 2. Ա. Թագաւորաց 25։23-33
Թիւ 3. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը՝ Ֆիզիքական Մնայուն Բուժումներ Բերող Միջոցը (Բնաբաններ 9Բ)
Թիւ 4. Լաւագոյն Ասպարէզը Ընտրեցէք (yp Գլ. 22)
Յուլիս 31 Աստ. ընթ. Ա. Թագաւորաց 28-31
Երգեցողութիւն թիւ 59 [*Յովհաննու 1-6]
Թիւ 1. Ա. Թագաւորաց Գիրքը Ինչո՞ւ Օգտակար Է (si էջ 57-58 պարբ. 27-35)
Թիւ 2. Ա. Թագաւորաց 31։1-13
Թիւ 3. Արդի Հաւատաբուժումը Աստուծմէ Չէ (Բնաբաններ 9Գ)
Թիւ 4. Ամուսնութենէ Առաջ Սեռային Յարաբերութիւնը Ինչո՛ւ Սխալ Է (yp Գլ. 23)
Օգոս. 7 Աստ. ընթ. Բ. Թագաւորաց 1-4
Երգեցողութիւն թիւ 46 [*Յովհաննու 7-11]
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Բ. Թագաւորաց Գրքին Մասին (si էջ 59 պարբ. 1-5)
Թիւ 2. Բ. Թագաւորաց 2։1-11
Թիւ 3. Լեզուներ Խօսիլը Աստուծոյ Հաճութեան Ապացո՞յցն Է (td 14D, կամ՝ 33Դ, Արաբ.)
Թիւ 4. Սեռային Անբարոյութենէն Ի՞նչպէս Խուսափիլ (yp Գլ. 24)
Օգոս. 14 Աստ. ընթ. Բ. Թագաւորաց 5-8
Երգեցողութիւն թիւ 129 [*Յովհաննու 12-18]
Թիւ 1. «Ջանք Ըրէք» (w98 6/15 էջ 30-31)
Թիւ 2. Բ. Թագաւորաց 7։4-16
Թիւ 3. Որո՞նք Երկինք կ’Երթան (Բնաբաններ 16Բ)
Թիւ 4. Գիջութիւնը Լո՞ւրջ Յանցանք մըն Է (yp Գլ. 25)
Օգոս. 21 Աստ. ընթ. Բ. Թագաւորաց 9-12
Երգեցողութիւն թիւ 95 [*Յովհաննու 19–Գործք 4]
Թիւ 1. Բարի Ընկեր մը Եղէք (w98 7/1 էջ 30-31)
Թիւ 2. Բ. Թագաւորաց 11։2-15
Թիւ 3. Դժոխքը Տանջանքի Վայր մը Չէ (Բնաբաններ 12Ա)
Թիւ 4. Գիջութեան Ծուղակէն Խուսափեցէք (yp Գլ. 26)
Օգոս. 28 Գրաւոր Վերաքաղ. Ամբողջացուցէք Դատաւորաց 8–Բ. Թագաւորաց 12
Երգեցողութիւն թիւ 123 [*Գործք 5-10]
Սեպտ. 4 Աստ. ընթ. Բ. Թագաւորաց 13-15
Երգեցողութիւն թիւ 160 [*Գործք 11-16]
Թիւ 1. Ձեր Զաւակներուն Լաւ Սկիզբ մը Տուէք (w98 7/15 էջ 4-6)
Թիւ 2. Բ. Թագաւորաց 13։20-33
Թիւ 3. Կրակը Բնաջնջումի Խորհրդանիշ մըն Է (Բնաբաններ 12Բ)
Թիւ 4. Պարկեշտութիւնը Ինչո՛ւ Լաւագոյն Քաղաքականութիւնն Է (yp Գլ. 27)
Սեպտ. 11 Աստ. ընթ. Բ. Թագաւորաց 16-18
Երգեցողութիւն թիւ 129 [*Գործք 17-22]
Թիւ 1. Յուղարկաւորութեան Արարողութիւններուն Շուրջ Քրիստոնէական Տեսակէտը (w98 7/15 էջ 20-24)
Թիւ 2. Բ. Թագաւորաց 16։5-14
Թիւ 3. Հարուստ Մարդուն եւ Ղազարոսին Պատմութիւնը Յաւիտենական Չարչարանքի Փաստ մը Չէ (Բնաբաններ 12Գ)
Թիւ 4. Սիրահարութենէն Յաջող Կերպով Դուրս Գալ (yp Գլ. 28)
Սեպտ. 18 Աստ. ընթ. Բ. Թագաւորաց 19-21
Երգեցողութիւն թիւ 55 [*Գործք 23–Հռովմայեցիս 1]
Թիւ 1. Ձեր Խղճին Կրնա՞ք Վստահիլ (Դիտ. 98 9/1 էջ 4-7)
Թիւ 2. Բ. Թագաւորաց 20։1, 2, 14-22
Թիւ 3. Քրիստոնեաները Ի՞նչ Աչքով կը Դիտեն Տօները (Բնաբաններ 45Ա)
Թիւ 4. Ի՞նչպէս Կրնաք Գիտնալ որ Ժամադրուելու Պատրաստ Էք (yp Գլ. 29 էջ 225-231, 234-235)
Սեպտ. 25 Աստ. ընթ. Բ. Թագաւորաց 22-24
Երգեցողութիւն թիւ 138 [*Հռովմայեցիս 2-9]
Թիւ 1. Բ. Թագաւորաց Գիրքը Ինչո՞ւ Օգտակար Է (si էջ 63 պարբ. 28-31)
Թիւ 2. Բ. Թագաւորաց 23։8-17
Թիւ 3. Արձաններու Գործածութիւնը Աստուած կ’Անպատուէ (Բնաբաններ 2Ա)
Թիւ 4. Հակառակ Սեռի Հետ Բարեկամութիւնը Վտանգներ Ունի՞ (yp Գլ. 29 էջ 232-233)
Հոկտ. 2 Աստ. ընթ. Գ. Թագաւորաց 1-2
Երգեցողութիւն թիւ 57 [*Հռովմայեցիս 10–Ա. Կորնթացիս 3]
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Գ. Թագաւորաց Գրքին Մասին (si էջ 64-65 պարբ. 1-5)
Թիւ 2. Գ. Թագաւորաց 2։1-11
Թիւ 3. Արձանի Պաշտամունքին Հետեւանքները (td 18B, կամ՝ 14Բ, Արաբ.)
Թիւ 4. Ի՛նչպէս Որոշել թէ Ամուսնութեան Համար Պատրաստ Էք (yp Գլ. 30)
Հոկտ. 9 Աստ. ընթ. Գ. Թագաւորաց 3-6
Երգեցողութիւն թիւ 172 [*Ա. Կորնթացիս 4-13]
Թիւ 1. Առաջին Բաները՝ Առաջին Տեղը Դրէք (Դիտ. 98 9/1 էջ 29-31)
Թիւ 2. Գ. Թագաւորաց 4։21-34
Թիւ 3. Միա՛յն Եհովան Պէտք Է Պաշտենք (td 18C, կամ՝ 14Գ, Արաբ.)
Թիւ 4. # Միջդաւանութիւնը Աստուծոյ Կերպը Չէ (td 19A, կամ՝ 9Ա, Արաբ.)
Հոկտ. 16 Աստ. ընթ. Գ. Թագաւորաց 7-8
Երգեցողութիւն թիւ 33 [*Ա. Կորնթացիս 14–Բ. Կորնթացիս 7]
Թիւ 1. Բարձրաստիճան Պաշտօնեաներու Դիմաց Վկայենք (w98 9/1 էջ 30-31)
Թիւ 2. Գ. Թագաւորաց 7։1-14
Թիւ 3. Բոլոր Կրօնքներն Ալ Լա՞ւ Են (td 19B, կամ՝ 9Բ, Արաբ.)
Թիւ 4. Քրիստոնեաները Աստուծոյ Անձնական Անունը Պէտք Է Գործածեն (Բնաբաններ 14Ա)
Հոկտ. 23 Աստ. ընթ. Գ. Թագաւորաց 9-11
Երգեցողութիւն թիւ 77 [*Բ. Կորնթացիս 8–Գաղատացիս 4]
Թիւ 1. Հարսնեգինի Նկատմամբ Քրիստոնէական Տեսակէտը (w98 9/15 էջ 24-27)
Թիւ 2. Գ. Թագաւորաց 11։1-13
Թիւ 3. Աստուծոյ Գոյութեան Մասին Ճշմարտութիւններ (Բնաբաններ 14Գ)
Թիւ 4. # Աստուծոյ Յատկութիւնները Բնորոշել (Բնաբաններ 14Դ)
Հոկտ. 30 Աստ. ընթ. Գ. Թագաւորաց 12-14
Երգեցողութիւն թիւ 113 [*Գաղատացիս 5–Փիլիպպեցիս 2]
Թիւ 1. Աստուած Ձեզի Համար Իրակա՞ն Է (Դիտ. 98 10/1 էջ 29-31)
Թիւ 2. Գ. Թագաւորաց 13։1-10
Թիւ 3. Բոլոր Մարդիկ Նոյն Աստուծոյ Չեն Ծառայեր (Բնաբաններ 14Զ)
Թիւ 4. Եհովայի Վկաները Նո՞ր Կրօնք մըն Են (Բնաբաններ 15Ա)
Նոյ. 6 Աստ. ընթ. Գ. Թագաւորաց 15-17
Երգեցողութիւն թիւ 123 [*Փիլիպպեցիս 3–Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5]
Թիւ 1. Շարունակեցէ՛ք Հոգեւորապէս Յառաջդիմել (w98 10/1 էջ 28-31)
Թիւ 2. Գ. Թագաւորաց 15։9-24
Թիւ 3. Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին եւ Որոշուած Թագաւորը (Բնաբաններ 33Բ)
Թիւ 4. Ինչո՛ւ Յիսուսի Հաւատալը Փրկութեան Համար Անհրաժեշտ Է (Բնաբաններ 33Դ)
Նոյ. 13 Աստ. ընթ. Գ. Թագաւորաց 18-20
Երգեցողութիւն թիւ 222 [*Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1–Բ. Տիմոթէոս 3]
Թիւ 1. Խնդիրները Ի՛նչպէս Լուծել Խաղաղութեամբ (Դիտ. 98 11/1 էջ 4-7)
Թիւ 2. Գ. Թագաւորաց 20։1, 13-22
Թիւ 3. Միայն Յիսուսի Հաւատալը Բաւարա՞ր Է Փրկուելու Համար (Բնաբաններ 33Ե)
Թիւ 4. # Աստուծոյ Թագաւորութեան Բերելիք Օրհնութիւնները (Բնաբաններ 19Բ)
Նոյ. 20 Աստ. ընթ. Գ. Թագաւորաց 21-22
Երգեցողութիւն թիւ 195 [*Բ. Տիմոթէոս 4–Եբրայեցիս 7]
Թիւ 1. Գ. Թագաւորաց Գիրքը Ինչո՞ւ Օգտակար Է (si էջ 68-69 պարբ. 23-26)
Թիւ 2. Գ. Թագաւորաց 22։29-40
Թիւ 3. Թագաւորութեան Իշխանութիւնը կը Սկսի Մինչ Քրիստոսի Թշնամիները Տակաւին Գործունեայ Են (Բնաբաններ 19Գ)
Թիւ 4. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Մարդոց Ջանքերով Չի Գար (Բնաբաններ 19Դ)
Նոյ. 27 Աստ. ընթ. Դ. Թագաւորաց 1-3
Երգեցողութիւն թիւ 27 [*Եբրայեցիս 8–Յակոբու 2]
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Դ. Թագաւորաց Գրքին Մասին (si էջ 69 պարբ. 1-4)
Թիւ 2. Դ. Թագաւորաց 2։15-25
Թիւ 3. «Աշխարհի Վերջը» Ի՛նչ կը Նշանակէ (Բնաբաններ 44Ա)
Թիւ 4. # Վերջին Օրերու Ապացոյցներուն Նկատմամբ Հոգեւորապէս Արթուն Եղէք (Բնաբաններ 44Բ)
Դեկտ. 4 Աստ. ընթ. Դ. Թագաւորաց 4-6
Երգեցողութիւն թիւ 114 [*Յակոբու 3–Բ. Պետրոս 3]
Թիւ 1. Սիմոնականութենէ Զգուշացէ՛ք (w98 11/15 էջ 28)
Թիւ 2. Դ. Թագաւորաց 5։20-27
Թիւ 3. Յաւիտենական Կեանքը Պարզ Երազ մը Չէ (Բնաբաններ 23Բ)
Թիւ 4. Որո՞նք Երկինք կ’Երթան (Բնաբաններ 23Դ)
Դեկտ. 11 Աստ. ընթ. Դ. Թագաւորաց 7-9
Երգեցողութիւն թիւ 59 [*Ա. Յովհաննու 1–Յայտնութիւն 1]
Թիւ 1. Դրամ Փոխ Տալու Կամ Փոխ Առնելու Ատեն Աստուածաշունչի Սկզբունքներուն Հետեւեցէք (Դիտ. 98 12/1 էջ 28-31)
Թիւ 2. Դ. Թագաւորաց 7։1, 2, 6, 7, 16-20
Թիւ 3. Երկրի Վրայ Յաւիտենական Կեանք Ստացողներուն Թիւը Սահմանուած Չէ (Բնաբաններ 23Ե)
Թիւ 4. # Ամուսնական Միութիւնը Պատուական Պէտք Է Ըլլայ (Բնաբաններ 3Բ)
Դեկտ. 18 Աստ. ընթ. Դ. Թագաւորաց 10-12
Երգեցողութիւն թիւ 55 [*Յայտնութիւն 2-12]
Թիւ 1. Յիսուսի Ծնունդին Իրական Պատմութիւնը (Դիտ. 99 1/1 էջ 5-9)
Թիւ 2. Դ. Թագաւորաց 11։1-3, 9-16
Թիւ 3. Քրիստոնեաները Պէտք Է Յարգեն Գլխաւորութեան Սկզբունքը (Բնաբաններ 3Գ)
Թիւ 4. Զաւակներու Հանդէպ Ծնողներու Պատասխանատուութիւնը (Բնաբաններ 3Դ)
Դեկտ. 25 Գրաւոր Վերաքաղ. Ամբողջացուցէք Բ. Թագաւորաց 13–էն Դ. Թագաւորաց 12
Երգեցողութիւն թիւ 28 [*Յայտնութիւն 13-22]