Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/00 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Յունուար 10–ով Սկսող Շաբաթ
  • Յունուար 17–ով Սկսող Շաբաթ
  • Յունուար 24–ով Սկսող Շաբաթ
  • Յունուար 31–ով Սկսող Շաբաթ
  • Փետրուար 7–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 1/00 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Յունուար 10–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 14

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։

15 վյրկ. «Եհովայի Անունը Ճանչցնենք Բոլոր Երկրին Մէջ»։ Հարց պատասխանով զրոյց։ Անպաշտօն վկայութեան մասին կէտեր պարփակեցէք, առնուած՝ Մեր Ծառայութիւնը գրքէն, էջ 93-94։

20 վյրկ. Առանց Արիւնի Դարմանում Ստանալու Համար Իրաւական Ընտրութիւն Ընել։ (Գործք 15։28, 29) Ատակ երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ հարց պատասխանով ուրուագծին վրայ, որ Ընկերութեան հայթայթած առողջապահական մնայուն փոխանորդագրի պատճենին, եւ «Տեղեկութիւններ՝ Ընկերութեան Հայթայթած Առողջապահական Մնայուն Փոխանորդագրի Պատճեններու Մասին» նիւթին հետ եկած է, որոնց թուակիրն է՝ Յունուար 1997։ Այս ժողովէն ետք, մկրտուած Վկաներուն Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր նոր քարտ մը պիտի տրուի, իսկ անչափահաս՝ չմկրտուած զաւակներ ունեցողները, իւրաքանչիւր զաւկի համար Անձնագիր մը պիտի ստանան։ Այս քարտերը ոչ թէ հոս, այլ տունը՝ ուշադրութեամբ պէտք է լեցուին, բայց ՊԷՏՔ ՉԷ ստորագրուին։ Ձեր ու վկաներուն ստորագրութիւնը, ինչպէս նաեւ թուական դնելը պիտի ըլլայ յաջորդ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութենէն ետք, գրքի ուսումնասիրութեան վարիչին աջակցութեամբ, եթէ կարիքը տեսնուի։ Ստորագրելէ առաջ, ստուգեցէք որ քարտերը լման կերպով լեցուած ըլլան։ Որպէս վկաներ ստորագրողները պէ՛տք է տեսնեն անհատին իր փաստաթուղթը ստորագրելը։ Այս քարտին գործածած լեզուն իրենց անհատական պարագաներուն ու համոզումներուն յարմարցնելով, չմկրտուած հրատարակիչները՝ իրենց եւ իրենց զաւակներուն գործածութեան համար՝ կրնան իրենց անձնական ցուցմունքը գրել։ Մնայուն Փոխանորդագրի պատճենը Ընկերութեան կողմէ պատրաստուած է եւ աւելի ընդլայնուած առողջապահական փաստաթուղթ մըն է, եւ իրաւական ուղղակի պաշտպանութիւն կը հայթայթէ։ Այն Վկաները որոնք տակաւին այս պատճենը չեն լեցուցած եւ սակայն կը փափաքին ասիկա ընել, կրնան ժողովքի քարտուղարէն օրինակ մը ստանալ։ (Եթէ հրատարակիչ մը ուրիշ նահանգ փոխադրուի, հարկ է որ նոր պատճեն մը լեցնէ, այդ նահանգին մէջ ի զօրու ըլլալու համար։) Ասկէ զատ, եթէ մնայուն փոխանորդագրի պատճեն մը լեցնէք, Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր քարտին վրայ, նախընտրաբար ձեր ձեռագրով, հետեւեալը պէտք է գրէք. «Նաեւ լեցուցած եմ առողջապահական փոխանորդագրի պատճեն մը»։ Գրքի ուսումնասիրութեան վարիչները վստահ պէտք է ըլլան որ իրենց խումբին նշանակուած բոլոր անդամները հարկ եղած օգնութիւնը ստացած են, Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր քարտը եւ մնայուն փոխանորդագրի պատճենը լեցնելու համար։ Օրինական լաւագոյն պաշտպանութիւնը ունենալու համար, յանձնարարուած է որ երկու փաստաթուղթերն ալ լեցնենք։

Երգեցողութիւն թիւ 27 եւ փակման աղօթք։

Յունուար 17–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 32

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

20 վյրկ. «Թերթիկներ Գործածեցէք Խօսակցութիւններ Սկսելու Համար»։ Խօսեցէք թաղամասին մէջ սովորաբար գործածուած չորս թերթիկներու մասին։ Հարցում մը հարցուցէք որ պատասխանուած է իւրաքանչիւր թերթիկին մէջ։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ թելադրութիւն մը տան թէ ի՛նչպէս հարցումը կրնայ գործածուիլ խօսակցութիւն մը սկսելու եւ թերեւս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը առաջնորդելու համար։ Ցուցադրեցէք թէ ասիկա ի՛նչպէս կարելի է ընել երկու թերթիկներու պարագային։

Երգեցողութիւն թիւ 57 եւ փակման աղօթք։

Յունուար 24–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 46

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ դաշտի ծառայութեան փորձառութիւններ։

15 վյրկ. «Եհովայի Խօսքը Նկատի Առէք Ամէ՛ն Օր»։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներու հետ զրոյց։ Բոլորը քաջալերեցէք որ 2000–ի Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր գրքոյկէն լաւ կերպով օգտուին։ Պարփակեցէք նախաբանէն առնուած կէտեր, էջ 3-4։ Հրատարակիչները հրաւիրեցէք որ պատմեն թէ ի՛նչպէս մասնայատուկ ջանք կը թափեն իւրաքանչիւր օր համարն ու մեկնաբանութիւնները նկատի առնելու համար։

20 վյրկ. «Դո՛ւք Հոն Պիտի Ըլլա՞ք»։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն եւ փորձառութիւններ։ Աստուածաշունչի ժամանակներէն մինչեւ այսօր, մեծ համախմբումները Աստուծոյ ժողովուրդը զօրացնելու մէջ կարեւոր դեր մը խաղցած են։ (Տես՝ Ծանուցանողներ գիրքը, էջ 254, պարբերութիւն 1-3, եւ Խորաթափանց Ակնարկ, Հատոր 1, էջ 821, պարբերութիւն 5։) Բոլորը քաջալերեցէք որ հիմակուընէ պատրաստութիւններ տեսնեն, այս տարուան երեք օրուան նահանգային համաժողովներուն ներկայ գտնուելու համար։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ փորձառութիւններ պատմեն, ցոյց տալու համար թէ անցեալին ներկայ գտնուելու իրենց ժրաջան ջանքերը հոգեւոր գետնի վրայ վարձատրուեցան։

Երգեցողութիւն թիւ 28 եւ փակման աղօթք։

Յունուար 31–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 138

12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բոլորին յիշեցուցէք որ Յունուար ամսուան իրենց դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Յիշեցէք Փետրուար ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութիւնը՝ Ընտանիք գիրքը։ Ցուցադրեցէք թէ էջ 12–ի վրայ գտնուող շրջագծին երեք հարցումները ի՛նչպէս կրնան որպէս հիմ ծառայել, անհատ մը խօսակցութեան միջամուխ դարձնելու համար։

15 վյրկ. ‘Նշանակելու’ Մասին Յարուցուած Հարցումին Պատասխանը։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Յուլիս 1999 (Անգլերէն), էջ 29-31–ի վրայ։

18 վյրկ. Ի՛նչպէս Օգնել Ուրիշներու որ Ճշմարիտ Կրօնքը Բնորոշեն։ Որակելի օգնական ծառայի մը եւ երկու կամ երեք ատակ հրատարակիչներու միջեւ զրոյց, թէ ոմանք ի՛նչպէս կրնան տպաւորուած ըլլալ Եհովայի Վկաներով, բայց յստակօրէն չեն հասկնար ուրիշ կրօնքներու եւ մերինին միջեւ եղած տարբերութիւնը։ Վերաքաղ ըրէք Զարթի՛ր 8 Մայիս 1995, էջ 20–ի մէջ յիշուած տասը կէտերը։ Բացատրեցէք թէ այս ազդակները գիտնալը ի՛նչպէս կրնայ անկեղծ անհատի մը օգնել որ ճշմարիտ եւ սուտ պաշտամունքի միջեւ եղած տարբերութիւնը եւ Եհովայի ժողովուրդէն սորվելու ու մեր հետ ընկերակցելու կարիքը տեսնէ։

Երգեցողութիւն թիւ 143 եւ փակման աղօթք։

Փետրուար 7–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 113

8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

17 վյրկ. Վերաքաղ Ըրէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութիւնը Գիրքը։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ խօսակցութիւն։ Վերաքաղ ըրէք նոր գրքին ուշագրաւ կէտերը. գրաւիչ խորագիրներ, վառ պատկերներ, իւրաքանչիւր գլուխի վերջաւորութեան խուզարկու հարցումներ պարունակող շրջագիծ մը, մանրամասնութիւններ յստակացնող քարտէսներ ու ցանկեր։ Նկատի առէք այն քաջալերական բացատրութիւնը թէ ի՛նչպէս Միքայէլ մասնայատուկ կերպով մը «պիտի ելլէ» (էջ 288-290)։ Նկատի առէք որպէս Աստուծոյ Խօսքին ուսուցիչներ տոկալու կարեւորութիւնը (էջ 311-312)։ Բոլորս ալ ուշադրութեամբ պէտք է կարդանք այս գիրքը եւ յորդորենք հետաքրքրուած անհատները որ նոյնը ընեն։

20 վյրկ. Անոնք Իմաստուն Ընտրութիւն մը Ըրին։ Դասախօսութիւն հիմնուած՝ Դիտարան 15 Հոկտեմբեր 1997 (Անգլերէն), էջ 19-21, պարբերութիւն 3-16–ի վրայ։ Յիշեցէք ռահվիրաներու արտայայտութիւնները, ցոյց տալով թէ անոնք ինչո՛ւ կը խորհին թէ իրենց կեանքը ամենէն արժէքաւոր եւ օգտակար կերպով անցուցած են։ Բոլոր ներկաները քաջալերեցէք որ ռահվիրայութեան ձեռնարկելու իրենց անհատական պատեհութիւնները քննեն։

Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել