Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/00 էջ 1
  • Քրիստոսի Սիրոյն կ’Ընդառաջէ՞ք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Քրիստոսի Սիրոյն կ’Ընդառաջէ՞ք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինչո՞ւ Յիշատակատօնին ներկայ կ’ըլլանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Եհովան կ’օրհնէ Յիշատակատօնը տօնելու մեր ջանքերը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Բարին Գործելու Նախանձախնդիր Եղէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 4/00 էջ 1

Քրիստոսի Սիրոյն կ’Ընդառաջէ՞ք

1 Իր Տիրոջ կեանքի ընթացքին մասին խորհրդածելով, Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Յիսուս . . . սիրելով իրենները, որոնք աշխարհի մէջ էին, մինչեւ վերջն ալ սիրեց զանոնք»։ (Յովհ. 13։1) Յիշատակատօնի այս ժամանակաշրջանին, մեր մտածումները կ’ուղղուին դէպի Քրիստոսի սիրոյն մեծագոյն արտայայտութեան։ Կրնանք այդ սիրոյն ընդառաջել, փրկանքին վրայ հաւատք ընծայելով, նախանձախնդրաբար քարոզչութեան մասնակցելով, եւ Յիսուսի նման «մինչեւ վերջը» համբերելով։—Մատթ. 24։13. 28։19, 20. Յովհ. 3։16

2 Քրիստոսի Սիրոյն Ընդառաջենք. Յիսուս իր երկրային կեանքին վերջին շաբաթը շատ գործունեայ էր։ (Մատթ. 21։23. 23։1. 24։3) Որպէս Քրիստոսը ընդօրինակողներ, սէրը մե՛զ ալ կը մղէ որ ‘ջանք ընենք’ Եհովայի ծառայութեան մէջ։ (Ղուկ. 13։24) Կրնա՞ք Ապրիլի ընթացքին վկայելու յաւելեալ գործունէութեան կարգադրութիւնները օգտագործել, աւելցնելով ծառայութեան համար ձեր յատկացուցած ժամանակը։

3 Այս տարի Տիրոջ Ընթրիքը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 19 Ապրիլի երեկոյեան։ Այս առիթին համար քանի՞ հոգիներ ներկայ պիտի գտնուին։ Մեծաւ մասամբ, ասիկա մեզմէ կախեալ է։ Ձեր հրաւիրելիք անհատներուն ցանկը պատրաստա՞ծ էք, օրինակ՝ ձեր Աստուածաշունչի աշակերտները եւ ուրիշ հետաքրքրուած անհատներ, ազգականներ, գործի բարեկամներ կամ դասընկերներ։ Անոնց հետ կապ պահա՞ծ էք, եւ սրտանց հրաւիրա՞ծ էք զանոնք։ Անոնց պիտի յիշեցնէ՞ք Յիշատակատօնէն քանի մը օր առաջ։ Ներկայ գտնուելու համար անոնք ձեր օգնութեան կարիքը ունի՞ն։ Երէցները պիտի հրաւիրեն նաեւ ծառայութեան մէջ անգործունեայ դարձած անհատները։ Յիշատակատօնը՝ փոխանակ շաբաթավերջին, շաբթուան մէջ տեղի ունենալը, պատճառ մը չէ որ ոմանք ներկայ գտնուիլը նուազ կարեւոր նկատեն։

4 Պատրաստուա՛ծ Եկէք. Կենսական է որ պատրաստ ըլլանք եւ մտքի պատշաճ վիճակ մը ունենանք երբ Յիշատակատօնին ներկայ կը գտնուինք։ Պօղոս իր հաւատակիցները յորդորեց որ այս առիթին լրջութիւնը ի մտի ունենան։ (Ա. Կորն. 11։20-26) Կրնաք ձեր ընտանեկան ուսումնասիրութեան ընթացքին կարդալ Յովհաննու Աւետարանին 13-17–րդ գլուխները, ապա ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ պատմէ թէ Յիսուսի զոհագործութիւնը ի՛նչ կը նշանակէ իրեն համար։ Նաեւ մի՛ մոռնաք Յիշատակատօնի շաբթուան համար նշանակուած առօրեայ ընթերցանութիւնը ընելու։

5 Քրիստոսի հանդէպ մեր սէրը խորունկ է եւ անիկա 19 Ապրիլէն շա՜տ աւելի անդին կ’երթայ։ Վճռած ենք իրեն հանդէպ մեր սէրը յաւիտեա՛ն ցուցաբերել։ Այս տարուան Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը պիտի օգնէ մեզի որ այս վճռակամութեան կառչած մնանք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել