Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/00 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Ապրիլ 10–ով Սկսող Շաբաթ
  • Ապրիլ 17–ով Սկսող Շաբաթ
  • Ապրիլ 24–ով Սկսող Շաբաթ
  • Մայիս 1–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 4/00 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Ապրիլ 10–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 204

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Մի՛ մոռնաք 16 Ապրիլին ներկայացուելիք՝ «Մարդկութիւնը Ինչո՛ւ Փրկանքի մը Կարիքը Ունի» խորագրով մասնաւոր դասախօսութիւնը։ Բոլորը քաջալերեցէք որ Յիշատակատօնին համար յայտագրուած Աստուածաշունչի ընթերցանութեան հետեւին, 14-19 Ապրիլ, ինչպէս որ ուրուագծուած է Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր—2000–ի գրքոյկին մէջ։ Վերաքաղ ըրէք յաւելուածականի 4–րդ էջին վրայ գտնուող «Յիշատակատօնի Վերաբերեալ Վերյիշեցումներ» շրջագիծը։

15 վյրկ. «Քրիստոսի Սիրոյն կ’Ընդառաջէ՞ք»։ Բացման խօսքերը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլան, ապա հարց պատասխանով նիւթը նկատի առէք։ Պարփակեցէք գաղափարներ առնուած՝ Ուսումնասիրութեան Նիւթերու Գրքոյկ Բ. Մաս–էն, էջ 9, պարբերութիւն 12-13։ Բոլորը քաջալերեցէք որ մասնաւոր ջանք թափեն մարդիկը Յիշատակատօնի հրաւիրելու համար։

20 վյրկ. «Ապրիլ Ամիսը՝ Բարի Գործերու Նախանձախնդիր Ըլլալու Ժամանակ մըն Է»։ Հարց պատասխանով։ Խանդավառութեամբ նկատի առէք այն բաները զորս կ’ուզենք Ապրիլին իրագործել։ Վերջին երեք կամ չորս վայրկեանները գործածեցէք վերաքաղ ընելու «Շատերը Խթանող Նախանձախնդրութիւնը» յօդուածը։

Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։

Ապրիլ 17–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 114

13 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Միայն երկու շաբաթավերջ մնացած է Ապրիլէն, ուստի բոլորը քաջալերեցէք որ ամիսը վերջանալէն առաջ ծառայութեան մասնակցին։ Ցուցադրեցէք պարբերաթերթի հակիրճ ներկայացում մը, գործածելով ընթացիկ օրինակներ։ Քանի որ կրնանք պարտաւորուիլ պատասխանելու այն անհատներուն, որոնք կ’ուզեն իրենց Զատկուան սովորութիւններուն մասնակից դարձնել մեզ, վերաքաղ ըրէք ինչ որ ըսուած է Պատճառաբանել գրքին մէջ, էջ 179-180։

16 վյրկ. «Անձնազոհութեան Հոգին Ունի՞ք»։ Հարց պատասխանով։ Առաջնահերթութիւններ հաստատելու կարիքը ունինք, առաջնակարգ բաները առաջին տեղը դնելով։ Նախաձեռնութիւն եւ ինքնազսպում կը պահանջուի, հոգեւորապէս օգտակար եղածը ընելու մէջ յարատեւելու համար։ Բացատրեցէք թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ Յիսուսի օրինակէն։—Տես՝ Խորաթափանց, Հատոր Բ., էջ 68, պարբերութիւն 3-5։

16 վյրկ. Պարբերաթերթեր Տեղաւորեցէք Հո՛ն՝ Ուր Լաւագոյնս Պիտի Արժեւորուին»։ Դասախօսութիւն, ներկաներուն մասնակցութեամբ։ Վերաքաղ ըրէք Զարթի՛ր 8 Յունուար 1995, էջ 22-24–ի թելադրութիւնները։ Բացատրեցէք թէ ինչո՛ւ լաւ է փնտռել անհատներ, որոնք հաւանաբար ընդառաջեն պարբերաթերթերուն մէջ հրատարակուած մասնագիտական յօդուածներուն։ Նկատի առէք հին թիւերէն օրինակներ, որոնք կրնան գրաւիչ ըլլալ ձեր թաղամասին մէջ եղող որոշ անհատներու, առեւտրական հաստատութիւններու կամ կազմակերպութիւններու։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ փորձառութիւններ պատմեն, ցոյց տալով թէ ի՛նչպէս այս մեթոտը գործածելով լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգած են։

Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։

Ապրիլ 24–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 28

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ծանուցանեցէք ձեր ժողովքի Յիշատակատօնի ներկաներուն թիւը։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ առաջին անգամ ներկայ գտնուող անհատներուն արտայայտութիւնները կրկնեն։

17 վյրկ. Նորեկներուն Օգնեցէք որ Ժողովներու Ներկայ Գտնուին։ Դասախօսութիւն՝ հիմնուած Գիտութիւն գրքին վրայ, էջ 161-163, պարբերութիւն 5-8։ Ժամանակ մը ուսումնասիրելէ ետք, կենսական է որ նորեկներ սկսին ժողովներու գալ։ Ասիկա կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ։ Ի՞նչ կրնաք ընել զանոնք խրախուսելու համար։ Ուսումնասիրութիւն վարողները ժամանակ պէտք է տրամադրեն որ Գիտութիւն գրքին մէջ գտնուող այս նիւթը իրենց աշակերտներուն հետ վերաքաղ ընեն, ապա որոշ կարգադրութիւններ ընեն անոնց օգնելու համար որ մեզի միանան ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ։

18 վյրկ. «Թագաւորութիւնը Կանոնաւո՞րաբար Ծանուցանող մըն Էք»։ Քարտուղարին կողմէ դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Բացատրեցէք թէ մեր դաշտի ծառայութեան գործունէութիւնը ինչո՞ւ կը տեղեկագրենք։ (Տես՝ Կազմակերպուած, էջ 106-108) Յիշեցէք կարգ մը խնդիրներ, զորս կը ծագին, երբ մեր տեղեկագիրները շուտով չենք յանձներ։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ ըսեն թէ ի՛նչ կ’ընեն վստահ ըլլալու համար որ իրենց տեղեկագիրները ժամանակին յանձնեն։ Նշեցէք թէ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչները ի՛նչպէս կրնան օգնել։ Քանի որ Ապրիլ ամիսէն միայն մէկ շաբաթավերջ մնացած է, շեշտեցէք թէ կարեւոր է որ ամէն մարդ ծառայութեան մասնակցի ու ամսուան վերջաւորութեան իր գործունէութիւնը տեղեկագրէ։

Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։

Մայիս 1–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 127

12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Յիշեցուցէք որ բոլորը Ապրիլ ամսուան իրենց դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները տան։ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչները վստահ պէտք է ըլլան որ իրենց խումբի բոլոր անդամները տեղեկագիրները տուած են, որպէսզի բոլոր տեղեկագիրները արձանագրուին մինչեւ Մայիս 6։ Վերաքաղ ըրէք Հարցումի Տուփը, զայն տեղւոյն կարիքին յարմարցնելով։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

18 վյրկ. «Անպայմա՛ն Վերադարձէք»։ Ներկաներուն հետ զրոյց։ Նկատի առէք վերայցելութիւններ ընելու մէջ թերանալուն պատճառները։ Բացատրեցէք թէ ինչո՛ւ ճշգրիտ նոթերը եւ վերադառնալու կամեցողութիւնը կարեւոր են։ Թելադրեցէք որ ամէն շաբաթ վերայցելութիւններ ընելու համար ժամանակ յատկացուի։ Վերաքաղ ըրէք ի՛նչ որ ըսուած է Կազմակերպուած գրքին մէջ, էջ 88-89։ Պատմեցէք փորձառութիւններ որոնք տեղեկագրուած են 1995–ի Տարեգիրք–ին մէջ, էջ 45։—Ա. Կորն. 3։6, 7

Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել