Ձեր Սրբազան Ծառայութեան Մէջ Ուրախութիւն Գտէք
1 Անոնք ‘ուրախութեամբ դարձան’։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կը նկարագրէ թէ 70 աշակերտները ի՛նչպէս զգացին, երբ քարոզչական ընդլայնուած շրջապտոյտէ մը վերադառնալէ ետք, Յիսուսի տեղեկութիւն տուին։ Անոնք Աստուծոյ կամքը կատարելով, ներքին ուրախութիւն մը զգացին։ (Ղուկ. 10։17) Ի՞նչ բան կրնայ օգնել ձեզի որ սրբազան ծառայութեան մէջ նոյն ուրախութիւնը գտնէք։
2 Դրական Կեցուածք. Աստուածատուր առանձնաշնորհումը ունիք ուրիշներուն գիտցնելու Եհովայի հոյակապ նպատակները։ Ձեր քարոզչութեամբ, կրնաք օգնել որ անհատ մը այս աշխարհի նուաստացուցիչ սովորութիւններէն եւ սուտ կրօնքի կապանքներէն ազատ արձակուի։ Կրնաք մարդոց ներկայացնել այժմ մեզ շրջապատող կռիւներէ զերծ եղող աշխարհի մը մէջ ապրելու յոյսը։ Խորհեցէք Եհովայի զգացած ուրախութեան մասին, երբ յաջողիք ճշմարտութեան սերմը ցանել ընդունակ սրտի մը մէջ։ Վստահութեամբ աղօթեցէք որ Աստուծոյ հոգին ձեր մէջ ուրախութեան պտուղը յառաջ բերէ, մինչ բոլոր սրտով ծառայութեան հետամուտ կ’ըլլաք։
3 Գործնական Մարզում. Իր 70 աշակերտներուն հրահանգներ տալու համար Յիսուսի ունեցած նիստը, կրնայ նմանցուիլ արդի Ծառայութեան Ժողովի մը։ Անոնց մարզում տուաւ, որպէսզի ազդուօրէն կատարէին իրենց ծառայութիւնը։ (Ղուկ. 10։1-16) Ներկայիս, Ծառայութեան Ժողովը ձեզ կը մարզէ որ մարդոց մօտենալու, խօսակցութիւններ սկսելու, եւ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու եւ վարելու կերպեր սորվիք։ Ժրաջան ըլլալով եւ քարոզչական ձեր հմտութիւնները բարելաւելով, պիտի տեսնէք թէ ամչկոտութեան եւ անատակութեան որեւէ զգացում պիտի նուազի եւ պիտի փոխարինուի վստահութեամբ եւ ուրախութեամբ։
4 Ապագային Վրայ Կեդրոնացէք. Յիսուս իր սրբազան ծառայութեան մէջ ուրախութիւն գտաւ, հակառակ իր կրած տառապանքներուն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան իր աչքը սեւեռած պահեց իր առջեւ կեցած օրհնութիւններուն եւ առանձնաշնորհումներուն վրայ։ (Եբր. 12։2) Կրնաք նոյնը ընել, ձեր միտքը եւ սիրտը Եհովայի անուան, եւ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ գալիք օրհնութիւններուն վրայ կեդրոնացած պահելով։ Ասիկա ձեր ծառայութեան յաւելեալ ուրախութիւն եւ իմաստ պիտի տայ։
5 Եհովայի սրբազան ծառայութիւն մատուցանելը մեծագոյն առանձնաշնորհումն է, որ կրնանք ունենալ ներկայիս։ Հետեւաբար, դո՛ւք ալ ըսէք. «Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ»։—Սաղմ. 40։8