Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/00 էջ 7
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հարցումի տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Ձեր զաւակները իրենց մանկութենէն մարզեցէք
    Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 5/00 էջ 7

Հարցումի Տուփ

◼ Հիւրընկալները ի՞նչպէս կրնան ծնողներու աջակցիլ, որպէսզի անոնք կարենան իրենց զաւակներուն օգնել, որ ժողովներու ընթացքին կարգապահ մնան։

Երախաները բնականաբար վառվռուն կ’ըլլան, եւ երկար պահեր նստելու՝ անվարժ։ Ժողովէ մը ետք, երախաներու զսպուած կորովը, կրնայ պատճառ ըլլալ որ անոնք վազվզեն եւ ուրիշ երախաներ հալածեն Թագաւորութեան Սրահին, ժողովի ուրիշ վայրերու, կառատան մէջ կամ, մայթերուն վրայ։ Սակայն, ինչպէս որ առակը կ’ըսէ. «Իր կամքին ձգուած տղան իր մայրը կ’ամչցնէ»։—Առ. 29։15

Ցաւօք սրտի, մեր տարեց եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք լրջօրէն վնասուած են, քանի որ երախաներ անոնց զարնուելով զիրենք գետին ձգած են։ Ասիկա անտեղի տառապանք, ինչպէս նաեւ անհարկի ծախս պատճառած է ծնողքին եւ ժողովքին։ Թէ՛ իրենց եւ թէ ուրիշներու ապահովութեան սիրոյն, զաւակներուն թոյլ պէտք չէ տրուի որ վազվզեն եւ խաղան Թագաւորութեան Սրահէն ներս կամ դուրս։

Ծնողներ սուրբ գրային պատասխանատուութիւնը ունին իրենց զաւակները մարզելու, որ մեր պաշտամունքի վայրերուն հանդէպ պատշաճ յարգանք ունենան։ (Ժող. 5։1ա) Մեր քրիստոնէական ժողովներուն, համաժողովներուն եւ նահանգային համաժողովներուն, հիւրընկալներ կը նշանակուին, հսկելու համար որ «ամէն բան վայելչութեամբ» եւ «կարգ ու կանոնով» ըլլայ։ (Ա. Կորն. 14։40. Կող. 2։5, Երուսաղէմ) Անոնք աչալուրջ պէտք է ըլլան յայտագրէն առաջ, անոր ընթացքին եւ անկէ ետք, թէ՛ ներսը եւ թէ դուրսը։ Եթէ երախայ մը վազվզէ կամ անկարգութիւն ընէ, հիւրընկալը կրնայ ազնուօրէն երախան կեցնել եւ անոր բացատրել թէ այսպիսի արարքներ ինչո՛ւ ընդունելի չեն։ Երախային ծնողքին ալ ազնուօրէն ուշադրութեան պիտի յանձնուի խնդիրը եւ զաւկին վրայ հսկելու կարիքը։ Ծնողքը պատշաճօրէն պէտք է ընդառաջէ։

Հասկնալի է որ երբեմն նորածիններ եւ մանուկներ ժողովներու ընթացքին կրնան լալ կամ խանգարում պատճառել։ Հիւրընկալները, որոնք յայտագիրը սկսելէն առնուազն 20 վայրկեան առաջ կը հասնին, կրնան սրահին մէջ վերջին քանի մը շարքերը վերապահել իրենց երախաներուն հետ հոն նստիլ փափաքող ծնողներուն։ Մնացեալս, պէտք է համագործակցինք, այդ նստարանները անոնց ձգելով։

Եթէ երախայ մը խանգարում պատճառէ, ծնողքը պէտք է կարգ մը քայլեր առնէ։ Եթէ ծնողը բան մը չընէ եւ ասիկա ուրիշներու մտացրութեան պատճառ ըլլայ, հիւրընկալ մը ազնուօրէն պէտք է խնդրէ ծնողէն, որ բարեհաճի, երախան սրահէն դուրս հանել։ Եթէ փոքր զաւակներ ունեցող նորեկներ ժողովներու հրաւիրենք, անոնց հետ պէտք է նստինք եւ իրենց օգնենք, երբ անոնց երախաները լան կամ ուրիշ կերպերով խանգարում պատճառեն։

Մեզի համար ուրախութիւն է Թագաւորութեան Սրահին մէջ ամէն տարիքի երախաներ տեսնել եւ Աստուծոյ տանը մէջ անոնց ցուցաբերած բարի վարքը նկատել։ (Ա. Տիմ. 3։15) Եհովայի պաշտամունքի կարգադրութիւնը յարգելով, անոնք իրեն պատիւ կը բերեն եւ ժողովքի բոլոր անդամներուն կողմէ կը գնահատուին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել