Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Օգոստոսին. Կրնաք գործածել հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն որեւէ մէկը. Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի, Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք, եւ՝ Պէ՞տք Է Հաւատաք Երրորդութեան։ Երբ յարմար տեսնէք, կրնաք ներկայացնել Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար գրքոյկը։ Սեպտեմբերին. Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը։ Հոկտեմբերին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Երբ վերայցելութիւններու ընթացքին հետաքրքրութիւն ցոյց տրուի, կարելի է բաժանորդագրութիւն ներկայացնել։ Ամսուան վերջաւորութենէն սկսեալ, «Նոր Հազարամեակը—Ապագան Ի՞նչ կը Վերապահէ Ձեզի Համար» խորագրով Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36–ը պիտի բաշխուի։ Նոյեմբերին. Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36–ին բաշխումը պիտի շարունակուի։ Այն ժողովքները որոնք իրենց թաղամասերը կը ծածկեն, իւրաքանչիւր տանտիրոջ Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36–էն օրինակ մը տալով, կրնան Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը կամ Գիտութիւն գիրքը ներկայացնել։ Եթէ մարդիկ արդէն ասոնցմէ ունին, կրնաք գործածել Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը։
◼ Սեպտեմբեր 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։
◼ Ժողովքները պէտք է խնդրեն Եհովայի Վկաներու 2001–ի Օրացոյց–ը, Սեպտեմբերի գրականութիւններու ապսպրանքին հետ։ Օրացոյցները մատչելի պիտի ըլլան հետեւեալ լեզուներով. Ալպաներէն, Անգլերէն, Արաբերէն, Արեւելահայերէն, Աֆրիքաներէն, Գերմաներէն, Դանիերէն, Եբրայերէն, Թրքերէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Խրուաթերէն, Հայերէն, Հինտի, Հոլանտերէն, Հունգարերէն, Ճափոներէն, Յունարէն, Նորվեկերէն, Շուէտերէն, Ուգրաներէն, Չեխերէն, Չինարէն, Ռումաներէն, Ռուսերէն, Սերպերէն, Սլովաքերէն, Սպաներէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն, Ֆինլանտերէն եւ Ֆրանսերէն։
◼ Բաւարար քանակով պատճեններ պիտի ղրկուին իւրաքանչիւր ժողովքի, որպէսզի 2001–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին գործածուին։ Այս պատճենները պէտք չէ վատնել։ Զանոնք պէտք է գործածել միայն իրենց որոշուած նպատակին համար։
◼ Մատչելի եղող բոլոր գրականութիւններուն եւ պարբերաթերթերուն տարեկան ցուցակագրութիւնը պէտք է ըլլայ՝ եթէ կարելի է, 31 Օգոստոս 2000–ին, կամ անկէ քիչ առաջ կամ ետք։ Այս ցուցակագրութիւնը նման է ամէն ամիս գրականութիւնները համադասողին կողմէ կատարուած բուն հաշիւին, իսկ ընդհանուր գումարները պէտք է արձանագրուին Գրականութիւններու Ցուցակագրութեան պատճենին վրայ (S-18)։ Մատչելի պարբերաթերթերուն ընդհանուր գումարը կարելի է առնել գրականութիւն ստացող խումբի իւրաքանչիւր ժողովքին պարբերաթերթերու ծառաներէն։ Իւրաքանչիւր համադասող ժողովք Գրականութիւններու Ցուցակագրութեան պատճենէն (S-18) երեք օրինակ պիտի ստանայ։ Հաճեցէք բուն օրինակը Ընկերութեան ղրկել Սեպտեմբեր 6–էն առաջ։ Օրինակ մը պահեցէք ձեր թղթածրարներուն համար։ Երրորդ օրինակը որպէս սեւագրութիւն կարելի է գործածել։ Համադասող ժողովքին քարտուղարը ինքն է որ պէտք է վերահսկէ ցուցակագրութեան։ Համադասող ժողովքին քարտուղարը եւ վերակացու տեսուչը պիտի ստորագրեն պատճենը։
◼ Օգոստոս 25-26, 2000, Ընկերութիւնը Պրուքլինի Պէթէլի մէջ գտնուած բոլոր գրականութիւնները պիտի ցուցակագրէ։ Այս ցուցակագրութեան պատճառով, ժողովքներու գրականութեան ապսպրանքներու առաքումը պիտի առկախուի այդ օրերուն։
◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ —Սալոմոն Կղզիներու Փիճն
Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի —Մալայալամ, Նէփալ
Եհովան Ո՞վ Է (Թերթիկ Թիւ 23) —Սլաւերէն
Եհովայի Վկաներու Հաւատալիքները Ի՞նչ Են (Թերթիկ Թիւ 14) —Հինտի
Մեզի Հոգ Տանող Ստեղծիչ մը Կա՞յ —Շուէտերէն