Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Գրաւոր Վերաքաղ
Գոց գրքերով վերաքաղ՝ 1 Մայիսէն մինչեւ 21 Օգոստոս 2000, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի նշանակումներով ներկայացուած նիւթերու վրայ հիմնուած։ Յատկացուած ժամանակամիջոցին, անջատ թուղթի մը վրայ ձեր կրցած չափով հարցումներուն պատասխանեցէք։
[Նշմար. Գրաւոր վերաքաղի ընթացքին, միայն Աստուածաշունչը կարելի է գործածել որեւէ հարցումի պատասխանելու համար։ Հարցումներուն աւարտին տրուած տեղեկութիւնները ձեր անձնական հետազօտութեան համար են։ Դիտարան–ի ակնարկումներէն ոմանք թերեւս չբովանդակեն էջերուն եւ պարբերութիւններուն թիւերը։]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն Շիտակ կամ Սխալ պատասխանեցէք.
1. Եփրեմի մարդոց անարդարացի նախատինքներուն վերաբերեալ Գեդէօնի տուած պատասխանը, իր հեզութիւնը եւ խոնարհութիւնը արտացոլացուց եւ այսպէս անոնց անիրաւ քննադատութիւնը կասեցուց եւ խաղաղութիւնը պահպանեց։ (Դատ. 8։1-3) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում]
2. Թէեւ Մանուէ ըսաւ՝ «Աստուած տեսանք», իրականութեան մէջ ինք եւ իր կինը Աստուծոյ նիւթականացած անձնական խօսնակը տեսան եւ ոչ թէ՝ Եհովան։ (Դատ. 13։22) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ88 8/1 էջ 9 պարբ. 4։]
3. Դատաւորաց 5։31–ի մէջ, «զանիկա սիրողները» արտայայտութիւնը մարգարէականօրէն կ’ակնարկէ Թագաւորութեան 144,000 ժառանգորդներուն։ [si էջ 50 պարբ. 28]
4. Մեռեալ Ծովուն Մագաղաթներուն մէջ Հռութայ գրքէն բեկորներ չգտնուեցան։ [si էջ 51 պարբ. 3]
5. Դատաւորաց 21։25–ը կ’ակնարկէ ժամանակաշրջանի մը, երբ Եհովա Իսրայէլ ազգին որեւէ առաջնորդութիւն չտուաւ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ95 9/1 էջ 30 պարբ. 16։]
6. Ուխտի տապանակին վրայ եղող քերովբէները Եհովայի թագաւորական ներկայութիւնը կը նշէին, որու մասին կ’ըսուէր թէ ‘քերովբէներուն վրայ [կամ, «միջեւ»] կը նստէր’։ (Ա. Թագ. 4։4, ՆԱ, ստորանիշ) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w80 11/1 էջ 29 պարբ. 2։]
7. Երբ Սաւուղի զինուորները անել կացութեան մատնուելով արիւն կերան եւ չպատժուեցան, ասիկա ցոյց տուաւ թէ կարելի է որ արդարացի պատճառներով անհատի մը կեանքը փրկելու համար աստուածային օրէնքը ժամանակաւորապէս անտեսուի։ (Ա. Թագ. 14։24-35) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w94 4/15 էջ 31 պարբ. 7-9։]
8. Թէեւ ոմանք «համոզում» բառը խարդախութեան եւ խորամանկութեան հետ կ’առնչեն, սակայն անիկա կրնայ գործածուիլ դրական իմաստով՝ առողջ ու տրամաբանական պատճառաբանութեամբ համոզելու եւ մտքի փոփոխութիւն յառաջացնելու գաղափարը հաղորդելու համար։ (Բ. Տիմ. 3։14, 15) [w98 5/15 էջ 21 պարբ. 4]
9. «Կեանքի ծրար»ը կ’ակնարկէ պահպանուելու եւ պահուելու աստուածային հայթայթումին, որմէ Դաւիթ պիտի օգտուէր եթէ Աստուծոյ աչքին արիւնապարտ ըլլալէ խուսափէր։ (Ա. Թագ. 25։29) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ91 9/1 էջ 16 պարբ. 3։]
10. Բ. Թագաւորաց 7։16–ին մէջ ակնարկուած Դաւիթենական Թագաւորութեան ուխտը, դէպի Մեսիան տանող Սերունդին շառաւիղը սահմանափակեց եւ օրինաւոր կերպով երաշխաւորեց թէ Դաւիթի շառաւիղէն եղող անհատ մը «յաւիտեան» պիտի իշխէր։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ89 3/1 էջ 14 պարբ. 21, 22։]
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեցէք.
11. Սաղմոս 34։18–ն ի՞նչ երաշխիք կը հայթայթէ։ [w98 4/1 էջ 31 պարբ. 2]
12. Յովսէփի Բառնաբաս մականուանուիլը ի՞նչ ցոյց տուաւ։ (Գործք 4։36) [w98 4/15 էջ 20 պարբ. 3, ստորանիշ]
13. Աստուածաշունչը ինչո՞ւ կ’ըսէ թէ Հեղի շարունակեց իր որդիները Եհովայէ աւելի պատուել։ (Ա. Թագ. 2։12, 22-24, 29) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութիւն. տես՝ դ96 12/1 էջ 25 պարբ. 14։]
14. Հռութայ գիրքը ինչո՞ւ Թագաւորութեան խոստումներուն հանդէպ մեր վստահութիւնը պէտք է զօրացնէ։ [si էջ 53 պարբ. 10]
15. Ա. Թագաւորաց 1։1-7–ի համաձայն, Սամուէլի ընտանիքը ի՞նչ աչքառու օրինակ հանդիսացաւ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ98 6/1 էջ 16 պարբ. 12։]
16. Ի՞նչ իմաստով կրնայ ըսուիլ թէ ‘հարստութեան զօրութիւնը խաբէական է’։ (Մատթ. 13։22) [w98 5/15 էջ 5 պարբ. 1]
17. Տարիքով աւելի մեծ եղող Յովնաթան ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ կ’ընդունէր Եհովայի օծեալը՝ Դաւիթը, եւ ասիկա ի՞նչ կը պատկերացնէ այսօր։ (Ա. Թագ. 18։1, 3, 4) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w89 1/1 էջ 24, 26 պարբ. 4, 13։]
18. Թէեւ Յոբ «կատարեալ եւ արդար» էր, սակայն Յոբայ գիրքը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ ասիկա չի նշանակեր թէ ան բառացիօրէն կատարեալ էր։ (Յոբ. 1։8) [w98 5/1 էջ 31 պարբ. 1]
19. Ի՞նչ ըսել կ’ուզուի «ջանք ըրէք» արտայայտութեամբ։ (Ղուկ. 13։24) [w98 6/15 էջ 31 պարբ. 1, 4]
20. Մինչ ուրիշներուն հետ կ’աշխատինք, ի՞նչ արժէքաւոր դաս մը կրնանք սորվիլ Բ. Թագաւորաց 12։26-28–ին մէջ արձանագրուած դէպքէն։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ94 4/1 էջ 16 պարբ. 19։]
Հետեւեալ արտայայտութիւնները ամբողջացնելու համար, պէտք եղած բառը կամ նախադասութիւնը հայթայթեցէք.
21. Եհովայի կողմէ Բահաղի պաշտամունքի խստօրէն դատապարտուիլը մեզ պէտք է մղէ որ հեռու կենանք անոր արդի համազօրներէն, այսինքն՝ _________________________ , _________________________ , եւ _________________________ (Դատ. 2։11-18) [si էջ 50 պարբ. 26]
22. Սամուէլի օրերուն էր որ _________________________ ժամանակաշրջանը վերջ գտաւ, եւ՝ _________________________ ժամանակաշրջանը սկսաւ, որու վերջաւորութեան Իսրայէլ Եհովայի հաճութիւնը կորսնցուց։ [si էջ 53 պարբ. 1]
23. Աստուածային անունը՝ Եհովա, կը նշանակէ « _________________________ », եւ ցոյց կու տայ թէ Եհովա կրնայ կատարել որեւէ պահանջուած դեր որպէսզի իր _________________________ իրագործէ։ [w98 5/1 էջ 5 պարբ. 3]
24. Հեղի եւ Սաւուղ երկուքն ալ թերացան, առաջինը՝ _________________________, իսկ երկրորդը՝ _________________________ վարուեցաւ։ [si էջ 57 պարբ. 27]
25. Յիսուսի տուած Բարի Սամարացիին առակը ցոյց կու տայ թէ իրապէս ուղիղ անհատը այն է, որ ո՛չ միայն Աստուծոյ _________________________ կը հնազանդի, այլեւ՝ Իր _________________________ կ’ընդօրինակէ։ (Ղուկ. 10։29-37) [w98 7/1 էջ 31 պարբ. 2]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն մէջէն շիտակ պատասխանը ընտրեցէք.
26. Եհովայի (իմաստութեան. զօրութեան. սիրոյ) ծաւալուն յատկութիւնը կը տեսնուի (Հռութը. Նոեմին. Որփան) ընտրելուն մէջ, (Բահաղի. Քամովսի. Դագոնի) նախկին երկրպագու մը, որ ճշմարիտ պաշտամունքը որդեգրեց եւ Յիսուս Քրիստոսի նախամայրերէն մէկը եղաւ։ (Մատթ. 1։3, 5, 16) [si էջ 51 պարբ. 1]
27. Իսրայէլի դատաւորներու իշխանութեան ժամանակաշրջանը վերջ գտաւ, երբ (Սամուէլ. Դաւիթ. Սաւուղ) թագաւոր օծուեցաւ եւ անկէ քիչ ետք Եհովային օգնութեամբ (Ամմոնացիներուն. Մովաբացիներուն. Փղշտացիներուն) յաղթեց։ (Ա. Թագ. 11։6, 11) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w95 12/15 էջ 9 պարբ. 2–էջ 10 պարբ. 1։]
28. Տիմոթէոսը «սուրբ գրքեր»ուն համաձայն դաստիարակելու մէջ առաջնորդութիւն առնողը եւ անոր հոյակապ միսիոնար եւ տեսուչ մը ըլլալու հասնիլը տեսնողը (Պօղոս առաքեալ. իր հայրն. իր մայրը ու մեծ մայրն) էր։ (Բ. Տիմ. 3։14, 15. Փիլ. 2։19-22) [w98 5/15 էջ 8 պարբ. 3–էջ 9 պարբ. 5]
29. (Դաւիթի. Սամուէլի. Յովնաթանի) մատղաշ տարիքին կատարած ծառայութիւնը պէտք է քաջալերէ դեռատիները որ ներկայիս իրենք ալ ծառայութիւնը որդեգրեն, իսկ մինչեւ իր վերջին օրերը անդադար ծառայելը պէտք է ոգեւորէ ուժասպառ տարեցները։ [si էջ 58 պարբ. 30]
30. Բ. Թագաւորաց գրքին ծածկած ժամանակաշրջանն է՝ Հ.Դ.Ա. (1077–էն մինչեւ շուրջ 1040. 1077–էն մինչեւ շուրջ 1037. 1070–էն մինչեւ շուրջ 1040)։ [si էջ 59 պարբ. 3]
Հետեւեալ համարները վարը տրուած արտայայտութիւններուն հետ համեմատեցէք.
Դատ. 11։30, 31. Ա. Թագ. 15։22. 30։24, 25. Դ. Թագ. 6։15-17. Յակ. 5։11
31. Եհովա կ’երաշխաւորէ թէ ինք իր երկնային զօրքերը պիտի գործածէ իր ժողովուրդը պաշտպանելու համար իր կամքին համաձայն։ [w98 4/15 էջ 29 պարբ. 5]
32. Ժողովքի տեսուչները պատասխանատուութիւնը ունին իրենց համաձայնութիւնները յարգելու, նոյնիսկ երբ անոնք երբեմն իրենց ցաւ պատճառեն եւ սուղի նստին։ [դ99 9/15 էջ 10 պարբ. 3-4]
33. Փորձութիւններու ներքեւ ուղղամտութիւն պահպանելը Եհովա Աստուծոյ կողմէ մեծ հատուցում ստանալու կ’առաջնորդէ։ [w98 5/1 էջ 31 պարբ. 4]
34. Աստուծոյ հանդէպ հարազատ սէրը կը պահանջէ աստուածային ուղղութիւններուն հնազանդիլ եւ ոչ թէ պարզապէս անոր զոհեր մատուցանել։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w96 6/15 էջ 5 պարբ. 1։]
35. Եհովա խոր գնահատութիւն ցոյց կու տայ ներկայիս իր կազմակերպութեան մէջ որպէս նեցուկ ծառայողներուն հանդէպ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ87 4/1 էջ 3 պարբ. 4։]