Հարցումի Տուփ
◼ Ժողովքը իր ամբողջ թաղամասին քարտէսը ցուցադրուած պէ՞տք է ունենայ Թագաւորութեան Սրահին մէջ։
Այո՛, ամբողջ թաղամասին քարտէսը պէտք է շրջանակի անցնի եւ Թագաւորութեան Սրահին պատին վրայ ցուցադրուի։ Քարտէսը տեղեկութեանց տախտակին վրայ պէտք չէ դրուի։ Անիկա պէտք է ցոյց տայ ժողովքին նշանակուած թաղամասին ընդհանուր սահմանները եւ իւրաքանչիւր թաղամասին սահմանները, իրենց նշանակուած թիւերուն հետ։ Նոյն Թագաւորութեան Սրահը գործածող բոլոր ժողովքներուն թաղամասի սահմանները պէտք է նշուին։ Ասիկա պիտի օգնէ հրատարակիչներուն եւ նոր հետաքրքրուողներուն գիտնալու համար թէ ո՛ր ժողովքի թաղամասին մէջ կը բնակին։ Քարտէսին վրայ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վայրերը ցոյց տալն ալ բոլորին պիտի օգնէ տեսնելու թէ ո՛ր գրքի ուսումնասիրութեան նշանակուած են։ Քարտէսը պէտք է միշտ այժմէական պահուի։
Այսպիսի քարտէս մը ցուցադրելը բոլոր հրատարակիչներուն կը յիշեցնէ որ, եթէ կարելի է, լաւ է անձնական թաղամաս մը ունենալ։ Քարտէսը օգտակար է անոնց, որ կը փափաքին իրենց տան մօտիկ թաղամաս մը ընտրել։ Երբեմն ասիկա ժամանակ կը խնայէ դաշտի ծառայութեան ժողովներուն համար, թոյլ տալով որ վարիչը հրատարակիչներու իւրաքանչիւր խումբ շուտով առաջնորդէ այն շրջանը, ուր նշանակուած են աշխատելու համար։
Քարտէսը նաեւ կ’ապացուցանէ որ ժողովքը կազմակերպուած է, իրեն նշանակուած ամբողջ թաղամասին մէջ Թագաւորութեան պատգամը տալու համար։—Ղուկ. 9։6