Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Օգոստոս 14–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 114
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Ժողովքի Մայիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագրին մասին խօսեցէք։ Օգոստոս ամիսէն միայն երկու շաբաթավերջ մնացած է, ուստի բոլորը քաջալերեցէք որ ամիսը լրանալէն առաջ ծառայութեան մասնակցին։ Վերաքաղ ըրէք դաշտի ծառայութեան շաբաթավերջի ժողովներու յայտագիրը։
15 վյրկ. «Պատերազմէ Հաւատքին Բարի Պատերազմը»։ Բացման խօսքերը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլան, անկէ ետք նիւթը հարց–պատասխանով նկատի առէք։ Յաւելեալ կէտեր մէջբերեցէք Կազմակերպուած գրքէն, էջ 44-45, թէ ի՛նչպէս Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչները իրենց խումբերուն դաշտի ծառայութեան գործունէութիւնը կը կազմակերպեն, եւ կը հետաքրքրուին ոեւէ անհատով որ ծառայութեան կանոնաւորաբար մասնակցելու, կամ զայն տեղեկագրելու համար անձնական օգնութեան կարիքը ունի։
18 վյրկ. Դպրոց Յաճախելով Ի՛նչպէս Կրնաք Օգտուիլ։ Հայր մը իր զաւակներուն հետ կը խօսի, որպէսզի անոնց օգնէ գնահատելու թէ աշխարհային ուսումը ինչո՛ւ օգտակար է։ (Տես՝ Պատանիներ գիրքը, էջ 133-139։) Պատանիներէն շատեր կը խորհին թէ դպրոց երթալը իսկական մարտահրաւէր մըն է այս անկարգ ընկերութեան մէջ։ Անոնք նաեւ կը ձանձրանան եւ կ’եզրակացնեն թէ իրենց սորվածը գործնական արժէք մը պիտի չներկայացնէ։ Հայրը վերաքաղ կ’ընէ սուրբ գրային սկզբունքներ եւ ողջամիտ պատճառներ, թէ ինչո՛ւ իմաստութիւն է բաւարար չափով աշխարհային ուսում ստանալ։ Ան զաւակները կը քաջալերէ որ լաւ սորվին եւ դասարանին մէջ լաւ մտիկ ընեն։
Երգեցողութիւն թիւ 127 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 21–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 143
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագրութիւն։ Լաւ պատրաստուած դաշտի ծառայութեան ներկայացում մը ցուցադրեցէք, ցոյց տալով թէ ի՛նչպէս կրնաք պատասխանել հետեւեալ հարցումին. «Սիրոյ Աստուած մը ի՞նչպէս կ’արտօնէ որ տառապանքը այսքան երկար շարունակուի»։ (Պատճառաբանել՝ էջ 395-396) Բոլորը քաջալերեցէք որ այս շաբաթավերջին ծառայութեան մասնակցին։
8 վյրկ. «Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի Նոր Յայտագիր»։ Դասախօսութիւն։ Ծանուցանեցէք յաջորդ մասնաւոր համաժողովին թուականը, եթէ անկէ տեղեակ էք, եւ բոլորը յորդորեցէք որ ամբողջ օրուան յայտագրին ներկայ գտնուին։ Հրատարակիչները քաջալերեցէք որ նոր հետաքրքրուած անհատները եւ Աստուածաշունչի աշակերտները հրաւիրեն։
25 վյրկ. «Դուք Ալ կ’Օգտուի՞ք»։ Հարց–պատասխան։
Երգեցողութիւն թիւ 152 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 28–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 129
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բոլորին յիշեցուցէք որ Օգոստոս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչները, վստահ պէտք է ըլլան որ իրենց խումբի բոլոր անդամները իրենց տեղեկագիրները տուած են, որպէսզի բոլոր տեղեկագիրները արձանագրուին մինչեւ Սեպտեմբեր 6։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Պատանիներուն Օգտակար Եղող Ժողովներ»։ Երէց մը նիւթը նկատի կ’առնէ հարց պատասխանով։ Երբ 8–րդ պարբերութիւնը կը քննարկէք, նկատի առէք կարգ մը գործնական կէտեր որոնք ժողովներու ընթացքին աւելի լաւ կեդրոնանալու եւ մտիկ ընելու կը նպաստեն։ (Տես՝ Զարթի՛ր 22 Սեպտեմբեր 1998, էջ 19-20) Ծնողները քաջալերեցէք որ իրենց զաւակները բոլոր ժողովներուն կանոնաւորաբար գտնուելու առնչութեամբ թոյլ չգտնուին։—Տես՝ Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 1997, էջ 25–ի փորձառութիւնը (Անգլ.)։
Երգեցողութիւն թիւ 28 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 4–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 172
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հարցումի Տուփ։ Հրատարակիչներ թող պատմեն՝ նահանգային համաժողովի երթալու ժամանակ, համաժողովի ընթացքին, կամ վերադարձի ճամբուն վրայ անպաշտօն կերպով վկայելով իրենց ունեցած փորձառութիւնները։
10 վյրկ. Մեր Ժամանակաշրջանը Մասնայատուկ Է։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Նոյեմբեր 1996, էջ 22-23–ի վրայ (Անգլ.)։
20 վյրկ. «Դուք Ալ կը Տոկա՞ք»։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Բոլորը քաջալերեցէք որ քրիստոնէական ծառայութեան մէջ համբերութեամբ տոկալու իրենց անձնական յաջողութեան մասին մտածեն։ Եթէ տկարութիւններ երեւան ելլեն, կարիքը կայ մենք մեզ հոգեւորապէս զօրացնելու։ Պարփակեցէք մեկնաբանութիւններ, առնուած՝ Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 1999, էջ 20-21, պարբերութիւն 17-21։ Հրաւիրեցէք երկար տարիներ հաւատարմօրէն տոկացած երկու կամ երեք հրատարակիչներ, որպէսզի պատմեն թէ տոկալու համար ի՛նչ կ’ընեն։
Երգեցողութիւն թիւ 10 եւ փակման աղօթք։