Կեանքեր Վտանգի Տակ Են
1 Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ Եհովայի կամքն է որ «բոլոր տեսակի մարդիկ փրկուին»։ Բայց եւ այնպէս, շիտակ է նաեւ որ երկրի միլիառաւոր բնակիչներուն կեանքի հեռանկարը կախեալ է Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ իր Թագաւորութեան հանդէպ անոնց կեցուածքէն։ Պատշաճ կեցուածք մը, միա՛յն «ճշմարտութեան ճշգրիտ գիտութեան» վրայ կարելի է հիմնել։ (Ա. Տիմ. 2։3, 4, ՆԱ) Մինչ կը զգուշացնենք որ շուտով երկիրը ամէն չարութենէ պիտի մաքրուի, Աստուծոյ արդար նոր աշխարհին ճամբան հարթելու համար, բայց մեզի պարտականութիւն ալ տրուած է որ կեանք փրկող կենսական գործ մը կատարենք։—Մատթ. 24։14. 28։19, 20. Հռովմ. 10։13-15
2 Ինչո՞ւ Ա՛յսքան Ստիպողական Է. Յիսուս ազդարարեց ‘այնպիսի մեծ նեղութեան մը մասին, որուն նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ’։ (Մատթ. 24։21) Այդ նեղութիւնը իր գագաթնակէտին պիտի հասնի՝ Արմագեդոնին։ (Յայտ. 16։16) Այն մարդկային զանգուածները որոնք պիտի բնաջնջուին եթէ բարի լուրին չընդառաջեն, կը պարփակեն մեր անհաւատ ազգականները, դրացիները, գործակիցները, դասընկերներն ու ծանօթները։ Սակայն, մեր մտահոգութիւնն է ‘բոլոր տեսակի մարդոց’ հասնիլ՝ Աստուծոյ նման, որ մարդկային ամբողջ աշխարհին հանդէպ իր սէրը յայտնաբերեց, իր Որդին, Յիսուս Քրիստոսը բոլորին համար որպէս փրկանք տալով։ (Յովհ. 3։16) Նախանձախնդրաբար պէտք է ջանանք հրաւիրել բոլորը որ Աստուծոյ ապաստանարանը փախչին։ Քարոզչութեան գործը լման կերպով կատարելով, կրնանք արիւնապարտութենէ խուսափիլ։—Եզեկ. 33։1-7. Ա. Կորն. 9։16
3 Ի՞նչ Է Մեր Նպատակակէտը. Քարոզչութեան գործին կարեւորութիւնը շեշտուած է ամբողջ Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ Ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ արտայայտեց՝ «Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ» որ Աստուծոյ ճամբաներուն հետ ներդաշնակ ապրինք։ (Բ. Կորն. 5։14) Ասկէ զատ, Դիտարան–ը յաճախ կ’ընդգծէ քարոզելու մեր պարտաւորութիւնը։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը շարունակ ուղղութիւն կը հայթայթէ քարոզչութիւնը կատարելու կերպին մասին։ Երէցները գործը կը կազմակերպեն եւ կը քաջալերեն մեզ որ անոր մասնակցինք։ Մեր ժողովքի հրատարակիչները մեզ կը հրաւիրեն որ իրենց հետ ծառայութեան երթանք։ Մեր ներկայացումները պատրաստելու, պարբերաթերթեր եւ այլ գրականութիւններ ներկայացնելու, վերայցելութիւններ ընելու, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու, եւ վկայութիւն տալու ամէն պատեհութիւն օգտագործելու մասին շատ անգամ կը լսենք։ Այս բոլորը մեզի կ’օգնեն որ կեանքեր փրկելու նպատակին հասնինք։—Ա. Կորն. 9։22, 23. Եփ. 1։13