Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Սեպտեմբեր 11–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Եհովայի Օրհնութիւնը Մեզ կը Հարստացնէ»։ Բացման խօսքերը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլան, ապա նիւթը հարց պատասխանով նկատի առէք։—Տես՝ Խորաթափանց, Հատոր Բ., էջ 804, պարբերութիւն 6-7։
20 վյրկ. «Ընթացիկ Իրադարձութիւններ Գործածեցէք՝ Հետաքրքրութիւն Արթնցնելու Համար»։ Ներկաներուն հետ խօսակցութիւն եւ ցուցադրութիւններ։ Յիշեցէք կարգ մը ընթացիկ իրադարձութիւններ, որոնք ձեր շրջանին մէջ հետաքրքրութիւն արթնցուցած են։ Ասոնք ապագայի նկատմամբ ի՞նչ մտահոգութիւններ արծարծած են։ Գործածելով Պատճառաբանել գրքին էջ 10-11–ը, առաջարկեցէք կարգ մը թելադրութիւններ թէ ի՛նչպէս կրնաք բացում մը պատրաստել, որ Աստուածաշունչի խօսակցութեան մը պիտի առաջնորդէ։ Երկու հատ լաւ պատրաստուած եւ գործնական ցուցադրութիւններ ներկայացուցէք։
Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 18–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 127
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
15 վյրկ. Անցեալ Տարի Ի՞նչ Իրագործեցինք։ Ծառայութեան տեսուչին կողմէ դասախօսութիւն։ 2000–ի ծառայութեան տարուան ժողովքի տեղեկագրութենէն կարգ մը աչքառու կէտեր վերաքաղ ըրէք։ Իրագործուած լաւ բաներուն մասին գովասանքի խօսքեր ըսէք։ Բարելաւելու կարիք ունեցող մարզեր նշեցէք։ Աւելի կեդրոնացէք ժողովներու ներկայութեան, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու ու վարելու, եւ դաշտի ծառայութեան մէջ կանոնաւոր ըլլալու առնչութեամբ ժողովքին իրագործած բաներուն վրայ։ Յառաջիկայ տարուան համար գործնական նպատակակէտեր ուրուագծեցէք։
20 վյրկ. «Կեանքեր Վտանգի Տակ Են»։ Ներկաներուն հետ խօսակցութիւն։ Յօդուածին մէջ նշուած համարները ուշագրաւ դարձուցէք։
Երգեցողութիւն թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 25–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 59
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Սեպտեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Հարցումի Տուփը վերաքաղ ըրէք։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
15 վյրկ. Մեր Պարբերաթերթերը Իրենց Արժէքը Չե՛ն Կորսնցներ։ Երբ Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի նախկին թիւեր ձեր քով կուտակուին, ի՞նչ կ’ընէք։ Հրատարակիչներէն ոմանք զանոնք թափելու հակամէտ են, խորհելով թէ անոնց բովանդակած նիւթերը այլեւս ընթացիկ չեն։ Սեպտեմբեր 1993–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 3–ի վրայ, յորդորեց մեզ որ մեր հետ ունենանք պարբերաթերթի հին թիւեր եւ զանոնք յարմար ատենին ներկայացնենք։ Կրնանք ընտրել ընթացիկ յօդուածներ, որոնք գրաւիչ կրնան ըլլալ տղամարդոց, կիներու, մասնագէտներու, տարեցներու եւ պատանիներու. ապա պարբերաթերթերը պատրաստ ունեցէք զանոնք ներկայացնելու համար երբ առիթը ներկայանայ։ Ցուցադրեցէք թէ յօդուածները ի՛նչպէս կրնան ընտրուիլ եւ ներկայացուիլ։ Հին պարբերաթերթեր տեղաւորելու մէջ հրատարակիչներուն ունեցած յաջող փորձառութիւնները պատմեցէք։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 2–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 21
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ժողովքը տեղեկացուցէք Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36–ի համար ծրագրուած մասնայատուկ բաշխումին մասին, որ պիտի սկսի Երկուշաբթի 16 Հոկտեմբերին, եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Ուրբաթ 17 Նոյեմբեր։ Բոլորը յորդորեցէք, ի ներառեալ դեռահասակներն ու նորեկները, որ ձգտին ասոր մէջ լման մասնակցութիւն բերել։ Ուսումնասիրութեան վարիչներ հիմա իսկ պէտք է սկսին իրենց խումբին բոլոր անդամները քաջալերել ու կազմակերպել, որպէսզի կարելի եղած չափով եռանդունօրէն մասնակցին ասոր մէջ։ Նախորդ Թագաւորութեան Լուրեր թերթիկին բաշխումէն շինիչ փորձառութիւններ պարփակեցէք։
15 վյրկ. «Փոխադրուի՞մ»։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։ Բացատրեցէք թէ ինչո՛ւ կարիքը կայ ներատեսութիւն ի գործ դնելու, երբ ուրիշ վայր մը փոխադրուելու որոշում կու տանք։ Նկատի առէք թէ ի՛նչպէս կրնաք Առակաց 22։3–ին խրատը կիրարկել։ Պարփակեցէք մեկնաբանութիւններ, առնուած՝ Դիտարան 15 Օգոստոս 1988, էջ 22–էն (Անգլ.)։
15 վյրկ. Խօսակցութիւններ Սկսելու Առնչութեամբ Փորձառութիւններ։ 11 Սեպտեմբերով սկսող Ծառայութեան Ժողովի յայտագրին մէջ, յանձնարարութիւն տրուեցաւ որ ընթացիկ իրադարձութիւններուն մասին բացումներ զարգացնենք, ծառայութեան մէջ հետաքրքրութիւն արթնցնելու եւ խօսակցութիւններ սկսելու նպատակաւ։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ այս թելադրութիւնները կիրարկելուն որպէս արդիւնք, ցարդ իրենց ունեցած յաջողութիւններուն մասին խօսին։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։