Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Սեպտեմբերին. Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը։ Հոկտեմբերին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Երբ վերայցելութիւններու ընթացքին հետաքրքրութիւն ցոյց տրուի, կարելի է բաժանորդագրութիւն ներկայացնել։ Ամսուն կէսէն սկսեալ Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36–ը պիտի բաշխուի։ Նոյեմբերին. Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36–ին բաշխումը պիտի շարունակուի։ Այն ժողովքները որոնք իրենց թաղամասերը կը ծածկեն, իւրաքանչիւր տանտիրոջ Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36–էն օրինակ մը տալով, կրնան Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը կամ Գիտութիւն գիրքը ներկայացնել։ Եթէ մարդիկ արդէն ասոնցմէ ունին, կրնաք գործածել Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը։ Դեկտեմբերին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ, եւ անոր հետ՝ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը։
◼ Փէթըրսընի եւ Ուոլգիլի մէջ, Նիւ Եորք, ուր Ընկերութեան համալիրները կը գտնուին, շրջանին հեռաձայնի գոտ–ը փոխուած է։ Շրջանի նոր գոտ–ն է՝ 845։ Պրուքլինի մէջ, Նիւ Եորք, շրջանին գոտ–ը կը մնայ 718։
◼ Միացեալ Նահանգներու զինուորագրութեան կանոնները կը պահանջեն որ 18 տարեկան եղող բոլոր տղամարդիկը նամակատուն երթան ու գրանցուին։ Խնդրոյ առարկայ անհատները պէտք է արագօրէն հոգ տանին այս հարցին, զայն նկատելով որպէս Քրիստոնեայի մը պարտաւորութիւնը վերին իշխանութիւններուն հանդէպ։ Երէցները պէ՛տք է ասիկա ի մտի ունենան եւ վերյիշեցնեն երիտասարդ եղբայրներուն, որոնք 18 տարեկան պիտի ըլլան։ Այս առնչութեամբ երիտասարդ Քրիստոնեային պատասխանատուութիւններուն շուրջ յարուցուած հարցումներուն՝ երէցները կրնան պատասխանել։
◼ Երէցներուն կը վերյիշեցնենք որ գործադրեն Դիտարան 1 Յուլիս 1991 համարին մէջ տրուած թելադրութիւնները, էջ 21-23, ոեւէ վտարուած կամ իր ընկերակցութիւնը խզած անհատի առնչութեամբ, որ կը մտածէ վերընդունուիլ։
◼ Ժողովքի մը հետ ընկերակցող անհատները Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի նոր, կամ վերանորոգուած, բոլոր բաժանորդագրութիւնները, մէջը ըլլալով իրենց անհատական բաժանորդագրութիւնները, ժողովքին միջոցով պէտք է ղրկեն։
◼ Ընկերութիւնը չ’ընդունիր հրատարակիչներու կողմէ անհատական գետնի վրայ եղած գրականութեան ապսպրանքները։ Վերակացու տեսուչը պէտք է կարգադրէ որ ամէն ամիս ծանուցում մը ըլլայ, ժողովքի գրականութեան ամսական խնդրագիրը Ընկերութեան ղրկուելէն առաջ, որպէսզի բոլոր անոնք որոնք հետաքրքրուած են գրականութիւններ ստանալով, իրենց ապսպրանքը ներկայացնեն գրականութեան պատասխանատու եղբօր։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ ո՛ր գրականութիւնները յատուկ ապսպրանքներ են։
◼ 29 Օգոստոս 2000–էն սկսեալ, Ընկերութիւնը կը հաստատէ համրերու լեզուով երկու շրջաններ։ Այս շրջաններուն մէջ պիտի ծառայեն՝ Ամերիկեան համրերու լեզուն սահուն կերպով խօսող ճամբորդող տեսուչներ։
◼ 1 Սեպտեմբեր 2000–էն սկսեալ, Ազրպէյճաներէն եւ Թումպուքայերէն լեզուներով Դիտարան–ը ամսական հրատարակութիւն պիտի ըլլայ։
◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
Աստուածաշունչ—Ամհարիգերէն, Եբրայերէն, Թամուլերէն, Թիկրինիա, Թուի, Իպօ, Պենկալերէն, Պուլկարերէն
Աստուածաշունչ (Միա՛յն Յունարէն Գրութիւնները)—Լիթուաներէն
Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ (Պզտիկ չափ)—Ուրտույերէն
«Բոլոր Գիրքը»—Վաւերական եւ Օգտակար (Գրքոյկ՝ գործածուելու համար 2000–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ)—Սամոայերէն
Եհովան Ո՞վ Է (Թերթիկ Թիւ 23) —Թրքերէն, Լաոսերէն
Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ծանուցանողներ—Շօնա
Խաղաղ Կեանք՝ Նոր Աշխարհի մը Մէջ (Թերթիկ Թիւ 15)—Թահիթիյերէն
Մեզի Հոգ Տանող Ստեղծիչ մը Կա՞յ —Թայ
Մեռելներու Հոգիները. Կրնա՞ն Օգնել Կամ՝ Վնասել. Անոնք Իրապէս Գոյութիւն Ունի՞ն—Պամպարայերէն
Միտք Դիր Կարդալու եւ Գրելու —Արդի Կուինիա Փիճն
Յիսուս Քրիստոս Ո՞վ Է (Թերթիկ Թիւ 24) —Անգլերէն
Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան—Թրքերէն, Կուներէն, Հայերէն, Հինտի, Սերպերէն, Ֆինլանտերէն
Պէ՞տք Է Հաւատաք Երրորդութեան —Քաննատերէն
◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ.
Բ. Օրինաց (երկու ձայներիզով) —Հոլանտերէն
Դատաւորաց եւ Հռութայ (երկու ձայներիզով)—Հոլանտերէն
Յեսուայ (երկու ձայներիզով) —Հոլանտերէն
Յունարէն Գրութիւններու Ալպոմ (19 ձայներիզով)—Հոլանտերէն
Շարունակեցէք Ձեր Աչքը Պարզ Պահել (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով) —Քորէայերէն
Ո՛վ Ընտանիքներ, Աստուածաշունչի Առօրեայ Ընթերցանութիւնը Ձեր Ապրելակերպը Ըրէք (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով)—Ճափոներէն, Յունարէն, Շուէտերէն, Ուգրաներէն
Վերապրումի Համար Նշան Ստացած (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով) —Քորէայերէն
1 Սեպտեմբեր 2000–էն սկսեալ, Քորէայերէն լեզուով Դիտարան–ը մատչելի պիտի ըլլայ ձայներիզի վրայ։
◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.
Ազդարարական Օրինակներ՝ Մեր Օրերուն Համար—Պատկերիզի Վրայ —Ամերիկեան Համրերու Լեզու
Եհովան Փառաբանենք Մեր Երգերով—Պատկերիզի Վրայ, Հատոր Բ. —Ամերիկեան Համրերու Լեզու
Երբ Սիրելի մը Մեռնի. . .—Պատկերիզի Վրայ—Ամերիկեան Համրերու Լեզու