Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Հոկտեմբեր 9–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 32
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
12 վյրկ. «Աստուծոյ Սքանչելի Գործերուն Ուշադիր Ըլլանք»։ Բացման խօսքերը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլան, ապա նիւթը հարց պատասխանով նկատի առէք։ Նոր գրքէն քանի մը օրինակներ նշեցէք, որոնք Եսայիի մարգարէութեան հանդէպ գնահատութիւն կը կերտեն։
25 վյրկ. «Նոր Հազարամեակը—Ապագան Ի՞նչ կը Վերապահէ Ձեզի Համար»։ Խանդավառ քննարկութիւն ծառայութեան տեսուչին կողմէ։ Երէցներուն ուղղուած՝ Ընկերութեան 3 Յուլիս 2000 թուակիր նամակին մէջի ծանուցումը կարդալէ ետք, ներկաներէն իւրաքանչիւրին Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36–էն օրինակ մը բաշխեցէք։ Ապա հարց պատասխանով յօդուածը նկատի առէք։ Յիշեցէք թաղամասերը լման կերպով ծածկելու համար եղած տեղական կարգադրութիւնները։ Նկատի առէք թէ ի՛նչպէս կարելի է նորեկներուն եւ երախաներուն օգնել, որպէսզի չմկրտուած հրատարակիչ ըլլալու որակելի ըլլան։ Հակիրճ ներկայացում մը ցուցադրեցէք։ Շեշտեցէք թէ կարիքը կայ որ բոլորս ալ լիովին մասնակցինք այս արշաւին։
Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 16–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 127
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ շաբաթավերջի գործունէութեան ընթացքին, Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36–ին հետ միասին Դիտարան պարբերաթերթը պիտի ներկայացուի։
15 վյրկ. «Գործիքներ՝ Որոնք կը Սորվեցնեն, կը Խթանեն ու կը Զօրացնեն»։ (Պարբերութիւն 1 եւ 2 միայն։) Դասախօսութիւն։ Հակիրճօրէն վերաքաղ ըրէք պատկերիզի արտադրութեան մէջ Ընկերութեան մուտքը։ (Տես՝ Ծանուցանողներ գրքին 600-601 էջերը։) Քաջալերեցէք բոլորը որ դիտեն՝ Եհովայի Վկաներ—Այս Անուան Ետին Գտնուող Կազմակերպութիւնը պատկերիզը, Հոկտեմբեր 30–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովի պատրաստութեան համար։ Այս պատկերիզը ունեցողները կրնան չունեցողներուն հետ զայն բաժնել, կամ միասնաբար դիտել։
20 վյրկ. Բոլո՛րս Ալ Կրնանք Ռահվիրայական Հոգին Ցուցաբերել։ Գրքի ուսումնասիրութեան վարիչի մը եւ իր օգնականին միջեւ զրոյց, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Մարտ 1998, էջ 27-28–ին վրայ։ Նկատի առէք թէ ինչո՛ւ լաւ կ’ըլլայ եթէ ժողովքին մէջ աւելի ռահվիրաներ ըլլան եւ թէ ի՛նչպէս բոլորն ալ կրնան այս նպատակակէտին հասնելու համար իրենց բաժինը բերել։ Նկատի առէք նաեւ, այժմ ռահվիրայութիւն ընողները քաջալերելու կարգ մը կերպեր, եւ թէ ի՛նչպէս ժողովքին բոլոր անդամները կրնան ծառայութեան հանդէպ նախանձախնդրութիւն կերտել։
Երգեցողութիւն թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 23–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 150
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. Ժողովներուն Համար Լաւ Պատրաստուեցէք։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Ժողովներէն քաղած մեր օգուտները մեծ տարողութեամբ կախեալ են մեր ո՛րքան լաւ պատրաստուած ըլլալէն։ Վերաքաղ ըրէք թելադրութիւններ, առնուած՝ Դիտարան 1 Յունիս 1998 էջ 15-16, պարբերութիւն 8-11։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ պատասխանեն, ցոյց տալով թէ ի՛նչպէս հարկ եղած նախաձեռնութիւնը կ’առնեն եւ լաւ պատրաստուելու համար պէտք եղած ժամանակը կը գտնեն։
Երգեցողութիւն թիւ 28 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 30–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 63
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Հոկտեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։
12 վյրկ. Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36–ի Բաշխումին Մասին Փորձառութիւններ։ Զանազան հրատարակիչներէ խնդրեցէք որ Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36–ի բաշխման ընթացքին, ցարդ իրենց վայելած քաջալերական արդիւնքներուն մասին խօսին։ Հրաւիրեցէք որ կանոնաւոր եւ օժանդակ ռահվիրաներ իրենց գնահատութիւնը յայտնեն այս արշաւին ընթացքին եղած յաւելեալ գործունէութեան եւ շատ մը տարբեր հրատարակիչներու հետ աշխատելու իրենց ունեցած պատեհութեան հանդէպ։
25 վյրկ. Եհովայի Վկաներ—Այս Անուան Ետին Գտնուող Կազմակերպութիւնը։ Ներկաներուն հետ զրոյց։ Նկատի առէք՝ «Գործիքներ՝ Որոնք կը Սորվեցնեն, կը Խթանեն ու կը Զօրացնեն» նիւթին 3–րդ պարբերութեան հարցումները։ Թելադրութիւններ ներկայացուցէք թէ այս պատկերիզը ի՛նչպէս կրնայ գործածուիլ հետաքրքրուած անհատներուն օգնելու համար, որ մեր կազմակերպութեան աւելի մօտէն ծանօթանան։ Մէկ կամ երկու հակիրճ փորձառութիւններ պարփակեցէք։—Տես՝ Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 1992, էջ 30-31 (Անգլ.)։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 6–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 129
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36–ի բաշխման յառաջդիմութեան մասին խօսեցէք։ Տեղեկագրեցէք թէ մինչեւ օրս թաղամասին ո՛րքանը աշխատցուած է, եւ ի՛նչ բանի հարկը կայ, որ անիկա ամբողջացուի մինչեւ 17 Նոյեմբեր։
20 վյրկ. Ի՞նչ Բանի կը Հաւատանք։ Եղբայր մը վերայցելութիւն կ’ընէ անհատի մը որ կը հարցնէ. «Եհովայի Վկաները միւս կրօնքներէն զատորոշող ուսուցումները ի՞նչ են»։ Խօսեցէք Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 1998, էջ 6–ի վրայ (Անգլ.), շրջագծին բովանդակած կէտերուն մասին։ Բացատրեցէք թէ ի՛նչպէս այլ կրօնքներ զանց կ’ընեն կամ կը մերժեն Աստուածաշունչի այս հիմնական ճշմարտութիւնները, մարդակերտ ուսուցումներու սիրոյն։
10 վյրկ. Երգեցողութիւնը՝ Մեր Պաշտամունքին Կարեւոր Մէկ Երեսակն Է։ Գրքի ուսումնասիրութեան վարիչ մը երկու հրատարակիչներու հետ կը խօսակցի ժողովներու ընթացքին երգելու մէջ իրենց բերած մասնակցութեան մասին։ Ան նկատած է որ անոնք առաջուան նման ոգեւորութեամբ չեն երգեր։ Ան Դիտարան 1 Փետրուար 1997 թիւէն, էջ 27-28 (Անգլ.), կարգ մը կէտեր կը բաժնէ։ Անոնք այդ շաբթուան Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան ժողովին մէջ երգեցուելիք երգեցողութիւններէն մէկուն բառերը կը վերլուծեն, ինչպէս որ թելադրուած է Դիտարան 1 Յուլիս 1999, էջ 30, պարբերութիւն 12–ին մէջ։ Երգեցողութիւնները անձկալից կերպով երգելով, Եհովան սրտանց փառաբանելու մէջ կեանք կը դնենք։
Երգեցողութիւն թիւ 21 եւ փակման աղօթք։