Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/00 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյեմբեր 13–ով Սկսող Շաբաթ
  • Նոյեմբեր 20–ով Սկսող Շաբաթ
  • Նոյեմբեր 27–ով Սկսող Շաբաթ
  • Դեկտեմբեր 4–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 11/00 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Նոյեմբեր 13–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 81

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Նոյեմբեր 23–ի դաշտի ծառայութեան մասնաւոր կարգադրութիւններու մասին տեղեկութիւններ տուէք։

13 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ։

22 վյրկ. «Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36–ով Խթանուած Հետաքրքրութիւնը Մշակենք»։ Հարց պատասխանով նկատի առնել 1-5–րդ պարբերութիւնները։ Տակաւին չաշխատցուած թաղամասերը ծածկելու համար տեղական կարգադրութիւններու մասին խօսեցէք։ Աչքէ անցուցէք վերայցելութիւններ ընելու մասին 7 եւ 8–րդ պարբերութիւններուն ներկայացումները եւ իւրաքանչիւրը ցուցադրեցէք։ Շեշտեցէք ամէն հետաքրքրութիւն հետապնդելու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու կարեւորութիւնը։ Եզրափակեցէք 9–րդ պարբերութիւնով եւ մէջբերուած համարներով։

Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։

Նոյեմբեր 20–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 204

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։

15 վյրկ. Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36–ին Բաշխումին Կապակցաբար Փորձառութիւններ։ Թաղամասը ամբողջութեամբ ծածկուած ըլլալուն մասին տեղեկութիւն։ Ժողովքին մէջ ոեւէ մէկը առաջին անգամ ըլլալով ծառայութեան մասնակցեցա՞ւ։ Տանտէրներուն կողմէ եղած նպաստաւոր արտայայտութիւններ պատմեցէք։ Կարգ մը հրատարակիչներ կրցա՞ն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Եթէ այո, թող բացատրեն կամ ցուցադրեն թէ ի՛նչպէս ըրին։ Վերյիշեցուցէք որ բոլորը իրենց գտած հետաքրքրութիւնը մշակեն։

20 վյրկ. «Շարունակեցէ՛ք Քարոզել»։ Դասախօսութիւն եւ տեսակցութիւն։ Ոմանք Եհովայի կազմակերպութեան հետ ընկերակցած եւ իրենց ամբողջ կեանքի տեւողութեան քարոզչութեան մէջ յարատեւած են։ Դրական ըլլալով, անոնք ուրախութիւն գտած են ասոր մէջ։ (Տես՝ Գիտութիւն էջ 179, պարբ. 20, եւ՝ Դիտարան 1 Օգոստոս 1992, էջ 19-20, պարբ. 14-15) Երկար տարիներէ գործունեայ եղած հրատարակիչ մը հրաւիրէ որ բացատրէ թէ ինչո՛ւ յարատեւած է քարոզչութեան մէջ։

Երգեցողութիւն թիւ 129 եւ փակման աղօթք։

Նոյեմբեր 27–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 150

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Յիշեցուցէք հրատարակիչներուն որ Նոյեմբերի դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները տան։ Դեկտեմբերին ներկայացուելիք գրականութիւնն է Գիտութիւն գիրքը։ Բացատրեցէք թէ Եհովայի Վկաները բազմաթիւ լեզուներով Աստուածաշունչ արտադրելու մէջ ի՛նչպէս մեծ դեր ունեցած են։—Տես՝ Դիտարան 15 Հոկտեմբեր 1997, էջ 11-12 (Անգլերէն)։

20 վյրկ. Պատճառաբանել Գիրքը Լաւ Կերպով Գործածենք։ Հարց–պատասխանով նկատի առնել 7-8–րդ էջերը։ Ցոյց տուէք թէ այս գիրքը ի՛նչպէս պատրաստուած է որ մենք ծառայութեան մէջ աւելի ազդու մասնակցութիւն մը ունենանք։ Բացատրեցէք թէ ի՛նչպէս կարելի է գիրքը գործածել հեռաձայնային վկայութեան ընթացքին։ Ցուցադրեցէք թէ ի՛նչպէս կարելի է օգտակար տեղեկութիւն գտնել հարցումի մը պատասխանելու համար։ Յորդորեցէք որ բոլորը ընտելանան այս գրքին, զայն իրենց հետ ունենան եւ կանոնաւորաբար գործածեն։

15 վյրկ. Ի՞նչպէս Կրնամ Հեռատեսիլ Դիտելու Սովորութեանս Վրայ Հսկել։ Երէց մը երիտասարդ եղբօր մը հետ կը խօսի, որ ամէն օր երկար ժամեր հեռատեսիլ դիտելով կ’անցընէ։ Սկիզբը եղբայրը կը պնդէ որ ինք անկէ վնաս մը չի տեսներ։ Ան կ’ըսէ որ ասիկա հանգստանալու կերպ մըն է եւ թէ իր վրայ գէշ ազդեցութիւն մը չունի։ Երէցը՝ Պատանիներ գրքին 36–րդ գլուխին գլխաւոր կէտերը նկատի կ’առնէ։ Ան կը բացատրէ թէ չափազանց հեռատեսիլ դիտելը մեր արժէքաւոր ժամանակը կը սպառէ, զոր կրնայինք գործածել անձնական ուսումնասիրութիւն ընելու, ծառայութեան երթալու եւ ժողովքին համար անհրաժեշտ եղող գործեր ընելու համար։ Երիտասարդ եղբայրը տրուած խրատներուն համար գնահատութիւն կը յայտնէ եւ կ’ըսէ որ իր հոգեւոր օգտին համար հեռատեսիլ դիտելու իր սովորութիւնը պիտի փոխէ։

Երգեցողութիւն թիւ 160 եւ փակման աղօթք։

Դեկտեմբեր 4–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 162

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ «Պատասխանող Գործիքի մը Ի՞նչ կ’Ըսէք»։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

20 վյրկ. «Ատենին Ըսուած Խօսքը»։ Ներկաներուն հետ զրոյց եւ ցուցադրութիւններ։ Շատեր իրենք զիրենք անատակ կը զգան խօսակցութիւն մը սկսելու համար, սխալ կերպով խորհելով որ մասնայատուկ հմտութիւններ պէտք է ունենան լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար։ Բացատրեցէք թէ ինչպէս բոլորս, նոյնիսկ նոր եւ պատանի հրատարակիչներ կրնան խօսակցութեան մը ձեռնարկել, քիչ մը ջանք թափելով։ Վերաքաղ ըրէք թելադրուած ներկայացումները, ընդգծելով անոնց պարզութիւնը եւ երկու կամ երեք հրատարակիչներ թող ցուցադրեն զանոնք։ Յաւելեալ ներկայացումներու համար, Մարտ 1998–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը, էջ 8–ն նկատի առէք։ Բոլորը յորդորեցէք որ դրական ըլլան, որպէսզի ուրախութիւն գտնեն իրենց ծառայութեան մէջ։

Երգեցողութիւն թիւ 57 եւ փակման աղօթք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել