Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/00 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Դեկտեմբեր 11–ով Սկսող Շաբաթ
  • Դեկտեմբեր 18–ով Սկսող Շաբաթ
  • Դեկտեմբեր 25–ով Սկսող Շաբաթ
  • Յունուար 1–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 12/00 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Դեկտեմբեր 11–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 138

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Եթէ ժողովքը Մեծագոյն Մարդը գրքէն քանակ մը ունի, ցոյց տուէք թէ ծառայութեան մէջ ի՛նչպէս կրնայ օգտակար կերպով գործածուիլ տօնական շրջանին։ Բոլորը քաջալերեցէք որ Աստուածաշունչը—Ճշգրիտ Պատմութիւն, Վստահելի Մարգարէութիւն պատկերիզը դիտեն, առ ի պատրաստութիւն՝ Դեկտեմբեր 25–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին մէջ նկատի առնուելիք նիւթին։ Անոնք որոնք պատկերիզը ունին, կրնան զայն բաժնել չունեցողներուն հետ, կամ՝ միասին դիտել։

15 վյրկ. «Օրն ի Բուն Եհովայի Հանդէպ Վախ Ունենանք»։ Պարփակեցէք աստուածային վախին բացատրութիւնը, որ կը գտնուի Զարթի՛ր 8 Յունուար 1998, էջ 26–ի մէջ։ Շեշտեցէք Եհովայի հանդէպ վախ ունենալուն օգուտները։

20 վյրկ. «Շրջապատի Ճնշումը եւ Քարոզելու Ձեր Առանձնաշնորհումը»։ Դասախօսութիւն եւ հարցազրոյց։ Շրջապատի ճնշում դիմագրաւած անհատներ հրաւիրեցէք որ պատմեն թէ ի՛նչպէս կրցան քարոզչութեան գործին մէջ գործունեայ մնալ։

Երգեցողութիւն թիւ 27 եւ փակման աղօթք։

Դեկտեմբեր 18–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 123

15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Յիշեցէք Դեկտեմբերի 25–ի եւ Յունուար 1–ի համար դաշտի ծառայութեան մասնաւոր կարգադրութիւնները։ Պատասխանեցէք հետեւեալ հարցումին. Որեւէ առարկութիւն կա՞յ ոչ–քրիստոնէական ծագում ունեցող տօնակատարութիւններու մասնակցելու, այնքան ատեն որ ասիկա կրօնական պատճառներով չըլլար։—Տես՝ Պատճառաբանել գիրքը, էջ 178-180։

12 վյրկ. «2001–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոց»։ Դպրոցի տեսուչին կողմէ դասախօսութիւն։ Բոլորը քաջալերեցէք որ Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութեան հետ քայլ պահեն եւ դպրոցին մէջ իրենց նշանակումները ժրաջանօրէն կատարեն։

18 վյրկ. «Համարձակութեամբ կը Քարոզէ՞ք»։ Յօդուածին մէջ յիշուած համարներուն մասին մեկնաբանութիւններ խնդրեցէք։ Գործածելով Կազմակերպուած գրքին 86–րդ էջը, ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս կրնանք դաշտի ծառայութեան մէջ աւելի համարձակութիւն ձեռք ձգել եւ աւելի ազդու ըլլալ։

Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։

Դեկտեմբեր 25–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 13

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ պատմեն որեւէ փորձառութիւն որ վերջերս ունեցած են իրենց ծառայութեան մէջ։ Յունուար ամսուան ընթացքին բաշխուելիք գրականութեան մասին խօսեցէք։

10 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

25 վյրկ. «Աստուածաշունչը—Ճշգրիտ Պատմութիւն, Վստահելի Մարգարէութիւն Խորագրով Պատկերիզէն Սորվինք»։ Ներկաներուն հետ զրոյց։ Թելադրութիւններ տուէք թէ ի՛նչպէս այս պատկերիզը կրնայ գործածուիլ ուրիշներուն մէջ հետաքրքրութիւն արթնցնելու համար։ (1999–ի Տարեգիրք, էջ 51-52) Փետրուարին վերաքաղ պիտի ընենք այս շարքին երկրորդ պատկերիզը՝ Աստուածաշունչը—Մարդկութեան Ամենահին եւ Այժմէական Գիրքը։

Երգեցողութիւն թիւ 46 եւ փակման աղօթք։

Յունուար 1–ով Սկսող Շաբաթ

ՆՇՄԱՐ. Ժողովքներ Յունուար 1–ով սկսող իրենց Ծառայութեան Ժողովը որոշուած օրէն առաջ պէտք չէ ընեն, բացի եթէ անիկա շրջանային տեսուչին այցելութեան կը զուգադիպի։ Ամէն ժողովքի մէջ, համաժողովի յաւելուածականը պէտք է նկատի առնուի ինչպէս յայտագրուած է Ծառայութեան Ժողովին մէջ։ Եթէ այդ շաբաթ շրջանային համաժողով մը կայ, գրքի ուսումնասիրութեան վարիչները պէտք է նահանգային համաժողովի վայրն ու թուականները ծանուցանեն, իրենց գրքի ուսումնասիրութեան սովորական վայրերուն մէջ։ Յանձնարարուած Իջեւանի Ցանկէն օրինակ մը պէտք է մատչելի ըլլայ, որպէսզի ներկաները կարենան պանդոկին հեռաձայնի թիւերը ընդօրինակել, իրենց վերապահումները ընելու համար։

Երգեցողութիւն թիւ 63

8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Եթէ ձեր ժողովքը նոր տարուան համար ժողովի ժամերը պիտի փոխէ, ազնիւ քաջալերութիւն տուէք, բոլորէն խնդրելով որ շարունակեն ժողովներուն կանոնաւորաբար գալ, նոր ժամերուն համաձայն։ Աստուածաշունչի աշակերտները եւ ուրիշ հետաքրքրուած անհատներ որեւէ փոփոխութեան մասին տեղեակ պահեցէք եւ սկսեցէք նոր յայտագիրը ցոյց տուող յայտաթերթիկներ գործածել։ Ժողովքին Սեպտեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան մասին խօսեցէք։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Դեկտեմբերի դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները տան։

17 վյրկ. Վերայցելութիւններուն Համար Ի՛նչպէս Պատրաստուիլ։ Հայր մը իր ընտանիքին հետ կը խօսակցի թէ ի՛նչպէս կրնան իրենց ծառայութեան մէջ աւելի արդիւնաբեր ըլլալ։ Ան կը շեշտէ գտնուած որեւէ հետաքրքրութիւն հետապնդելու սուրբ գրային պատճառները։ Դիտարան 1 Յուլիս 1999, էջ 32, պարբերութիւն 18–ի մէջ գտնուող ուղեգծերը գործածելով, անոնք կը պատրաստուին կարգ մը վերայցելութիւններ ընելու։ Բոլորն ալ կը գիտակցին թէ հանդիպած են անհատներու, որոնց դարձեալ պէտք է այցելութիւն տրուի։ Իւրաքանչիւրը կը նկարագրէ առաջին հանդիպումին ընթացքին անհատին ընդառաջումը, իսկ միւսները գաղափար մը եւ համար մը կը թելադրեն, վերայցելութեան ժամանակ գործածելու համար։ Անոնք Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկէն կէտեր կը գտնեն, որոնք կրնան ազդուօրէն գործածուիլ։ Ծնողքը զաւակէ մը կը խնդրէ որ փորձ ընէ թէ վերայցելութեան ի՛նչ պիտի ըսէ։ Անոնք յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին վերայցելութիւններ ընելու համար մասնայատուկ ժամանակ կը ծրագրեն։

20 վյրկ. «‘Աստուծոյ Խօսքը Ուսուցանողներ’ Բնաբանով Եհովայի Վկաներու 2001–ի Նահանգային Համաժողով»։ Քարտուղարը յաւելուածականին մէջի յօդուածը հարց պատասխանով նկատի կ’առնէ։ Նախ, կարդացէք համաժողովի նշանակումի առնչութեամբ Ընկերութեան 15 Դեկտեմբեր 2000 թուակիր նամակը։ Ապա, յիշուած համարները գործածեցէք, ցոյց տալու համար թէ ինչո՛ւ բոլորս ալ պէտք է Ընկերութեան ուղղութիւններուն սերտօրէն հետեւինք։ Ընդգծեցէք թէ կարեւոր է կարելի եղածին չափ շուտով արձակուրդին թուականը որոշել, որպէսզի համաժողովի երեք օրերուն ալ ներկայ գտնուիք։ Բոլորը գովեցէք Ընկերութեան կարգադրութիւններուն հետ իրենց համագործակցութեան համար։

Երգեցողութիւն թիւ 212 եւ փակման աղօթք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել