Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/00 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 12/00 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Դեկտեմբերին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Յունուարին. 1986–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192 էջնոց գիրք, որ ժողովքը ունի։ Փետրուարին. Որեւէ 192 էջնոց հին գիրք, որ ժողովքը ունի։ Մարտին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի։

◼ Քանի որ Գաղաադու շրջանաւարտութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ 10 Մարտ 2001–ին, այդ օրը շրջապտոյտներ պիտի չըլլան Ընկերութեան՝ Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Պրուքլինի, Փէթըրսընի եւ Ուոլգիլի համալիրներուն մէջ։ Անոնք որ ծրագրած են այդ Շաբաթ օրը այցելել, իրենց այցելութիւնը պէտք է յետաձգեն։ Այդ օրը, ժողովքներուն խնդրած գրականութիւններու առաքում, կամ յանձնում պիտի չըլլայ։

◼ Ժողովքները իրենց Դեկտեմբեր ամսուան գրականութիւններու ապսպրանքին հետ պէտք է սկսին ապսպրել 2000–ի Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի կազմուած հատորները։ Կազմուած հատորները մատչելի պիտի ըլլան հետեւեալ լեզուներով. Անգլերէն, Գերմաներէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Խրուաթերէն, Ճափոներէն, Յունարէն, Չինարէն, Ռումաներէն, Ռուսերէն, Սպաներէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն եւ Ֆրանսերէն։ Մինչեւ որ կազմուած հատորները մատչելի ըլլան եւ առաքուին, անոնք ժողովքի ծրարումի ցանկերուն վրայ «Առկախուած» պիտի մնան։ Կազմուած հատորները մասնայատուկ ապսպրանքներ են։

◼ 2001–ի Յիշատակատօնի հրաւիրատոմսեր ղրկուած են իւրաքանչիւր ժողովքի գլխաւոր լեզուով, ուրիշ պատճեններու տարեկան առաքման հետ։ Եթէ ձեր ժողովքի թաղամասին մէջ ուրիշ լեզուներ ալ կը խօսուին եւ կը փափաքիք այդ լեզուներով հրաւիրատոմսեր ունենալ, կրնաք անմիջապէս զանոնք ապսպրել, գործածելով Գրականութիւններու Ապսպրանքի Պատճենը (S-14)։ Յիշատակատօնի հրաւիրատոմսերը մատչելի են հետեւեալ լեզուներով. Ալպաներէն, Անգլերէն, Արաբերէն, Արեւելահայերէն, Գամպոտերէն, Թակալոկ, Թրքերէն, Իլոքօ, Իտալերէն, Լաոսերէն, Լեհերէն, Խրուաթերէն, Կուճարաթի, Հայերէն, Հինտի, Հոլանտերէն, Ճափոներէն, Մակեդոներէն, Յունարէն, Չինարէն, Չինարէն (Պարզուած), Պարսկերէն, Ռումաներէն, Ռուսերէն, Սամոայերէն, Սերպերէն, Սպաներէն, Վիեթնամերէն, Փափիամէնթօ, Փունճապի, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն եւ Ֆրանսերէն։ Հաճեցէք ապսպրել միայն այն լեզուներով, որոնց կարիքը կայ ձեր թաղամասին մէջ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել