Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Գրաւոր Վերաքաղ
Գոց գրքերով վերաքաղ՝ 4 Սեպտեմբերէն մինչեւ 18 Դեկտեմբեր 2000, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի նշանակումներով ներկայացուած նիւթերու վրայ հիմնուած։ Յատկացուած ժամանակամիջոցին, անջատ թուղթի մը վրայ ձեր կրցած չափով հարցումներուն պատասխանեցէք։
[Նշմար. Գրաւոր վերաքաղի ընթացքին, միայն Աստուածաշունչը կարելի է գործածել որեւէ հարցումի պատասխանելու համար։ Հարցումներուն աւարտին տրուած տեղեկութիւնները ձեր անձնական հետազօտութեան համար են։ Դիտարան–ի ակնարկումներէն ոմանք թերեւս չբովանդակեն էջերուն եւ պարբերութիւններուն թիւերը։]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն Շիտակ կամ Սխալ պատասխանեցէք.
1. Դաւիթ արգելք կեցաւ որ Աբեսսան Սեմէին սպաննէ, քանի որ Դաւիթ անպարտ չէր Սեմէիի իր վրայ տեղացուցած ամբաստանութիւններէն։ (Բ. Թագ. 16։5-13) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ99 5/1 էջ 32 § 3]
2. Մաքուր, լաւ մարզուած խիղճ մը ոչ միայն Աստուծոյ հետ ջերմ ու անձնական յարաբերութեան կ’առաջնորդէ, այլ մեր փրկութեան համար ալ կենսական է։ (Եբր. 10։22. Ա. Պետ. 1։15, 16) [դ98 9/1 էջ 4 § 4]
3. Գ. Թագաւորացի արձանագրութիւնը Քրիստոնեայի մը համար պատմական շատ քիչ արժէք կը ներկայացնէ, քանի որ Սողոմոնի մահէն ետք Իսրայէլի եւ Յուդայի մէջ իշխող 14 թագաւորներէն միայն երկուքը յաջողեցան Եհովայի աչքին շիտակը ընել։ [si էջ 64 § 1]
4. Յիսուսի Հազարամեայ Իշխանութիւնը կրնայ համեմատուիլ Սողոմոնի խաղաղ եւ բարգաւաճ 40 տարուան իշխանութեան հետ։ (Գ. Թագ. 4։24, 25, 29) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w90 6/1 էջ 6 § 5]
5. Աբիայի վայելուչ թաղումը բացայայտ ապացոյց մըն է թէ ան Եհովայի հաւատարիմ երկրպագու մըն էր, Յերոբովամի գերդաստանէն միակ անհատը։ (Գ. Թագ. 14։10, 13) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ95 7/1 էջ 12 § 11]
6. Քրիստոնէական մկրտութեան քայլը առնելը ցոյց կու տայ թէ անհատը Աստուծոյ հասուն ծառան եղած է։ [w98 10/1 էջ 28 § 2]
7. Եհովա զօրացուց Եղիան, անոր գերմարդկային խիզախութիւն տալով եւ զինք վախէ զերծ անհատ մը դարձնելով։ (Գ. Թագ. 18։17, 18, 21, 40, 46) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ98 1/1 էջ 31 § 2]
8. Սողոմոնի տաճարը ուշադրութեան արժանի կառոյց մըն է, ոչ միայն իր փառքին եւ նիւթական շքեղութեան համար, այլեւ, քանի որ անիկա շա՛տ աւելի փառաւոր Եհովայի հոգեւոր տաճարը կը պատկերացնէ։ [si էջ 69 § 26]
9. Եղիսէի խօսքին վրայ, Ասորիներու զօրքին վրայ եկած կուրութիւնը բացայայտօրէն մտային կուրութիւն էր, քանի որ անոնք կրցան Եղիսէն տեսնել, բայց չկրցան ճանչնալ թէ ան ո՛վ էր։ (Դ. Թագ. 6։18, 19) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ si էջ 70-71 § 10]
10. Դ. Թագաւորաց 11։12–ի մէջ յիշուած «Վկայութիւնը» (Արարատ), այլաբանական խորհրդանիշ մըն էր, ցոյց տալու համար թէ թագաւորին կողմէ Աստուծոյ Օրէնքին մեկնութիւնը վերջնական էր եւ պէտք էր անոր հնազանդիլ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w91 2/1 էջ 31 § 6]
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեցէք.
11. Ա. Յովհաննու 2։15-17–ի համաձայն, բարեպաշտ ծնողներ իրենց զաւակները պէտք է յորդորեն ի՞նչ բանէ խուսափելու, երբ զանոնք կ’ուղղեն որ յարմար աշխարհիկ գործ մը ընտրեն։ [դ98 8/1 էջ 5 § 3]
12. Արդեօք սէրը եւ ուրիշներու հանդէպ հետաքրքրութի՞ւնն էր որ Աբիսողոմը մղեց արքայական պալատ եկողներուն օգնելու։ (Բ. Թագ. 15։2-4) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ99 3/1 էջ 14 § 9]
13. Ներկայիս որո՞նք կարելի է Գողիաթի ազգականներուն՝ Ռափայի՝ հետ համեմատել, եւ անոնք ի՞նչ կը ջանան ընել։ (Բ. Թագ. 21։15-22) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w89 1/1 էջ 20 § 8]
14. Բ. Թագաւորաց 6։6, 7–էն ի՞նչ օգտակար սկզբունք մը կը սորվինք։ [si էջ 63 § 30]
15. Ի՞նչ կարեւոր սկզբունք մը կրնանք սորվիլ այն դէպքէն՝ երբ մարդ մը Շաբաթը չպահելուն համար մահուան դատապարտուեցաւ։ (Թուոց 15։35) [դ98 9/1 էջ 30 § 2]
16. Ի՞նչ ընելով կրնանք ընդօրինակել Սաբայի թագուհին, որ երկար ճամբորդութիւն ըրաւ ‘Սողոմոնին իմաստութիւնը’ լսելու համար։ (Գ. Թագ. 10։1-9) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w99 7/1 էջ 31 § 1-2]
17. Գ. Թագաւորաց 17։3, 4, 7-9, 17-24–ի համաձայն, Եղիան ի՞նչ երեք կերպերով Եհովայի հանդէպ հաւատք ցուցաբերեց։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w92 4/1 էջ 19 § 5]
18. Ինչո՞ւ Նաբովթի ըրածը յամառութիւն չէր, երբ ան մերժեց իր այգին Աքաաբին ծախել։ (Գ. Թագ. 21։2, 3) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ97 11/1 էջ 12 § 18]
19. Դ. Թագաւորաց 6։16–ի խօսքերը, ներկայիս ի՞նչպէս Եհովայի ծառաները քաջալերելու ծառայած են։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ98 7/1 էջ 12 § 5]
20. Ներկայիս ճշմարիտ Քրիստոնեաներ ի՞նչ կերպերով պէտք է զգուշանան Սիմոնականութենէ։ [w98 11/15 էջ 28 § 5]
Հետեւեալ արտայայտութիւնները ամբողջացնելու համար, պէտք եղած բառը կամ նախադասութիւնը հայթայթեցէք.
21. Ճշմարիտ Քրիստոնեան պէտք չէ տեղի տայ _________________________ , եւ պէտք չէ մասնակցի _________________________ տհաճեցնող սովորութիւններու։ (Առ. 29։25. Մատթ. 10։28) [w98 7/15 էջ 20 § 5]
22. Ագրիպպաս Արքային առջեւ վկայելու ժամանակ, Պօղոս _________________________ գործածեց, շեշտելով իր ու Ագրիպպասի միջեւ _________________________ կէտերը։ (Գործք 26։2, 3, 26, 27) [w98 9/1 էջ 31 § 3]
23. Քանի որ Աստուած _________________________ է, ոմանք կրնան խորհիլ թէ ան անձ մը չէ, սակայն յաճախակի եւ լարուած կերպով _________________________ պահերը, կարող պիտի դարձնեն որ անհատ մը ‘Անտեսանելին տեսնէ’։ (Եբր. 11։27) [դ98 10/1 էջ 29 § 3-4]
24. Ինչպէս յայտնի կ’ըլլայ Սուրիացի զօրավար _________________________ պարագայով, երբեմն քիչ մը _________________________ մեծ օգուտներ կը ստացուին։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ99 2/1 էջ 3 § 6–էջ 4 § 1]
25. Ինչպէս որ Յովնադաբի սիրտը Յէու Թագաւորին հետ էր, ներկայիս _________________________ սրտանց կ’ընդունի Մեծագոյն Յէուն՝ _________________________ ՝ եւ կը համագործակցի իր հետ, որ երկրի վրայ _________________________ ներկայացուած է։ (Դ. Թագ. 10։15, 16) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ98 1/1 էջ 22 § 5-6]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն մէջէն շիտակ պատասխանը ընտրեցէք.
26. (Սատանան. Եհովան. Յովաբն) էր որ Դաւիթը դրդեց մեղք գործելու՝ ‘Իսրայէլը համրելով’։ (Բ. Թագ. 24։1) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w92 7/15 էջ 5 § 2]
27. Գ. Թագաւորաց 8։1–ի եւ Ժողովողի 1։1–ի համաձայն, Սողոմոն ժողովուրդը ժողվեց (տաճարը շինելու. Իսրայէլի թշնամիները հալածելու. Եհովան պաշտելու) համար։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ si էջ 112 § 3]
28. 20 տարուան ժամանակաշրջանը, որու ընթացքին Սողոմոն Երուսաղէմի մէջ տաճարն ու իր տունը կառուցանեց, կը բաղդատուի վարդապետական եւ կազմակերպչական վերաճշդումներու ժամանակաշրջանի մը հետ, որ սկսաւ (1919–ին. 1923–ին. 1931–ին) եւ վերջ գտաւ (1938–ին. 1942–ին. 1950–ին)։ (Գ. Թագ. 9։10) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ92 4/1 էջ 19 շրջագիծ։]
29. Դ. Թագաւորաց 2։11–ի մէջ գործածուած «երկինք» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ (Աստուծոյ հոգեւոր բնակավայրին. ֆիզիքական տիեզերքին. երկրի մթնոլորտին, ուր թռչունները կը թռչին ու հովը կը փչէ)։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ97 12/1 էջ 26 շրջագիծ։]
30. (Մեծն Հերովդէսն. Օգոստոս Կայսրն. Տիբերիոս Կայսրն) էր որ աշխարհագիրը մտնելու հրամանը տուաւ, որու պատճառաւ Յիսուս փոխանակ Նազարէթի մէջ ծնելու, Բեթլէհէմի մէջ ծնաւ։ [դ99 1/1 էջ 7 շրջագիծ։]
Հետեւեալ համարները վարը տրուած արտայայտութիւններուն հետ համեմատեցէք.
Սաղմ. 15։4. Բ. Թագ. 12։28. Բ. Թագ. 15։18-22. Դ. Թագ. 3։11. Կող. 3։13
31. Եհովայի աստուածպետական կարգադրութեան մէջ, գլխաւորութիւնը պէտք է յարգուի։ [si էջ 63 § 30]
32. Եհովայի կազմակերպութեան եւ անոր ներկայացուցիչներուն հանդէպ հաւատարմութիւնը պէտք է պահպանուի։ [si էջ 63 § 30]
33. Եհովայի ողորմութեան հանդէպ գնահատութիւնը, անհատը կրնայ մղել որ ինքնազսպում ի գործ դնէ եւ թերութիւնները անտեսէ։ [դ98 11/1 էջ 6 § 3]
34. Մասնաւոր ծառայութեան մէջ եղող Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն հանդէպ հիւրասիրութիւն ցուցաբերելը եւ խոնարհութեամբ անոնց ծառայելը, առանձնաշնորհում մըն է։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w97 11/1 էջ 31 § 1]
35. Աստուածավախ անհատ մը իր լաւագոյնը կ’ընէ իր պարտքերը վճարելու նկատմամբ իր տուած խօսքը պահելու համար, նոյնիսկ երբ աննախատեսելի պարագաներ ակնկալուածէն դժուար ըլլան։ [դ98 12/1 էջ 30 § 4]