Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Փետրուար 12–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 21
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Աստուածաշունչը—Մարդկութեան Ամենահին եւ Այժմէական Գիրքը պատկերիզը նկատի պիտի առնուի Փետրուար 26–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին։ Նիւթը պիտի հիմնուի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին այս թիւին էջ 7–ին մէջ հայթայթուած հարցումներուն վրայ։
15 վյրկ. «Եհովան Փառաբանեցէք Բարի Գործերով»։* Մեկնաբանութիւններ մէջբերեցէք Ծանուցանողներ գրքէն, էջ 187, պարբերութիւն 2-3։
20 վյրկ. «Ուրիշները Ի՛նչպէս Համոզել»։ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչի մը եւ ռահվիրայի մը կամ ազդու հրատարակիչի մը միջեւ զրոյց, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Մայիս 1998, էջ 21-23–ի վրայ (Անգլերէն)։ Էջ 23–ի վրայ գտնուող «Ձեր Աշակերտին Սրտին Հասնիլ» խորագրով շրջագիծը վերլուծեցէք։ Ձեր թաղամասին մէջ հասարակաց եղող կրօնական սուտ հաւատալիք մը ընտրելէ ետք, քննարկեցէք ի՛նչպէս անհատ մը համոզել որ այս նիւթին մասին Աստուածաշունչին ըսածը ընդունի։
Երգեցողութիւն թիւ 34 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 19–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 195
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
22 վյրկ. «Եհովայի Անունը եւ Գործերը Ճանչցնենք»։* Երէց մը վերաքաղ կ’ընէ Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներու ընթացքին յաւելեալ ծառայութեան համար տեղականօրէն եղած մասնայատուկ ծրագիրները, ի ներառեալ՝ կարելի եղածին չափ մեծ թիւով անհատներ օժանդակ ռահվիրայութեան ձեռնարկելու համար տրուած քաջալերութիւնը։ Անցեալ Ապրիլին ռահվիրայութիւն ընողներէն ոմանք թող պատմեն ռահվիրայութենէն առթած գոհունակութեան մասին։ Շեշտը դրէք իւրաքանչիւր անգործունեայ հրատարակիչի օգնելու վրայ, որպէսզի ծառայութեան մէջ մեզի վերամիանան, ինչպէս նաեւ երախաներուն եւ Աստուածաշունչի աշակերտներուն՝ որպէսզի չմկրտուած հրատարակիչներ ըլլալու որակելի ըլլան։—Տես՝ Նոյեմբեր 2000 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Հարցումի Տուփը։
Երգեցողութիւն թիւ 27 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 26–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 47
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Փետրուարի դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները տան։
12 վյրկ. Գիտութիւն Գրքին Համար Թելադրուած Ներկայացումներ։ Մարտ ամսուան ընթացքին Գիտութիւն գիրքը ներկայացնելու համար ներկայացում մը ի մտի ունի՞ք։ Եթէ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին հին թիւերուն վերջին էջերուն վրայ ակնարկ մը նետէք, առաջին հանդիպումին համար թելադրութիւններ պիտի գտնէք, որոնց մեծ մասը՝ վերայցելութիւններուն ի՛նչ ըսելու մասին գաղափարներ ալ կը բովանդակէ։ Երկու կամ երեք թելադրուած ներկայացումներ վերաքաղ ըրէք։ (Դեկտեմբեր 1995. Մարտ, Յունիս, Նոյեմբեր 1996. Յունիս 1997. Մարտ 1998) Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար ուղղակի մօտեցում գործածելու մասին, Նոյեմբեր 1996–ի թիւին մէջ յիշուած երկու թելադրութիւնները ցուցադրեցէք։ Բոլորը քաջալերեցէք որ մասնայատուկ ջանք թափեն նոր ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։
25 վյրկ. «Աստուածաշունչը—Մարդկութեան Ամենահին եւ Այժմէական Գիրքը Պատկերիզին Հանդէպ Գնահատութիւն Կերտել»։ Ներկաներուն հետ զրոյց, գործածելով էջ 7–ի վրայ հայթայթուած հարցումները։ Աչքառու դարձուցէք այն իրողութիւնը թէ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը ամենէն շատ տարածուած Աստուածաշունչերէն մէկն է, ամբողջութեամբ կամ մասամբ անկէ տպուած է աւելի քան 100 միլիոն օրինակ, 37 լեզուներով։ Ապրիլին վերաքաղ պիտի ընենք՝ Աստուածաշունչի Զօրութիւնը Ձեր Կեանքին Մէջ պատկերիզը։
Երգեցողութիւն թիւ 129 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 5–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 81
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
18 վյրկ. «Եհովա Ոյժ կու Տայ»։* Ներկաներուն մեկնաբանութիւնները խնդրեցէք, թէ համարները ի՛նչպէս կը կիրարկուին։
22 վյրկ. «Հեռաձայնով Վկայելով Յաջողութիւն Գտնել»։a Նիւթը նկատի թող առնուի ծառայութեան տեսուչին կողմէ։ Պարփակեցէք Դիտարան 15 Դեկտեմբեր 1999, էջ 23, պարբերութիւն 17–ին մէջ յիշուած քաջալերութիւնը։ Վերաքաղ ըրէք «Պատասխանող Գործիքի մը Ի՞նչ կ’Ըսէք» շրջագիծը, Նոյեմբեր 2000 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ։ Բացատրեցէք թէ հեռաձայնով վկայութեան համար ի՛նչ թաղամասեր պատրաստուած են։ Քանի մը հակիրճ փորձառութիւններ պատմեցէք, որոնք ցոյց կու տան թէ այս գործունէութիւնը տեղական ժողովքին մէջ յաջողութիւն կը գտնէ։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշ]
a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։