Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Հոկտեմբերին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Վերայցելութիւններուն ընթացքին երբ հետաքրքրութիւն ցոյց տրուի, կարելի է բաժանորդագրութիւն ներկայացնել։ Նոյեմբերին. Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ կամ՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Դեկտեմբերին. Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը։ Որպէս փոխընտրութիւն կրնաք գործածել Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ, Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց կամ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ գիրքը։ Յունուարին. Որեւէ 192 էջնոց հին գիրք, որ ժողովքը ունի։ Ժողովքներ որոնք այս գրքերէն չունին, կրնան՝ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ գիրքը ներկայացնել։
◼ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին այս համարին յաւելուածականը՝ «2002–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագիր»ն է, եւ պէտք է պահուի գործածուելու համար 2002–ի ընթացքին։
◼ Եթէ Յունուար 1–ին ձեր ժողովքային հանդիպումներու ժամերը պիտի փոխուին, ժողովքի քարտուղարը մասնաճիւղի գրասենեակը տեղեակ պէտք է պահէ եղած փոփոխութիւններէն, Ժողովներու Մասին Տեղեկութիւններ եւ Յայտաթերթիկներու Խնդրագիր պատճեն (S-5) լեցնելով ու ղրկելով։ Եթէ կարիքը ունենաք, կրնաք միեւնոյն պատճենով յայտաթերթիկներու նոր քանակ մը ապսպրել։ Յայտաթերթիկները պէտք է ապսպրուին ձեր ստանալիք թուականէն, առնուազն ութը շաբաթ առաջ։
◼ Ժողովքները պէտք է սկսին ապսպրել Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր—2002 գրքոյկը իրենց Հոկտեմբեր ամսուան գրականութիւններու ապսպրանքին հետ։ Գրքոյկը մատչելի պիտի ըլլայ հետեւեալ լեզուներով. Ալպաներէն, Ամհարիգերէն, Անգլերէն, Արաբերէն, Արեւելահայերէն, Գամպոտերէն, Գերմաներէն, Դանիերէն, Եբրայերէն, Թակալոկ, Թայ, Թիկրինիա, Թուի, Թրքերէն, Իլոքօ, Ինտոնեզերէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Խրուաթերէն, Կուճարաթի, Հայերէն, Հինտի, Հոլանտերէն, Հունգարերէն, Ճափոներէն, Մալայալամ, Մակեդոներէն, Յունարէն, Նորվեկերէն, Շուէտերէն, Ուրտույերէն, Ուքրաներէն, Չեխերէն, Չինարէն, Չինարէն (Պարզացուած), Պարսկերէն, Պուլկարերէն, Ռումաներէն, Ռուսերէն, Սալոմոն Կղզիներու Փիճն, Սամոայերէն, Սերպերէն, Սէպուանօ, Սլովաքերէն, Սուահիլի, Սպաներէն, Վիեթնամերէն, Փափիամէնթօ, Փորթուկալերէն, Փունճապի, Քորէայերէն, Ֆինլանտերէն եւ Ֆրանսերէն։ Մինչեւ այս գրքոյկները մատչելի ըլլան եւ առաքումները կատարուին, ժողովքին ուղարկուած թղթածրարի ցանկին վրայ «Առկախուած» պիտի գրուի։ Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր գրքոյկները յատուկ ապսպրանքներ են։
◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
Գոհացուցիչ Կեանք՝ Ի՛նչպէս Ձեռք Ձգել—Անգլերէն, Արաբերէն, Թակալոկ, Թայ, Իլոքօ, Իտալերէն, Հիլիկայնոն, Ճափոներէն, Յունարէն, Չինարէն, Չինարէն (Պարզացուած), Ռուսերէն, Սէպուանօ, Սուահիլի, Սպաներէն, Վիեթնամերէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն, Ֆրանսերէն
Եսայիի Մարգարէութիւնը—Լոյս՝ Ամբողջ Մարդկութեան Համար, Հատոր Բ.—Անգլերէն, Իտալերէն, Յունարէն, Ռուսերէն, Սպաներէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն, Ֆրանսերէն
Կը Փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին Մասին Աւելին Գիտնալ (Թերթիկ Թիւ 26)—Անգլերէն, Սպաներէն
Մարդուն Մէջ Անմահ Բան մը Կա՞յ (Թերթիկ Թիւ 25)—Անգլերէն, Արաբերէն, Գամպոտերէն, Յունարէն, Սուահիլի, Սպաներէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն, Ֆրանսերէն
◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ.
Եհովայի Հեղինակութիւնը Յարգենք—Ձայներիզի Վրայ (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով)—Անգլերէն
◼ Մատչելի Նոր Սի.Տի.–ներ.
Եհովայի Հեղինակութիւնը Յարգենք—Սի.Տի.–ի Վրայ (Թատերախաղ, մէկ սկաւառակով)—Անգլերէն
◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.
Հաւատարիմ՝ Փորձութիւններու Ներքեւ—Եհովայի Վկաները Սովետական Միութեան Մէջ—Անգլերէն
Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը—Պատկերիզի Վրայ, Հատոր Բ.—Ամերիկեան Համրերու Լեզու