2002–Ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագիր
Թելադրութիւններ
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը 2002–ի ընթացքին հետեւեալ կարգադրութիւններուն համաձայն պիտի վարուի։
ԴԱՍԱԳՐՔԵՐ. Աստուածաշունչը, Դիտարան [դ], «Բոլոր Գիրքը Աստուծոյ Շունչն Է եւ Օգտակար Է» (1990–ի հրատարակութիւն) [si], եւ Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել [rs] պիտի ըլլան նշանակումներուն հիմը։
Դպրոցը պէտք է ՃԻՇԴ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ սկսի երգեցողութեամբ, աղօթքով եւ հակիրճօրէն բարի գալուստ մաղթելով։ Հարկ չկայ յայտագրին մասին գաղափար մը տալու։ Մինչ դպրոցի տեսուչը իւրաքանչիւր բաժին կը ներկայացնէ, ան զարգացուելիք նիւթը կը յիշէ։ Դպրոցը հետեւեալ կերպով պիտի վարուի.
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 15 վայրկեան։ Ասիկա պէտք է ներկայացուի երէցի մը կամ օգնական ծառայի մը կողմէ, եւ հիմնուած պիտի ըլլայ Դիտարան–ի կամ «Բոլոր Գիրքը Աստուծոյ Շունչն Է եւ Օգտակար Է» գրքին վրայ։ Երբ Դիտարան–ի վրայ հիմնուած է, այս նշանակումը պէտք է ներկայացուի որպէս 15 վայրկեան տեւող հրահանգիչ ուղերձ, առանց բերանացի վերաքաղի. իսկ երբ «Բոլոր Գիրքը» գրքին վրայ հիմնուած է, անիկա պէտք է ներկայացուի որպէս 10-12 վայրկեան տեւող դասախօսութիւն, որուն կը յաջորդէ 3-5 վայրկեան տեւող բերանացի վերաքաղ, գործածելով գրականութեան տպուած հարցումները։ Նպատակը պէտք է ըլլայ ո՛չ միայն նիւթը ծածկել, այլ՝ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել բացատրուած տեղեկութիւններուն գործնական արժէքին վրայ, ցցուն ընելով ինչ որ ժողովքին մեծապէս օգտակար պիտի ըլլայ։ Ցոյց տրուած բնաբանը պէտք է գործածել։
Այն եղբայրները որոնց նշանակուած է այս դասախօսութիւնը, պէտք է ուշադիր ըլլան որ որոշուած ժամանակին սահմանին մէջ մնան։ Կարելի է առանձին խրատ տալ եթէ անհրաժեշտ է կամ եթէ դասախօսը խնդրէ զայն։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԷՆ ԱՉՔԱՌՈՒ ԿԷՏԵՐ. 6 վայրկեան։ Ասիկա պէտք է ներկայացուի երէցի մը կամ օգնական ծառայի մը միջոցաւ, որ նիւթը ազդուօրէն պիտի կիրարկէ տեղական կարիքներուն։ Բնաբանի հարկ չկայ։ Ասիկա նշանակուած ընթերցումին միայն ամփոփում մը պէտք չէ ըլլայ։ Կարելի է պարփակել նշանակուած գլուխներուն մասին 30–էն 60 երկվայրկեան տեւող ընդհանուր վերաքաղ մը։ Սակայն, գլխաւոր նպատակն է ունկնդիրներուն օգնել որ գնահատեն թէ տեղեկութիւնները ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս արժէք ունին մեզի համար։ Անկէ ետք, դպրոցի տեսուչը պիտի արձակէ աշակերտները որ իրենց զանազան դասարանները երթան։
ԹԻՒ 2 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 5 վայրկեան։ Ասիկա նշանակուած նիւթի մը Աստուածաշունչի ընթերցում մըն է, որ եղբօր մը կողմէ պէտք է տրուի, ըլլայ գլխաւոր դպրոցին մէջ կամ յաւելեալ խումբերուն մէջ։ Ընթերցումի նշանակումները սովորաբար բաւական կարճ են, աշակերտին թոյլ տալու որ ամփոփ բացատրողական տեղեկութիւններ ներկայացնէ բացման եւ փակման խօսքերուն մէջ։ Պատմական ենթահողը, մարգարէական կամ վարդապետական նշանակութիւնը, եւ սկզբունքներու կիրարկումը կարելի է պարփակել։ Նշանակուած բոլոր համարները պէտք է անընդհատաբար կարդացուին։ Անշուշտ, երբ կարդացուելիք համարները յաջորդական չեն, աշակերտը կրնայ համարին տեղը յիշել, ուրկէ ընթերցումը պիտի շարունակուի։
ԹԻՒ 3 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 5 վայրկեան։ Ասիկա քրոջ մը պիտի նշանակուի։ Անոր նիւթը պիտի հիմնուի Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գրքին վրայ։ Մատուցման որեւէ կերպ որ ձեր թաղամասին համար յարմար է, կրնայ գործածուիլ, իսկ մասնակցողները կրնան նստած կամ՝ կայնած ըլլալ։ Դպրոցի տեսուչը յատկապէս նկատի պիտի առնէ այն կերպը, որով աշակերտուհին բնաբանը կը զարգացնէ եւ կ’օգնէ տանտիրուհիին որ համարներուն հիման վրայ պատճառաբանէ։ Նշանակուած աշակերտուհին ընթերցելու կարող պէտք է ըլլայ։ Դպրոցի տեսուչը օգնական մը պիտի նշանակէ, բայց կարելի է յաւելեալ օգնական մը գործածել։ Գլխաւոր ուշադրութիւնը պէտք է տրուի ո՛չ թէ ցուցադրութեան, այլ՝ Աստուածաշունչին ազդեցիկ գործածութեան։
ԹԻՒ 4 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 5 վայրկեան։ Այս նշանակումին նիւթը հիմնուած պիտի ըլլայ Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գրքին վրայ։ Ասիկա եղբօր մը կամ քրոջ մը պիտի նշանակուի։ Երբ եղբօր մը նշանակուի, նիւթը միշտ պէտք է տրուի որպէս դասախօսութիւն մը։ Երբ քրոջ մը նշանակուի, անիկա Թիւ 3 Նշանակումին համար ուրուագծուած կերպին համաձայն պէտք է ներկայացուի։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐ. Ժողովքի բոլոր անդամներուն քաջալերութիւն կը տրուի, որ Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութեան յայտագրին հետեւին, որ օրական գրեթէ մէկ էջ կարդալու համահաւասար է։
ՆՇՄԱՐ. Խրատի, ժամանակաւորումի, գրաւոր վերաքաղի եւ նշանակումները պատրաստելու նկատմամբ յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ թելադրութիւններու համար, հաճեցէք տեսնել Հոկտեմբեր 1996–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին 3–րդ էջը։
ՅԱՅՏԱԳԻՐ
Յուն. 7 Աստ. ընթ. Ժողովողի 1-6
Երգեցողութիւն Թիւ 59
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Ժողովողի Գրքին Մասին (si էջ 112-113 պարբ. 1-8)
Թիւ 2. Ժողովողի 4։1-16
Թիւ 3. ‘Բուժումի կը Հաւատա՞ք’ (rs էջ 160 պարբ. 6–էջ 161 պարբ. 1 [էջ 255 պարբ. 5–էջ 256 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Որպէս Մարդ Ծնելէն Առաջ՝ Հոգեւոր Ծիրին Մէջ Բոլորս Գոյութիւն Ունէի՞նք (rs էջ 161 պարբ. 2–էջ 162 պարբ. 3 [էջ 238 պարբ. 1–էջ 239 պարբ. 3, Արաբ.])
Յուն. 14 Աստ. ընթ. Ժողովողի 7-12
Երգեցողութիւն Թիւ 222
Թիւ 1. Ժողովողի Գիրքը Ինչո՛ւ Օգտակար Է (si էջ 114 պարբ. 15-19)
Թիւ 2. Ժողովողի 8։1-17
Թիւ 3. Եթէ Ադամ Չմեղանչէր, Ի Վերջոյ Երկինք Պիտի Երթա՞ր (rs էջ 162 պարբ. 4-5 [էջ 239 պարբ. 4-5, Արաբ.])
Թիւ 4. Անհատ մը Պէ՞տք Է Երկինք Երթայ՝ Իրապէս Երջանիկ Ապագայ մը Ունենալու Համար (rs էջ 163 պարբ. 1-3 [էջ 240 պարբ. 1-3, Արաբ.])
Յուն. 21 Աստ. ընթ. Երգ Երգոց 1-8
Երգեցողութիւն Թիւ 102
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Երգ Երգոց Գրքին Մասին եւ Ինչո՛ւ Օգտակար Է (si էջ 115-117 պարբ. 1-4, 16-18)
Թիւ 2. Երգ Երգոց 5։1-16
Թիւ 3. Ա. Պետրոս 3։19, 20–ը Ի՞նչ Ըսել կ’Ուզէ (rs էջ 163 պարբ. 4 [էջ 240 պարբ. 4, Արաբ.])
Թիւ 4. Ա. Պետրոս 4։6–ը Ի՞նչ Ըսել կ’Ուզէ (rs էջ 163 պարբ. 5 [էջ 241 պարբ. 1, Արաբ.])
Յուն. 28 Աստ. ընթ. Եսայեայ 1-6
Երգեցողութիւն Թիւ 204
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Եսայեայ Գրքին Մասին (si էջ 118-119 պարբ. 1-8)
Թիւ 2. Եսայեայ 2։1-17
Թիւ 3. Բոլոր Քրիստոնեաներուն Յոյսը Երկնային Կեանք Է (rs էջ 164 պարբ. 1-3 [էջ 241 պարբ. 2–էջ 242 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. «Նոր Կտակարանը» Երկրի Վրայ Յաւիտենական Կեանքի Մասին Ի՞նչ կ’Ըսէ (rs էջ 165 պարբ. 1–էջ 166 պարբ. 2 [էջ 242 պարբ. 3–էջ 243 պարբ. 4, Արաբ.])
Փետր. 4 Աստ. ընթ. Եսայեայ 7-11
Երգեցողութիւն Թիւ 127
Թիւ 1. Եհովայի Կազմակերպութեան Կարիքը Ունինք (դ00 1/1 էջ 30-31)
Թիւ 2. Եսայեայ 8։1-22
Թիւ 3. Աստուածաշունչը Երկնային Կեանքի Յոյսը Քանի՞ Հոգիի կը Մատուցանէ (rs էջ 166 պարբ. 3-4 [էջ 244 պարբ. 1-2, Արաբ.])
Թիւ 4. 144,000–ը Միայն Բնական Հրեանե՞ր Են (rs էջ 166 պարբ. 5–էջ 167 պարբ. 3 [էջ 244 պարբ. 3–էջ 245 պարբ. 1, Արաբ.])
Փետր. 11 Աստ. ընթ. Եսայեայ 12-19
Երգեցողութիւն Թիւ 21
Թիւ 1. Դուք Ձեզ Ի՞նչպէս կը Նկատէք (դ00 1/15 էջ 20-22)
Թիւ 2. Եսայեայ 17։1-14
Թիւ 3. «Մեծ Բազմութեան» Սուրբ Գրային Յոյսը Ի՞նչ Է (rs էջ 167 պարբ. 4–էջ 168 պարբ. 1 [էջ 245 պարբ. 2-3, Արաբ.])
Թիւ 4. Երկինք Գացողները Հոն Ի՞նչ Պիտի Ընեն (rs էջ 168 պարբ. 2-6 [էջ 246 պարբ. 1-5, Արաբ.])
Փետր. 18 Աստ. ընթ. Եսայեայ 20-26
Երգեցողութիւն Թիւ 77
Թիւ 1. Եհովայի Հետ Մտերմութիւն Մշակեցէք (դ00 1/15 էջ 23-26)
Թիւ 2. Եսայեայ 22։1-19
Թիւ 3. Աստուածաշունչը կ’Ըսէ՞ թէ Մարմնին Մահէն Ետք Հոգին Ողջ կը Մնայ (rs էջ 169 պարբ. 1-5 [էջ 392 պարբ. 3–էջ 393 պարբ. 4, Արաբ.])
Թիւ 4. Ի՞նչպիսի Մարդիկ Աստուածաշունչի Դժոխքը կ’Երթան (rs էջ 170 պարբ. 1-3 [էջ 393 պարբ. 5–էջ 394 պարբ. 2, Արաբ.])
Փետր. 25 Աստ. ընթ. Եսայեայ 27-31
Երգեցողութիւն Թիւ 27
Թիւ 1. Հալածիչը Մեծ Լոյս մը կը Տեսնէ (դ00 1/15 էջ 27-29)
Թիւ 2. Եսայեայ 29։1-14
Թիւ 3. Աստուածաշունչի Դժոխքէն Մէկը Երբեք Դուրս կու Գա՞յ (rs էջ 170 պարբ. 4–էջ 171 պարբ. 1 [էջ 394 պարբ. 3-5, Արաբ.])
Թիւ 4. Ամբարիշտներուն Համար Յաւիտենական Պատիժ Կա՞յ (rs էջ 171 պարբ. 2–էջ 172 պարբ. 1 [էջ 395 պարբ. 1-3, Արաբ.])
Մարտ 4 Աստ. ընթ. Եսայեայ 32-37
Երգեցողութիւն Թիւ 85
Թիւ 1. Յաջողութիւն՝ Յարատեւութեան Շնորհիւ (դ00 2/1 էջ 4-6)
Թիւ 2. Եսայեայ 33։1-16
Թիւ 3. Յայտնութեան Մէջ Ակնարկուած ‘Յաւիտենական Տանջանքը’ Ի՞նչ Է (rs էջ 172 պարբ. 2-3 [էջ 396 պարբ. 1-2, Արաբ.])
Թիւ 4. Յիսուսի Ակնարկած ‘Կրակոտ Գեհենը’ Ի՞նչ Է (rs էջ 173 պարբ. 1-3 [էջ 396 պարբ. 3–էջ 397 պարբ. 2, Արաբ.])
Մարտ 11 Աստ. ընթ. Եսայեայ 38-42
Երգեցողութիւն Թիւ 152
Թիւ 1. Մօր մը Իմաստուն Խրատը (դ00 2/1 էջ 30-31)
Թիւ 2. Եսայեայ 42։1-16
Թիւ 3. Մեղքին Պատիժը Ի՞նչ Է (rs էջ 174 պարբ. 1-4 [էջ 397 պարբ. 3–էջ 398 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Յիսուս Սորվեցո՞ւց թէ Ամբարիշտները Մահուընէ Ետք Պիտի Չարչարուին (rs էջ 174 պարբ. 5 [էջ 398 պարբ. 3, Արաբ.])
Մարտ 18 Աստ. ընթ. Եսայեայ 43-47
Երգեցողութիւն Թիւ 160
Թիւ 1. Վտանգաւոր Գօտիէն Հեռո՛ւ Կեցէք (դ00 2/15 էջ 4-7)
Թիւ 2. Եսայեայ 44։6-20
Թիւ 3. Հարուստ Մարդուն եւ Ղազարոսին Առակը Ի՞նչ Նշանակութիւն Ունի (rs էջ 175 պարբ. 1-3 [էջ 398 պարբ. 4–էջ 399 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Ծնունդը Աստուածաշունչի՞ն Վրայ Հիմնուած Տօնակատարութիւն մըն Է (rs էջ 176 պարբ. 1-4 [էջ 53 պարբ. 1-4, Արաբ.])
Մարտ 25 Աստ. ընթ. Եսայեայ 48-52
Երգեցողութիւն Թիւ 38
Թիւ 1. Աղօթքի Զօրութիւնը (դ00 3/1 էջ 3-4)
Թիւ 2. Եսայեայ 49։1-13
Թիւ 3. Աստղի մը Միջոցաւ Յիսուսի Առաջնորդուած Մոգերը Որո՞նք Էին (rs էջ 177 պարբ. 1-3 [էջ 54 պարբ. 1-3, Արաբ.])
Թիւ 4. Երբ Ծնունդի Սովորութիւնները կը Քննենք, Ի՞նչ Նկատի Պէտք Է Առնենք (rs էջ 177 պարբ. 4–էջ 178 պարբ. 2 [էջ 54 պարբ. 4–էջ 55 պարբ. 2, Արաբ.])
Ապրիլ 1 Աստ. ընթ. Եսայեայ 53-59
Երգեցողութիւն Թիւ 10
Թիւ 1. Պատրաստուած Սրտով Եհովան Փնտռենք (դ00 3/1 էջ 29-31)
Թիւ 2. Եսայեայ 54։1-17
Թիւ 3. Տօնակատարութիւններուն Առնչութեամբ Ո՞ր Սկզբունքները Պէտք Է Մեզ Առաջնորդեն (rs էջ 178 պարբ. 3–էջ 179 պարբ. 2 [էջ 55 պարբ. 3–էջ 56 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Զատիկի եւ Նոր Տարուան Տօնակատարութիւններուն Մասին Ի՞նչ Պէտք Է Գիտնանք (rs էջ 179 պարբ. 3–էջ 180 պարբ. 2 [էջ 56 պարբ. 3–էջ 57 պարբ. 3, Արաբ.])
Ապրիլ 8 Աստ. ընթ. Եսայեայ 60-66
Երգեցողութիւն Թիւ 59
Թիւ 1. Եսայեայ Գիրքը Ինչո՛ւ Օգտակար Է (si էջ 123 պարբ. 34-39)
Թիւ 2. Եսայեայ 61։1-11
Թիւ 3. «Մեռելներու Հոգիներուն» Յիշատակին Նուիրուած Տօներուն Ծագումը Ի՞նչ Է (rs էջ 180 պարբ. 3–էջ 181 պարբ. 3 [էջ 57 պարբ. 4–էջ 58 պարբ. 3, Արաբ.])
Թիւ 4. Ի՞նչ Գիտենք Վալընթայն–ի Օրուան, Մայրերու Օրուան, եւ Ազգայնական Արարողութիւններու Մասին (rs էջ 181 պարբ. 5–էջ 182 պարբ. 5 [էջ 59 պարբ. 1-6, Արաբ.])
Ապրիլ 15 Աստ. ընթ. Երեմեայ 1-4
Երգեցողութիւն Թիւ 113
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Երեմեայ Գրքին Մասին (si էջ 124 պարբ. 1-5)
Թիւ 2. Երեմեայ 2։4-19
Թիւ 3. Աստուածաշունչը Ի՞նչ կ’Ըսէ Արձանները Կամ Պատկերները Որպէս Պաշտամունքի Առարկաներ Գործածելու Մասին (rs էջ 183 պարբ. 1-4 [էջ 121 պարբ. 1–էջ 122 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Կարելի՞ Է ճշմարիտ Աստուծոյ Պաշտամունքին Մէջ Արձաններ Կամ Պատկերներ Գործածել Որպէս Օժանդակող Բաներ (rs էջ 183 պարբ. 5–էջ 184 պարբ. 4 [էջ 122 պարբ. 3-7, Արաբ.])
Ապրիլ 22 Աստ. ընթ. Երեմեայ 5-8
Երգեցողութիւն Թիւ 152
Թիւ 1. Մարդկութիւնը Ինչո՛ւ Բարեխօսի մը Կարիքը Ունի (դ00 3/15 էջ 3-4)
Թիւ 2. Երեմեայ 7։1-20
Թիւ 3. «Սուրբերը» Պէ՞տք Է Պատուենք Որպէս Աստուծոյ Քով Միջնորդութիւն Ընողներ (rs էջ 184 պարբ. 5–էջ 185 պարբ. 2 [էջ 122 պարբ. 8–էջ 123 պարբ. 5, Արաբ.])
Թիւ 4. Աստուած Ի՞նչպէս կը Նկատէ Պաշտամունքի Առարկայ Եղող Արձանները Կամ Պատկերները (rs էջ 185 պարբ. 3–էջ 186 պարբ. 2 [էջ 124 պարբ. 1-4, Արաբ.])
Ապրիլ 29 Գրաւոր Վերաքաղ։ Աստ. ընթ. Երեմեայ 9-13
Երգեցողութիւն Թիւ 46
Մայիս 6 Աստ. ընթ. Երեմեայ 14-18
Երգեցողութիւն Թիւ 150
Թիւ 1. Յիսուս Քրիստոս Ի՛նչպէս Կրնայ Օգնել Մեզի (դ00 3/15 էջ 5-9)
Թիւ 2. Երեմեայ 17։1-18
Թիւ 3. Նախապէս Մեր Պատուած Որեւէ Արձանի Կամ Պատկերի Հանդէպ Ի՞նչպէս Պէտք Է Զգանք (rs էջ 186 պարբ. 3-5 [էջ 124 պարբ. 5–էջ 125 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Պաշտամունքի Մէջ Արձաններ Կամ Պատկերներ Գործածելը Մեր Ապագային Վրայ Ի՞նչ Ազդեցութիւն Կրնայ Ունենալ (rs էջ 187 պարբ. 1-4 [էջ 125 պարբ. 3-6, Արաբ.])
Մայիս 13 Աստ. ընթ. Երեմեայ 19-23
Երգեցողութիւն Թիւ 34
Թիւ 1. Համեստութիւն՝ Խաղաղութիւն Յառաջացնող Յատկութիւն մը (դ00 3/15 էջ 21-24)
Թիւ 2. Երեմեայ 19։1-15
Թիւ 3. Մարդիկ Աստուածաշունչի Չափանիշները Մերժելով, Իրապէս Ազատութիւն Ձեռք կը Ձգե՞ն (rs էջ 187 պարբ. 5–էջ 188 պարբ. 2 [էջ 45 պարբ. 1-3, Արաբ.])
Թիւ 4. Նիւթապաշտական Հետապնդումներու եւ Ալքոլամոլութեան Նկատմամբ Աստուածաշունչը Ի՞նչ Խրատ կու Տայ (rs էջ 188 պարբ. 3-4 [էջ 45 պարբ. 4–էջ 46 պարբ. 1, Արաբ.])
Մայիս 20 Աստ. ընթ. Երեմեայ 24-28
Երգեցողութիւն Թիւ 55
Թիւ 1. Օրինակելի Մարդ մը որ Սրբագրութիւնը Ընդունեց (դ00 3/15 էջ 25-28)
Թիւ 2. Երեմեայ 25։1-14
Թիւ 3. Եհովայի Հետ Ձեր Յարաբերութիւնը Արժեւորեցէք, եւ Չար Ընկերակցութիւններէ Խուսափեցէք (rs էջ 189 պարբ. 2 [էջ 46 պարբ. 3, Արաբ.])
Թիւ 4 Ո՞վ Մարդիկը Յորդորեց որ Աստուծոյ Պատուիրանները Զանց Ընեն (rs էջ 189 պարբ. 3–էջ 190 պարբ. 1 [էջ 47 պարբ. 1-2, Արաբ.])
Մայիս 27 Աստ. ընթ. Երեմեայ 29-31
Երգեցողութիւն Թիւ 143
Թիւ 1. Ներկայիս Աստուծոյ Հոգին Ի՞նչպէս կը Գործէ (դ00 4/1 էջ 8-11)
Թիւ 2. Երեմեայ 30։1-16
Թիւ 3. Ո՞ր Կեցուածքներէն Պէտք Է Խուսափինք (rs էջ 190 պարբ. 2–էջ 191 պարբ. 1 [էջ 47 պարբ. 3–էջ 48 պարբ. 5, Արաբ.])
Թիւ 4. Երբ Անկախութիւնը Անհատը Մղէ Աշխարհը Ընդօրինակելու, Ան Որո՞ւ Իշխանութեան Ներքեւ կու Գայ (rs էջ 191 պարբ. 2-3 [էջ 48 պարբ. 6-7, Արաբ.])
Յունիս 3 Աստ. ընթ. Երեմեայ 32-35
Երգեցողութիւն Թիւ 85
Թիւ 1. Եհովայի Զօրութեամբ Մխիթարուեցէք (դ00 4/15 էջ 4-7)
Թիւ 2. Երեմեայ 34։1-16
Թիւ 3. Ներկայիս Սովորաբար Գործածուող Աստուածաշունչի Թարգմանութիւններուն Մէջ, Աստուծոյ Անունը Ո՞ւր կը Գտնուի (rs էջ 191 պարբ. 4–էջ 193 պարբ. 7 [էջ 429 պարբ. 3–էջ 431 պարբ. 9, Արաբ.])
Թիւ 4 Աստուածաշունչի Թարգմանութիւններէն Շատեր Ինչո՞ւ Աստուծոյ Անձնական Անունը Չեն Գործածեր (rs էջ 193 պարբ. 8–էջ 194 պարբ. 4 [էջ 431 պարբ. 10–էջ 433 պարբ. 1, Արաբ.])
Յունիս 10 Աստ. ընթ. Երեմեայ 36-40
Երգեցողութիւն Թիւ 77
Թիւ 1. Բռնաւոր Անհատները կը Նկատէ՞ք Այնպէս Ի՛նչպէս Աստուած կը Նկատէ Զանոնք (դ00 4/15 էջ 26-29)
Թիւ 2. Երեմեայ 37։1-17
Թիւ 3. Աստուածային Անուան Ո՞ր Ձեւը Շիտակ Է, Եհովա թէ՝ Եահվէ (rs էջ 195 պարբ. 1–էջ 197 պարբ. 7 [էջ 433 պարբ. 2–էջ 435 պարբ. 8, Արաբ.])
Թիւ 4. «Հին Կտակարան»ի Եհովան «Նոր Կտակարան»ի Յիսուս Քրիստո՞սն Է (rs էջ 197 պարբ. 8–էջ 198 պարբ. 3 [էջ 435 պարբ. 9–էջ 436 պարբ. 3, Արաբ.])
Յունիս 17 Աստ. ընթ. Երեմեայ 41-45
Երգեցողութիւն Թիւ 113
Թիւ 1. «Ամէն Զգուշութիւնով Քու Սիրտդ Պահէ» (դ00 5/15 էջ 20-24)
Թիւ 2. Երեմեայ 41։1-15
Թիւ 3. Անհատ մը Ի՞նչպէս Կրնայ Եհովան Սիրել, Երբ Նաեւ Իրմէ Պէտք Է Վախնայ (rs էջ 198 պարբ. 4–էջ 199 պարբ. 1 [էջ 436 պարբ. 4-5, Արաբ.])
Թիւ 4. Եհովայի Վկաներու Ո՞ր Հաւատալիքները Զիրենք Միւս Կրօնքներէն կը Զատորոշեն (rs էջ 199 պարբ. 2–էջ 200 պարբ. 7 [էջ 256 պարբ. 2–էջ 258 պարբ. 1, Արաբ.])
Յունիս 24 Աստ. ընթ. Երեմեայ 46-49
Երգեցողութիւն Թիւ 14
Թիւ 1. Կատարեալ Կեանքը Պարզ Երազ մը Չէ (դ00 6/15 էջ 5-7)
Թիւ 2. Երեմեայ 49։1-13
Թիւ 3. Եհովայի Վկաները Ամերիկեա՞ն Կրօնք մըն Են (rs էջ 201 պարբ. 1-6 [էջ 258 պարբ. 2-7, Արաբ.])
Թիւ 4. Եհովայի Վկաները Աղա՞նդ մըն Են (rs էջ 202 պարբ. 1–էջ 203 պարբ. 3 [էջ 259 պարբ. 1–էջ 260 պարբ. 3, Արաբ.])
Յուլիս 1 Աստ. ընթ. Երեմեայ 50-52
Երգեցողութիւն Թիւ 46
Թիւ 1 Երեմեայ Գիրքը Ինչո՛ւ Օգտակար Է (si էջ 129 պարբ. 36-39)
Թիւ 2. Երեմեայ 50։1-16
Թիւ 3. Եհովայի Վկաները կը Հաւատա՞ն թէ Միայն Իրենց Կրօնքը Շիտակ Է (rs էջ 203 պարբ. 4-5 [էջ 260 պարբ. 4-5, Արաբ.])
Թիւ 4. Ճշմարիտ Կրօնքը Աստուածաշունչին կը Կառչի (rs էջ 204 պարբ. 1 [էջ 261 պարբ. 1, Արաբ.])
Յուլիս 8 Աստ. ընթ. Ողբք 1-2
Երգեցողութիւն Թիւ 129
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Ողբք Գրքին Մասին (si էջ 130 պարբ. 1-7)
Թիւ 2. Ողբք 1։1-14
Թիւ 3. Եհովայի Վկաները Ի՞նչպէս Աստուածաշունչի Իրենց Բացատրութիւնը Ձեռք կը Ձգեն (rs էջ 204 պարբ. 2–էջ 205 պարբ. 3 [էջ 261 պարբ. 2–էջ 262 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Եհովայի Վկաներու Ուսուցումներուն Մէջ Ինչո՞ւ Փոփոխութիւններ Եղած Են (rs էջ 205 պարբ. 4 [էջ 262 պարբ. 3, Արաբ.])
Յուլիս 15 Աստ. ընթ. Ողբք 3-5
Երգեցողութիւն Թիւ 32
Թիւ 1. Ողբք Գիրքը Ինչո՛ւ Օգտակար Է (si էջ 132 պարբ. 13-15)
Թիւ 2. Ողբք 3։1-30
Թիւ 3. Եհովայի Վկաները Ինչո՞ւ Տունէ Տուն կը Քարոզեն (rs էջ 206 պարբ. 1-4 [էջ 263 պարբ. 1-4, Արաբ.])
Թիւ 4. Եհովայի Վկաները Ինչո՞ւ կը Հալածուին (rs էջ 207 պարբ. 1-2 [էջ 263 պարբ. 6–էջ 264 պարբ. 1, Արաբ.])
Յուլիս 22 Աստ. ընթ. Եզեկիէլ 1-6
Երգեցողութիւն Թիւ 162
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Եզեկիէլ Գրքին Մասին (si էջ 132-133 պարբ. 1-6)
Թիւ 2. Եզեկիէլ 4։1-17
Թիւ 3. ‘Ինչո՞ւ Աշխարհը Աւելի Լաւ Բնակավայր մը Դարձնելու Ջանքերուն Չէք Մասնակցիր’ (rs էջ 207 պարբ. 3–էջ 208 պարբ. 2 [էջ 264 պարբ. 2–էջ 265 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. ‘Քրիստոնեաները Պէտք Է Յիսուսի Վկաները Ըլլան եւ Ոչ թէ Եհովայի’ (rs էջ 208 պարբ. 3 [էջ 265 պարբ. 3, Արաբ.])
Յուլիս 29 Աստ. ընթ. Եզեկիէլ 7-12
Երգեցողութիւն Թիւ 150
Թիւ 1. Լաւ Օրինակներէն Օգտուեցէք (դ00 7/1 էջ 19-21)
Թիւ 2. Եզեկիէլ 10։1-19
Թիւ 3. Յիսուս Քրիստոս Իրակա՞ն Անձ մըն Էր (rs էջ 209 պարբ. 1-4 [էջ 413 պարբ. 1-4, Արաբ.])
Թիւ 4. Յիսուս Քրիստոս Պարզապէս Բարի Մա՞րդ մըն Էր (rs էջ 210 պարբ. 1 [էջ 414 պարբ. 1, Արաբ.])
Օգոս. 5 Աստ. ընթ. Եզեկիէլ 13-16
Երգեցողութիւն Թիւ 160
Թիւ 1. Կրնա՛ք Մաքուր Մնալ Անբարոյ Աշխարհի մը Մէջ (դ00 7/15 էջ 28-31)
Թիւ 2. Եզեկիէլ 13։1-16
Թիւ 3. Յիսուս Պարզապէս Կրօնական Առաջնո՞րդ մըն Էր (rs էջ 210 պարբ. 2 [էջ 414 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Հրեաները Ընդհանուր Առմամբ Ինչո՞ւ Յիսուսը Մերժեցին (rs էջ 211 պարբ. 1-2 [էջ 415 պարբ. 1-2, Արաբ.])
Օգոս. 12 Աստ. ընթ. Եզեկիէլ 17-20
Երգեցողութիւն Թիւ 59
Թիւ 1. Ինչո՞ւ Հեղինակութիւնը Յարգենք (դ00 8/1 էջ 4-7)
Թիւ 2. Եզեկիէլ 17։1-18
Թիւ 3. Յիսուս Քրիստոս Իրապէս Աստուա՞ծ Էր (rs էջ 212 պարբ. 1-2 [էջ 415 պարբ. 3–էջ 416 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Յովհաննու 1։1–ը կը Փաստէ՞ թէ Յիսուս Աստուած Է (rs էջ 212 պարբ. 4-6 [էջ 416 պարբ. 3-5, Արաբ.])
Օգոս. 19 Աստ. ընթ. Եզեկիէլ 21-23
Երգեցողութիւն Թիւ 95
Թիւ 1. Տարակարծութիւններ Ի՞նչպէս Ձեռք կ’Առնէք (դ00 8/15 էջ 23-25)
Թիւ 2. Եզեկիէլ 22։1-16
Թիւ 3. Յովհաննու 20։28–ի Մէջ Թովմասի Բացագանչութիւնը կը Փաստէ՞ թէ Յիսուս Իրապէս Աստուած Է (rs էջ 213 պարբ. 1-3 [էջ 417 պարբ. 1-3, Արաբ.])
Թիւ 4. Մատթէոս 1։23–ը Ցոյց կու Տա՞յ թէ Յիսուս Երբ Երկրի Վրայ Էր Աստուած Էր (rs էջ 214 պարբ. 1-3 [էջ 418 պարբ. 1-3, Արաբ.])
Օգոս. 26 Գրաւոր Վերաքաղ։ Աստ. ընթ. Եզեկիէլ 24-28
Երգեցողութիւն Թիւ 102
Սեպտ. 2 Աստ. ընթ. Եզեկիէլ 29-32
Երգեցողութիւն Թիւ 204
Թիւ 1. Ինչո՞ւ Անձնազոհ Ըլլալ (դ00 9/15 էջ 21-24)
Թիւ 2. Եզեկիէլ 30։1-19
Թիւ 3. Յովհաննու 5։18–ին Իմաստը Ի՞նչ Է (rs էջ 214 պարբ. 4-5 [էջ 418 պարբ. 4-5, Արաբ.])
Թիւ 4. Յիսուսի Երկրպագութիւն Ընելը Ինքնին Փա՞ստ Է թէ Ան Աստուած Է (rs էջ 214 պարբ. 6–էջ 215 պարբ. 2 [էջ 418 պարբ. 6–էջ 419 պարբ. 2, Արաբ.])
Սեպտ. 9 Աստ. ընթ. Եզեկիէլ 33-36
Երգեցողութիւն Թիւ 47
Թիւ 1. Ի՛նչպէս Կրնաք Աստուծոյ Մօտենալ (դ00 10/15 էջ 4-7)
Թիւ 2. Եզեկիէլ 33։1-16
Թիւ 3. Յիսուսի Կատարած Հրաշքները կը Փաստե՞ն թէ Ինք Աստուած Է (rs էջ 215 պարբ. 3–էջ 216 պարբ. 1 [էջ 419 պարբ. 3–էջ 420 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4 Յիսուս Քրիստոսի Հաւատալը Փրկութեան Համար Բաւարա՞ր Է (rs էջ 216 պարբ. 3 [էջ 420 պարբ. 3, Արաբ.])
Սեպտ. 16 Աստ. ընթ. Եզեկիէլ 37-40
Երգեցողութիւն Թիւ 34
Թիւ 1. Յաջողութիւնը Ի՞նչով կը Չափէք (դ00 11/1 էջ 18-21)
Թիւ 2. Եզեկիէլ 39։1-16
Թիւ 3. Յիսուս Մարդ Չեղած՝ Երկնքի Մէջ Գոյութիւն Ունէ՞ր (rs էջ 216 պարբ. 4–էջ 217 պարբ. 1 [էջ 420 պարբ. 4-5, Արաբ.])
Թիւ 4. Յիսուս Իր Մարմնեղէն Մարմինը Երկնքի Մէջ Ունի՞ (rs էջ 217 պարբ. 2-5 [էջ 421 պարբ. 1-4, Արաբ.])
Սեպտ. 23 Աստ. ընթ. Եզեկիէլ 41-45
Երգեցողութիւն Թիւ 129
Թիւ 1. Յօժարակամ Սրտով Աստուծոյ Ծառայեցէք (դ00 11/15 էջ 21-23)
Թիւ 2. Եզեկիէլ 42։1-20
Թիւ 3. Յիսուս Քրիստոս եւ Միքայէլ Հրեշտակապետը Նո՞յն Անձն Են (rs էջ 218 պարբ. 1-3 [էջ 422 պարբ. 1-3, Արաբ.])
Թիւ 4. ‘Յիսուսի Չէ՛ք Հաւատար’ (rs էջ 219 պարբ. 1-3 [էջ 422 պարբ. 4–էջ 423 պարբ. 2, Արաբ.])
Սեպտ. 30 Աստ. ընթ. Եզեկիէլ 46-48
Երգեցողութիւն Թիւ 112
Թիւ 1. Եզեկիէլ Գիրքը Ինչո՛ւ Օգտակար Է (si էջ 137 պարբ. 29-33)
Թիւ 2. Եզեկիէլ 46։1-15
Թիւ 3. ‘Յիսուսը կ’Ընդունի՞ս Որպէս Անձնական Փրկիչդ’ (rs էջ 219 պարբ. 4-5 [էջ 423 պարբ. 3-4, Արաբ.])
Թիւ 4. ‘Յիսուսը Ընդունած Եմ Որպէս Անձնական Փրկիչս’ (rs էջ 220 պարբ. 1 [էջ 424 պարբ. 1, Արաբ.])
Հոկտ. 7 Աստ. ընթ. Դանիէլ 1-4
Երգեցողութիւն Թիւ 10
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Դանիէլ Գրքին Մասին (si էջ 138-139 պարբ. 1-6)
Թիւ 2. Դանիէլ 1։1-17
Թիւ 3. Ներկայիս Բնական Հրեաները Աստուծոյ Ընտրեալ Ժողովո՞ւրդն Են (rs էջ 220 պարբ. 2–էջ 221 պարբ. 4 [էջ 424 պարբ. 2–էջ 425 պարբ. 4, Արաբ.])
Թիւ 4. Բոլոր Հրեաները Դարձի Գալով Քրիստոսի Հաւատք Պիտի Ընծայե՞ն (rs էջ 222 պարբ. 1-2 [էջ 426 պարբ. 1-2, Արաբ.])
Հոկտ. 14 Աստ. ընթ. Դանիէլ 5-8
Երգեցողութիւն Թիւ 21
Թիւ 1. «Իմաստուն» Մարդոց Ըսածներուն Միշտ Պէ՞տք Է Հաւատաք (դ00 12/1 էջ 29-31)
Թիւ 2. Դանիէլ 5։1-16
Թիւ 3. Հրեաները Պէ՞տք Է Յիսուսի Հաւատք Ընծայեն Որպէսզի Փրկուին (rs էջ 222 պարբ. 3–էջ 223 պարբ. 1 [էջ 426 պարբ. 3-4, Արաբ.])
Թիւ 4. Ներկայիս Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցող Դէպքերը Աստուածաշունչի Մարգարէութեան Կատարո՞ւմ մըն Են (rs էջ 223 պարբ. 2–էջ 224 պարբ. 2 [էջ 427 պարբ. 1–էջ 428 պարբ. 2, Արաբ.])
Հոկտ. 21 Աստ. ընթ. Դանիէլ 9-12
Երգեցողութիւն Թիւ 33
Թիւ 1. Դանիէլ Գիրքը Ինչո՛ւ Օգտակար Է (si էջ 141-142 պարբ. 19-23)
Թիւ 2. Դանիէլ 10։1-21
Թիւ 3. Իսրայէլի Վերահաստատման Մարգարէութիւնները Ներկայիս Կատարում մը Ունի՞ն (rs էջ 224 պարբ. 3–էջ 225 պարբ. 3 [էջ 428 պարբ. 3–էջ 429 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Իսկական Կառավարութի՞ւն մըն Է (rs էջ 226 պարբ. 1-2 [էջ 360 պարբ. 1-2, Արաբ.])
Հոկտ. 28 Աստ. ընթ. Ովսեայ 1-14
Երգեցողութիւն Թիւ 195
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Ովսեայ Գրքին Մասին եւ Ինչո՛ւ Օգտակար Է (si էջ 143-145 պարբ. 1-8, 14-17)
Թիւ 2. Ովսեայ 4։1-19
Թիւ 3. Թագաւորութեան Մէջ Որո՞նք Են Կառավարիչները (rs էջ 226 պարբ. 3-5 [էջ 360 պարբ. 3–էջ 361 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Մարդկային Կառավարութիւններուն Վրայ Ի՞նչ Ազդեցութիւն Պիտի Ունենայ (rs էջ 227 պարբ. 1-2 [էջ 361 պարբ. 3-4, Արաբ.])
Նոյ. 4 Աստ. ընթ. Յովելեայ 1-3
Երգեցողութիւն Թիւ 222
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Յովելեայ Գրքին Մասին եւ Ինչո՛ւ Օգտակար Է (si էջ 146-148 պարբ. 1-5, 12-14)
Թիւ 2. Յովելեայ 1։1-20
Թիւ 3. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Եհովայի Անունը Պիտի Սրբացնէ (rs էջ 227 պարբ. 3-5 [էջ 361 պարբ. 5–էջ 362 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ամբողջ Ստեղծագործութիւնը Մաքուր Պաշտամունքին Մէջ Պիտի Միացնէ (rs էջ 228 պարբ. 1-2 [էջ 362 պարբ. 2-3, Արաբ.])
Նոյ. 11 Աստ. ընթ. Ամովսայ 1-9
Երգեցողութիւն Թիւ 212
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Ամովսայ Գրքին Մասին եւ Ինչո՛ւ Օգտակար Է (si էջ 148-150 պարբ. 1-6, 13-17)
Թիւ 2. Ամովսայ 1։1-15
Թիւ 3. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Պատերազմն ու Փտածութիւնը Պիտի Ջնջէ (rs էջ 228 պարբ. 3–էջ 229 պարբ. 2 [էջ 363 պարբ. 1-4, Արաբ.])
Թիւ 4. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Բոլորին Համար Ուտելիք Պիտի Հայթայթէ եւ Հիւանդութիւնը Մէջտեղէն Պիտի Վերցնէ (rs էջ 229 պարբ. 3-5 [էջ 363 պարբ. 5-7, Արաբ.])
Նոյ. 18 Աստ. ընթ. Աբդիու 1–Յովնանու 4
Երգեցողութիւն Թիւ 14
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Աբդիու եւ Յովնանու Գրքերուն Մասին եւ Ինչո՛ւ Օգտակար Են (si էջ 151-153 պարբ. 1-5, 10-14. էջ 153-155 պարբ. 1-4, 9-12)
Թիւ 2. Աբդիու 1։1-16
Թիւ 3. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Բոլորին Համար Տուներ, Աշխատանք եւ Ապահովութիւն Պիտի Հայթայթէ (rs էջ 229 պարբ. 6–էջ 230 պարբ. 2 [էջ 364 պարբ. 1-4, Արաբ.])
Թիւ 4. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Պատճառ Պիտի Ըլլայ որ Արդարութիւնը եւ Իրաւունքը Տիրական Ըլլան (rs էջ 230 պարբ. 3-5 [էջ 364 պարբ. 5-7, Արաբ.])
Նոյ. 25 Աստ. ընթ. Միքիայ 1-7
Երգեցողութիւն Թիւ 138
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Միքիայ Գրքին Մասին եւ Ինչո՛ւ Օգտակար Է (si էջ 155-158 պարբ. 1-8, 16-19)
Թիւ 2. Միքիայ 1։1-16
Թիւ 3. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Մեռելները Պիտի Յարուցանէ (rs էջ 230 պարբ. 6–էջ 231 պարբ. 3 [էջ 365 պարբ. 1-4, Արաբ.])
Թիւ 4. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Սիրոյ եւ Համերաշխութեան Աշխարհ մը Պիտի Հայթայթէ (rs էջ 231 պարբ. 4-6 [էջ 365 պարբ. 5–էջ 366 պարբ. 1, Արաբ.])
Դեկտ. 2 Աստ. ընթ. Նաւումայ 1–Ամբակումայ 3
Երգեցողութիւն Թիւ 172
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Նաւումայ եւ Ամբակումայ Գրքերուն Մասին եւ Ինչո՛ւ Օգտակար Են (si էջ 158-160 պարբ. 1-7, 11-12. էջ 161-163 պարբ. 1-5, 12-14)
Թիւ 2. Նաւումայ 3։1-19
Թիւ 3. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Երկիրը Դրախտի մը Պիտի Վերածէ (rs էջ 232 պարբ. 1-3 [էջ 366 պարբ. 2-4, Արաբ.])
Թիւ 4. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Առաջին Դարո՞ւն Սկսաւ Իշխել (rs էջ 232 պարբ. 4-6 [էջ 366 պարբ. 5–էջ 367 պարբ. 1, Արաբ.])
Դեկտ. 9 Աստ. ընթ. Սոփոնեայ 1–Անգեայ 2
Երգեցողութիւն Թիւ 129
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Սոփոնեայ եւ Անգեայ Գրքերուն Մասին եւ Ինչո՛ւ Օգտակար Են (si էջ 163-166 պարբ. 1-6, 10-12. էջ 166-168 պարբ. 1-7, 13-16)
Թիւ 2. Սոփոնեայ 2։1-15
Թիւ 3. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Պիտի Գայ Ամբողջ Աշխարհը Դարձի Գալէ՞ Ետք (rs էջ 233 պարբ. 1-2 [էջ 367 պարբ. 2-3, Արաբ.])
Թիւ 4. ‘Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Իմ Օրերուս Պիտի Չգայ’ (rs էջ 233 պարբ. 4–էջ 234 պարբ. 1 [էջ 368 պարբ. 1-2, Արաբ.])
Դեկտ. 16 Աստ. ընթ. Զաքարեայ 1-8
Երգեցողութիւն Թիւ 195
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Զաքարեայ Գրքին Մասին (si էջ 168-169 պարբ. 1-7)
Թիւ 2. Զաքարեայ 6։1-15
Թիւ 3. Ի՞նչ Բան Ցոյց կու Տայ թէ Վերջին Օրերուն Մէջ կ’Ապրինք (rs էջ 234 պարբ. 2 [էջ 83 պարբ. 3, Արաբ.])
Թիւ 4. Պատերազմները եւ Ուտելիքի Պակասը Ի՞նչպէս «Նշան»ին Մէկ Մասն Են (rs էջ 234 պարբ. 3–էջ 235 պարբ. 4 [էջ 84 պարբ. 1–էջ 85 պարբ. 2, Արաբ.])
Դեկտ. 23 Աստ. ընթ. Զաքարեայ 9-14
Երգեցողութիւն Թիւ 160
Թիւ 1. Զաքարեայ Գիրքը Ինչո՛ւ Օգտակար Է (si էջ 171-172 պարբ. 23-27)
Թիւ 2. Զաքարեայ 9։1-17
Թիւ 3. Ղուկաս 21։11–ը Ի՞նչպէս կը Կատարուի 1914–էն Ի Վեր (rs էջ 236 պարբ. 1-3 [էջ 85 պարբ. 3–էջ 86 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Անօրէնութեան Շատնալը Ի՞նչ Ցոյց կու Տայ (rs էջ 237 պարբ. 1-2 [էջ 86 պարբ. 2-3, Արաբ.])
Դեկտ. 30 Գրաւոր Վերաքաղ։ Աստ. ընթ. Մաղաքեայ 1-4
Երգեցողութիւն Թիւ 27
[Ստորանիշ]
Ժամանակին ներած չափով, նկատի առէք առարկութիւններ, կարծիքներ, եւայլն, որոնք թաղամասի կարիքներուն յարմար են։