Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Գրաւոր Վերաքաղ
Գոց գրքերով վերաքաղ՝ 3 Սեպտեմբերէն մինչեւ 24 Դեկտեմբեր 2001, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի նշանակումներով ներկայացուած նիւթերու վրայ հիմնուած։ Յատկացուած ժամանակամիջոցին, անջատ թուղթի մը վրայ ձեր կրցած չափով հարցումներուն պատասխանեցէք։
[Նշմար. Գրաւոր վերաքաղի ընթացքին, միայն Աստուածաշունչը կարելի է գործածել որեւէ հարցումի պատասխանելու համար։ Հարցումներուն աւարտին տրուած տեղեկութիւնները ձեր անձնական հետազօտութեան համար են։ Դիտարան–ի ակնարկումներէն ոմանք թերեւս չբովանդակեն էջերուն եւ պարբերութիւններուն թիւերը։]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն Շիտակ կամ Սխալ պատասխանեցէք.
1. Քանի որ հաւատքը Աստուծոյ հոգիին պտուղներէն մէկն է, հաւատք չունեցող անհատներ այդ հոգին չեն փնտռեր, կամ ալ կը փնտռեն սխալ նպատակի մը համար, եւ կամ իրենց կեանքին մէջ անոր գործունէութեան դէմ կը դնեն։ (Ղուկ. 11։13. Գաղ. 5։22, ՆԱ) [rs էջ 129 պարբ. 1]
2. Սաղմոս 58։4–ը շիտակ է, երբ կը նշէ թէ իժը «ականջներ» ունի որոնք չեն գործեր, քանի որ անիկա բնականաբար խուլ է։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ ՆԱ, Վերագրումներով էջ 1583։]
3. Սաղմոս 68։11–ին մէջ (ՆԱ) յիշուած կիներու «մեծ բանակը», օտարազգի գերիներ էին, որոնք Իսրայէլի տղամարդոց կողմէ ազատ արձակուած էին, երբ անոնք թշնամի ազգեր նուաճած էին։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ87 2/1 էջ 30 պարբ. 6։]
4. Եթէ իւրաքանչիւր անհատի մահուան ժամանակն ու կերպը նախապէս որոշուած ըլլար անոր ծննդեան ատենը կամ անկէ առաջ, պէտք պիտի չըլլար վտանգաւոր պարագաներէ խուսափելու կամ առողջութեան հոգ տանելու, իսկ ապահովութեան կանխազգուշութիւնները մահացողներու թիւը պիտի չնուազեցնէին։ [rs էջ 138 պարբ. 3]
5. Պօղոսի խօսքը՝ «չըլլայ որ մէկը քու երիտասարդութիւնդ անարգէ», ցոյց կու տայ թէ Տիմոթէոս պատանի մըն էր, կամ ալ իր 20–ական տարիներու սկիզբը։ (Ա. Տիմ. 4։12) [դ99 9/15 էջ 29 պարբ. 1-3. էջ 31 պարբ. 2]
6. Սաղմոս 110։1–ի համաձայն, «իմ Տէրոջս» արտայայտութիւնը Յիսուսի կ’ակնարկէ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ94 9/1 էջ 7 պարբ. 5։]
7. Սաղմոսաց գրքին մէջ, Եհովայի անունը շուրջ 700 անգամ կը պատահի, իսկ կրճատուած ձեւը՝ «Եահ», 43 անգամ, ուստի բոլորը միասին, աստուածային անունը միջին հաշուով իւրաքանչիւր Սաղմոսի մէջ շուրջ 5 անգամ կը յիշուի։ [si էջ 104 պարբ. 23]
8. Թէեւ Աստուածաշունչին մէջ Յիսուսի մասին խօսուած է որպէս «աստուած մը», նոյնիսկ որպէս «Հզօր Աստուած», սակայն, ոչ մէկ տեղ իր մասին խօսուած է որպէս ամենակարող։ (Յովհ. 1։1, ՆԱ. Եսայ. 9։6. Ծննդ. 17։1) [rs էջ 150 պարբ. 2]
9. Առակաց գիրքը ուսումնասիրելը, իրականութեան մէջ, Սողոմոնի անձնական իմաստութիւնը ուսումնասիրել կը նշանակէ։ [si էջ 106 պարբ. 1]
10. ‘Զուարճութիւնը սիրելէ’ խուսափելու նկատմամբ Առակաց 21։17–ին (ՆԱ) մէջ գտնուած Աստուածաշունչի խրատը, ցոյց կու տայ թէ զուարճանալը սխալ է, քանի որ անիկա աւելի կարեւոր բաներու ժամանակը կը խլէ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w97 10/1 էջ 27 պարբ. 7։]
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեցէք.
11. Յիսուսի կողմէ Մարթայի տրուած թեթեւ յանդիմանութիւնը ի՞նչ ցոյց կու տար։ (Ղուկ. 10։40, 41) [w99 9/1 էջ 30 պարբ. 7]
12. Եհովա սաղմոսերգուն ի՞նչ «փառք»ի առաջնորդեց։ (Սաղմ. 73։24) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ87 3/1 էջ 10 պարբ. 3։]
13. Ինչպէս արձանագրուած է Սաղմոս 84։1-3–ի մէջ, սաղմոսերգուն ծառայութեան առանձնաշնորհումներու հանդէպ ի՞նչպիսի տեսակէտ մը կ’արտայայտէ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w97 3/15 էջ 8 պարբ. 5-7։]
14. Յայտնութիւն 22։17–ն եւ Հռովմայեցիս 2։4, 5–ը ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ Եհովա մարդոց բոլոր ըրածները չի նախատեսեր կամ չի նախասահմաներ։ [rs էջ 141 պարբ. 1-2]
15. Քանի որ նախկին Քրիստոնեաները Յայտնութիւն գրքին մէջ յիշուած Յիսուսի Հազարամեայ Իշխանութեան կը հաւատային, ի՞նչ բաներ առաջնորդեցին որ աստուածային այս ուսուցումը ի վերջոյ հաւատուրաց Քրիստոնեաներուն կողմէ մերժուէր։ [դ99 12/1 էջ 6 պարբ. 3–էջ 7 պարբ. 5]
16. Ուրիշներու «շահը փնտռել»ու նկատմամբ Քրիստոնեաները ի՞նչ սահմաններ պէտք է պահեն։ (Փիլ. 2։4) [դ99 12/1 էջ 29 պարբ. 1]
17. Ի՞նչ ըսել կ’ուզուի երբ Սաղմոս 128։3–ի մէջ որդիները կը նմանցուին մարդու մը սեղանին չորս կողմը եղող «ձիթենիի տունկերու»։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ00 8/15 էջ 30 պարբ. 4։]
18. Եթէ Աստուծոյ գործը երկիւղ ներշնչող բան մը նկատենք, անիկա ի՞նչպէս պիտի ազդէ մեզի։ (Սաղմ. 139։14) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ94 1/1 էջ 11 պարբ. 18։]
19. Առակաց 5։3, 4–ը ինչո՞ւ անբարոյութեան հետեւանքներուն մասին կը խօսի որպէս՝ «օշինդրի պէս դառն» եւ «երկսայրի թուրի պէս հատու»։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ00 7/15 էջ 29 պարբ. 2։]
20. Առակաց 14։29–ի համաձայն (ՆԱ), ներատեսութիւնը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել, անհամբերութեան եւ անզուսպ բարկութեան հետեւանքներէն խուսափելու։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ97 6/1 էջ 19 պարբ. 7-8։]
Հետեւեալ արտայայտութիւնները ամբողջացնելու համար, պէտք եղած բառը կամ նախադասութիւնը հայթայթեցէք.
21. Ճշմարիտ մարգարէներ _________________________ խօսեցան եւ _________________________ գիտցուցին։ (Բ. Օր. 18։18-20. Ա. Յովհ. 4։1-3) [rs էջ 132 պարբ. 3. էջ 133 պարբ. 2]
22. Առակաց գիրքը երկու նպատակ ունի՝ _________________________ հաղորդել եւ _________________________ հայթայթել։ (Առ. 1։1-4) [դ99 9/15 էջ 13 պարբ. 1]
23. «Բարձրելոյն ծածկոց»ը _________________________ վայր մըն է անոնց համար, որոնք _________________________ հարցին մէջ Աստուծոյ կողմը դիրք կը բռնեն. անիկա ‘ծածկուած’՝ կամ անծանօթ՝ է անոնց համար, որոնք _________________________։ (Սաղմ. 91։1) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ87 3/1 էջ 11 պարբ. 6։]
24. ‘Տէրոջ բոլոր բարերարութիւնները չմոռնալը’ բացայայտօրէն առնչուած է 103–րդ Սաղմոսին մէջ նկարագրուած անոր «բարերարութիւններ»ուն, այսինքն՝ ողորմած արարքներուն, վրայ _________________________ հետ։ (Սաղմ. 103։2) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w99 5/15 էջ 21 պարբ. 5-6։]
25. Առակը խորիմաստ ասացուածք մըն է, որ _________________________ մը կը գործածէ, եւ ծրագրուած է՝ _________________________։ [si էջ 107 պարբ. 6]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն մէջէն շիտակ պատասխանը ընտրեցէք.
26. Թէեւ Սաւուղի ցուցաբերած վերաբերմունքին համար բարկանալու պատճառ ունէր, սակայն Դաւիթ ինքզինք զսպեց, քանի որ (գիտակցեցաւ որ Սաւուղ անկատար էր եւ թէ՝ Աստուծոյ ծառաները ներող պէտք էր ըլլային. բացայայտօրէն իր մտքին մէջ ունէր Եհովայի հետ իր յարաբերութիւնը. գիտէր թէ սխալ էր դատապարտող ըլլալը)։ (Ա. Թագ. 24։7, 16) [w99 8/15 էջ 8 պարբ. 7]
27. (Իմաստութիւնը. Կրթութիւնը. Արդարութիւնը) բազմաթիւ ազդակներու խառնուրդ մըն է, պարփակելով հասկացողութիւն, ներատեսութիւն, խոհեմութիւն եւ հանճար. (բարութիւնը. հասկացողութիւնը. լաւ դատողութիւնը) հարցին խորը տեսնելու եւ անոր բաղադրութիւնը ըմբռնելու կարողութիւնն է, անոր զանազան մասերուն եւ ամբողջութեան միջեւ եղած կապակցութիւնները ըմբռնելով, անոր իմաստը հասկնալով։ (Առ. 1։1-4) [դ99 9/15 էջ 13 պարբ. 2]
28. Պետափրէսի կնոջ անբարոյ առաջարկները մերժելու Յովսէփի բարոյական զօրութիւնը արդիւնքն էր՝ (Մովսիսական Օրէնքին մասին իր ունեցած գիտութեան, որ կը դատապարտէր անբարոյութիւնը. անոր ամուսնոյն բարձրաստիճան դիրքին հանդէպ իր ունեցած խոր յարգանքին. Եհովայի հետ իր յարաբերութիւնը արժեւորելուն)։ (Ծննդ. 39։7-9) [դ99 10/1 էջ 29 պարբ. 3]
29. 119–րդ Սաղմոսը գրողը բացայայտօրէն խոր գնահատութիւն ունէր (Աստուծոյ խօսքին կամ օրէնքին. կեանքի պարգեւին. փրկութեան հեռանկարին) հանդէպ, որ յիշուած է նոյն սաղմոսին գրեթէ բոլոր համարներուն մէջ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ99 11/1 էջ 9 պարբ. 5. դ87 7/1 էջ 30 պարբ. 2։]
30. (Հռովմէացիներուն. Գաղատացիներուն. Եբրայեցիներուն) գրած Պօղոսի նամակին առաջին երկու գլուխներուն մէջ, Սաղմոսաց գրքէն քանի մը մէջբերումներ կը գտնենք, Յիսուս Քրիստոսի (գերակայ դիրքին. մկրտութեան. երկրային ծառայութեան) առնչութեամբ։ [si էջ 105 պարբ. 28]
Հետեւեալ համարները վարը տրուած արտայայտութիւններուն հետ համեմատեցէք.
Առ. 2։19. 14։15. 18։17. Հռովմ. 10։17. Եբր. 13։18
31. Հաւատք ձեռք ձգելու համար, անհատը նախ պէտք է գիտնայ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ եւ զայն ուշադրութեամբ քննէ։ [rs էջ 130 պարբ. 3]
32. Քրիստոնեաները չեն կրնար անպարկեշտ առեւտրական սովորութիւններ որդեգրել կամ ուրիշներու օրինաւոր շահերը անտեսել։ [դ99 9/15 էջ 10 պարբ. 2]
33. Սեռային անբարոյութիւն գործողները ուշ կամ կանուխ տեղ մը կը հասնին, ուրկէ վերադարձ չկայ, ուրիշ խօսքով՝ մահուան։ [դ99 11/15 էջ 27 պարբ. 4-5]
34. Իմաստուն ու խոհեմ անհատը իր արարքներուն հետեւանքները կը կշռէ եւ կուրօրէն չի հետեւիր նորոյթի մը, պարզ անոր համար որ անիկա ժողովրդական է։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ g94 12/8 էջ 16 պարբ. 1։]
35. Թէեւ անհատի մը պատճառաբանութիւնը կրնայ տրամաբանական եւ շիտակ թուիլ, սակայն, իմաստութիւն է հարցի մը երկու կողմերը լսել, եզրակացութեան մը յանգելէ առաջ։ [si էջ 111 պարբ. 36]