Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Դեկտեմբեր 10–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 204
13 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ Մինչեւ Երկրին Ծայրերը պատկերիզը դիտեն, Դեկտեմբեր 24–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին մէջ անոր քննարկման առ ի պատրաստութիւն։ Էջ 8–ի թելադրութիւնները գործածելով, ցուցադրեցէք ի՛նչպէս ներկայացնել՝ (1) Դիտարան 1 Յունուար թիւը, եւ (2) Զարթի՛ր 22 Դեկտեմբեր թիւը։
12 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Եհովայի Սիրոյն Հանդէպ Գնահատութիւն Ցուցաբերելուն Օրհնութիւնները—Մաս Բ.»։ Երբ 2-6–րդ պարբերութիւնները նկատի կ’առնէք, հրաւիրեցէք ժողովքը որ փորձառութիւններ պատմեն, զորս ունեցած են երբ մխիթարական ու յոյսի խօսքեր մատուցանած են վերջին աղէտին եւ անոր հետեւանքներուն պատճառաւ յուսալքուած կամ մտահոգ անհատներու։ Նախապէս կարգադրեցէք որ անոնցմէ մէկ կամ երկու հատը խաղարկէք։
Երգեցողութիւն Թիւ 222 եւ փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 17–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 46
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Դեկտեմբեր 25–ի եւ Յունուար 1–ի համար, դաշտի ծառայութեան մասնայատուկ կարգադրութիւնները ծանուցանեցէք։
22 վյրկ. «Աստուծոյ Խօսքը Շիտակ Բացատրեցէք»։ Պարփակեցէք իրապաշտ ցուցադրութիւն մը՝ հիմնուած 4–րդ պարբերութեան ներկայացումին վրայ։ Նաեւ ցուցադրեցէք ազդու ներկայացում մը որ տեղականօրէն գործածուած է քաջալերելու կամ մխիթարելու համար այն անհատները, որոնք նեղացած են աշխարհի ընթացիկ վիճակներուն համար։ Կարելի է հակիրճ փորձառութիւն մը պատմել։ Ներկաներէն խնդրեցէք որ մեկնաբանեն թէ ինչո՛ւ կը զգան թէ Աստուածաշունչը գործածելը տրուած վկայութիւնը շատ աւելի ազդու կը դարձնէ։
13 վյրկ. ‘Դուք Ձեր Աստուածաշունչը Ունիք’։ Ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած Պատճառաբանել գրքին վրայ, էջ 279-280 (կամ՝ էջ 103-104, Արաբ.)։ Եթէ մարդիկ մեզի մտիկ ընելու կը վարանին, քանի որ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը կը գործածենք, ի՞նչ կրնանք ըսել։ Նախապէս կարգադրեցէք որ հրատարակիչներ իրենց բառերով յիշեն թելադրուած պատասխանները։
Երգեցողութիւն Թիւ 113 եւ փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 24–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բացատրեցէք թէ Յունուարի ընթացքին ներկայացուելիք գրականութիւնը ի՛նչ է, եւ թէ ժողովքը ո՛ր գրքերը ունի։ Էջ 8–ի թելադրութիւնները գործածելով, ցուցադրեցէք պարբերաթերթի երկու հակիրճ ներկայացումներ, մէկը՝ գործածելով Դիտարան 1 Յունուար թիւը, իսկ միւսը՝ գործածելով Զարթի՛ր 8 Յունուար թիւը։ Թող անոնցմէ մէկը պատանի մը ներկայացնէ։
10 վյրկ. «2002–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոց»։ Դասախօսութիւն դպրոցի տեսուչին կողմէ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ իրենց նշանակումները կատարելու մէջ ժրաջան ըլլան։
25 վյրկ. «Վկայել՝ Մինչեւ Երկրին Ծայրերը»։ Ներկաներուն հետ զրոյց։ Բոլորը քաջալերեցէք որ լրջօրէն մտածեն թէ ի՛նչ կրնան ընել բարի լուրը ուրիշներու հասցնելու համար, տեղականօրէն կամ հո՛ն ուր աւելի մեծ կարիք կայ։ Ակնարկեցէք Յուլիս 2001 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին, էջ 4։ Փետրուարին վերաքաղ պիտի ընենք Նոյ՝ Աստուծոյ Հետ Քալեց պատկերիզը։
Երգեցողութիւն Թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 31–ով Սկսող Շաբաթ
Նշմար. Ժողովքներ Դեկտեմբեր 31–ով սկսող շաբթուան իրենց Ծառայութեան Ժողովը որոշուած օրէն առաջ պէտք չէ ընեն, բացի եթէ անիկա շրջանային տեսուչին այցելութեան կը զուգադիպի։ Ամէն ժողովքի մէջ, համաժողովի յաւելուածականը պէտք է նկատի առնուի ինչպէս յայտագրուած է Ծառայութեան Ժողովին մէջ։ Եթէ այդ շաբաթ շրջանային համաժողով մը կայ, գրքի ուսումնասիրութեան վարիչները պէտք է նահանգային համաժողովի վայրն ու թուականները ծանուցանեն, իրենց գրքի ուսումնասիրութեան սովորական վայրերուն մէջ։ Վարիչը Յանձնարարուած Իջեւանի Ցանկէն օրինակ մը պէտք է մատչելի ընէ, որպէսզի ներկաները կարենան պանդոկներուն հեռաձայնի թիւերը ընդօրինակել, իրենց վերապահումները ընելու համար։ Սակայն, այս ցանկէն կրկնօրինակներ պէտք չէ տրուին ոեւէ անհատի։
Երգեցողութիւն Թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Դեկտեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Եթէ ձեր ժողովքը նոր տարուան համար ժողովի ժամերը պիտի փոխէ, ազնիւ քաջալերութիւն տուէք, բոլորէն խնդրելով որ ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուին, նոր ժամերուն համաձայն։ Վստահ եղէք որ բոլոր հետաքրքրուած եւ անգործունեայ անհատները տեղեակ են եղած փոփոխութիւններէն։
15 վյրկ. Երէցներուն Տուէք Այն Նկատառութիւնը Որու Արժանի Են։ Երկու կամ երեք օգնական ծառաներ նկատի կ’առնեն Դիտարան 1 Յունիս 1999, էջ 27-28։ Անոնք կը խօսակցին երէցներուն հոգ տանելիք բազմաթիւ պարտականութիւններուն մասին, ի ներառեալ՝ աշխարհիկ գործը, ընտանեկան պատասխանատուութիւնները, եւ աստուածպետական նշանակումները։ Նկատի առէք կերպեր, որոնցմով բոլորս ալ կրնանք զանոնք քաջալերել, անոնց բեռը թեթեւցնել, եւ անոնց առաջնորդութեան հետեւիլ։ Ծառաները կը համաձայնին թէ երէցները արժէքաւոր ծառայութիւն մը կը մատուցանեն, եւ ‘արտակարգ նկատառութեան’ արժանի են։—Ա. Թես. 5։12, 13, ՆԱ
20 վյրկ. «‘Թագաւորութեան Նախանձախնդիր Ծանուցանողներ’ Բնաբանով Եհովայի Վկաներու 2002–ի Նահանգային Համաժողով»։ Նկատի պիտի առնուի քարտուղարին կողմէ, կեդրոնանալով 4-11–րդ պարբերութիւններուն վրայ։ 3–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելու ատեն, կարդացէք համաժողովի նշանակումին մասին՝ 15 Դեկտեմբեր 2001 թուակիր նամակը։ Ջերմօրէն յորդորեցէք ժողովքը որ համաժողովի իրենց կարգադրութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ ընեն։
Երգեցողութիւն Թիւ 28 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 7–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 55
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
20 վյրկ. Ձեր Կեանքէն Լաւագոյնս Օգտուեցէք։ Ընտանիքի անդամներ նկատի կ’առնեն Դիտարան 15 Օգոստոս 1998, էջ 8-9 (Անգլերէն)։ Հայրը կ’ուզէ որ ընտանիքը հետապնդէ ընթացք մը, որ յուսախաբութեան փոխարէն ուրախութիւն պիտի բերէ իրենց։ Անոնք վերաքաղ կ’ընեն յօդուածին մէջ յիշուած սուրբ գրային յորդորը, որ ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կրնան իրենց ուրախութիւնը երաշխաւորել, կեդրոնանալով՝ խոհեմութեան, արժէքաւոր նախապատուութիւններու, եւ Եհովայի վրայ վստահութիւն ունենալու կարիքին վրայ։ Անոնք կ’ուրուագծեն գործնական բարեճշդումներ, զորս ընտանեօք կրնան ընել։
15 վյրկ. Մօտէն Ակնարկ մը՝ Մեր Թագաւորութեան Սրահին Վրայ։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։ Թագաւորութեան Սրահին վիճակը աչքէ անցուցէք։ Յիշատակատօնէն առաջ գարնանային մաքրութեան համար ի՞նչ ծրագիրներ կ’ըլլան։ Անկէ առաջ ի՞նչ նորոգութիւններ պէտք է ըլլան։ Բացատրեցէք թէ ժողովքը ի՛նչպէս կրնայ օգնել։ Շեշտեցէք թէ պէտք է վստահ ըլլանք որ մեր պաշտամունքի վայրը կ’արտացոլացնէ այն գեղեցկութիւնն ու արժանապատուութիւնը որ կ’առնչենք Եհովայի տան հետ։—Սաղմ. 84։1
Երգեցողութիւն Թիւ 34 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշ]
Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։