Մասնայատուկ՝ Փոխադարձ Քաջալերութիւն
1 Ամէն օր Եհովայի ժողովուրդին հաւատքը փորձութիւններէ կ’անցնի։ Գիտնալով որ կարճ ժամանակ ունի, Բանսարկուն վերջին յարձակում մը կ’ընէ Եհովայի հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը բեկանելու համար։ (Յայտ. 12։12) Կենսական է որ ‘զօրանանք Տէրոջմով ու անոր զօրութեան կարողութիւնովը’, որպէսզի ‘կարող ըլլանք չարութեան օրը դէմ դնել ու ամէն բան լմնցնելէ յետոյ՝ հաստատուն կայնիլ’։—Եփ. 6։10, 13, 14
2 Հաւատակիցներու հետ ժողվուիլը Եհովայի կողմէ կարգադրութիւն մըն է, մեզի օգնելու համար որ զօրութիւն ստանանք։ Պօղոս առաքեալ գնահատեց ասիկա։ Ան կը տենչար իր Քրիստոնեայ եղբայրներուն հետ ընկերակցիլ, որպէսզի կարենային ‘իրար քաջալերել’ եւ ‘ամրապնդուիլ’։ (Հռովմ. 1։11, 12, Անթիլիաս) Մեզ զօրացնելու համար որ Աստուծոյ կամքը կատարենք, Կառավարիչ Մարմինը սիրալիրօրէն կարգադրած է որ օգտուինք փոխադարձ քաջալերութենէ մը, «Թագաւորութեան Նախանձախնդիր Ծանուցանողներ» բնաբանով Նահանգային Համաժողովին մէջ։
3 Հոն Եղէք Օգտուելու Համար. Ձեր նպատակակէտը դարձուցէք երեք օրերուն ալ ներկայ գտնուիլ։ ‘Մենք մեզի օգտակար կ’ըլլանք’ եթէ առաջին երգեցողութենէն առաջ ներկայ գտնուինք եւ մնանք մինչեւ փակման աղօթքին «Ամէնը»։ (Եսայ. 48։17, 18) Շատեր իրենց գործի յայտագիրը կանխաւ կարգի դնելու պէտք պիտի ունենան, երեք օրերուն ալ ներկայ գտնուելու ժամանակ ունենալու համար։ Ճիշդ է որ ձեր գործատէրէն արձակուրդ ուզելը դիւրին կրնայ չըլլալ, սակայն, Եհովան կը վստահեցնէ թէ ինք պիտի օգնէ մեզի որ իր կամքը կատարենք։ (Ա. Յովհ. 5։14, 15) Եթէ մինչեւ օրս ասիկա չենք ըրած, հիմա է ժամանակը փոխադրութեան եւ իջեւանի հաստատ կարգադրութիւններ ընելու, բան մը դիպուածի չձգելով։ Կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա մեր ջանքերը պիտի օրհնէ որ երեք օրերուն ալ ներկայ գտնուինք։—Առ. 10։22
4 Քաջալերութիւն Ակնկալեցէք. Նահանգային համաժողովէ մը ետք, բնաւ ըսա՞ծ էք. «Ասիկա ցարդ լաւագոյն համաժողովն էր»։ Ինչո՞ւ այդ զգացումը ունեցած էք։ Քանի որ անկատար մարդիկ ըլլալով աստիճանաբար կրնանք ուժասպառ դառնալ եւ հոգեւորապէս քաջալերուելու կարիքը զգալ։ (Եսայ. 40։30) Քոյր մը դիտել տուաւ. «Այս դրութիւնը զիս կը յոգնեցնէ, իսկ համաժողովները ինծի կ’օգնեն որ հոգեւոր հայեցակէտիս վրայ դարձեալ կեդրոնանամ, ինծի հարկ եղած հոգեւոր թափը տալով։ Կը թուի թէ քաջալերութիւնը կու գայ երբ ամենէն շատ անոր կարիքը ունիմ»։ Հաւանաբար դուք ալ նման զգացումներ ունեցած էք։
5 Հարկ եղած քաջալերութիւնը կը ստանանք, ոչ միայն դասախօսութիւններով ու հարցազրոյցներով, այլ նաեւ մեր համաժողովներուն այլ երեսակներով։ Եղբայր մը ըսաւ. «Աստուածաշունչի սկզբունքներու յստակ, գործնական կիրարկումն է որ իրապէս հաճոյք կը պատճառէ ինծի։ Անշուշտ, թատերախաղերը մեծապէս օգտակար են ցոյց տալու համար թէ ի՛նչպէս կրնանք օգտուիլ անցեալի լաւ ու գէշ օրինակներէն։ Միշտ ակնկառոյց կը սպասեմ նոր հրատարակութիւնները, եւ տուն վերադառնալէս յետոյ երկար ատեն անոնցմէ հաճոյք կ’առնեմ»։
6 Համաժողովները Եհովայի կենսական մէկ հայթայթումն են այս «չար ժամանակներ»ուն մէջ։ (Բ. Տիմ. 3։1) Անոնք մեզի կ’օգնեն որ հետեւեալ ներշնչեալ խրատին անսանք. «Արթո՛ւն կեցէք, հաւատքի մէջ հաստա՛տ կեցէք, ժի՛ր եղէք, զօրացէ՛ք»։ (Ա. Կորն. 16։13) Հետեւաբար, վճռենք բոլոր նիստերուն ներկայ գտնուիլ եւ փոխադարձ շատ քաջալերութիւն վայելել՝ «Թագաւորութեան Նախանձախնդիր Ծանուցանողներ» բնաբանով Նահանգային Համաժողովին։
[Շրջանակ՝ էջ 3]
Ծրագրեցէք Երեք Օրերուն Ներկայ Գտնուիլ
■ Գործէն արձակուրդ խնդրեցէք։
■ Համաժողովի քաղաքին մէջ իջեւանի վերապահումներ ըրէք։
■ Համաժողովի վայրը փոխադրուելու կարգադրութիւններ ըրէք։