Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
ՆՇՄԱՐ. Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը ամառուան ընթացքին իւրաքանչիւր շաբթուան համար Ծառայութեան Ժողով մը պիտի յայտագրէ։ Ժողովքները կրնան կարիքին համաձայն վերաճշդումներ ընել, նկատի ունենալով «Թագաւորութեան Նախանձախնդիր Ծանուցանողներ» Նահանգային Համաժողովին ներկայ գտնուիլը։ Ուր յարմար է, համաժողովէն առաջ տեղի ունենալիք վերջին Ծառայութեան Ժողովին ընթացքին, 15 վայրկեան տրամադրեցէք այս ամսուան յաւելուածականէն կարգ մը յարմար կէտեր վերաքաղ ընելու համար։ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, լման Ծառայութեան Ժողով մը պիտի յատկացուի, համաժողովի աչքառու կէտերը վերաքաղ ընելու համար։ Այդ քննարկման պատրաստուելու համար, բոլորս ալ կրնանք համաժողովի ընթացքին իմաստալից նոթեր առնել, ի ներառեալ՝ մասնայատուկ կէտեր զորս կը փափաքինք անձամբ կիրարկել մեր կեանքին ու դաշտի ծառայութեան մէջ։ Ապա կրնանք բացատրել թէ այս թելադրութիւնները ի՛նչպէս կիրարկեցինք, համաժողովին ներկայ գտնուելէն ի վեր։ Բոլորս ալ պիտի կերտուինք լսելով թէ ի՛նչպէս օգտուեցանք մեր ստացած լաւ ցուցմունքներէն։
Մայիս 13–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 14
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուող թելադրութիւնները, երկու անջատ ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Յունիս եւ Զարթի՛ր 22 Մայիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, ցոյց տուէք «զբաղած եմ» խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւնը ձեռք առնելու տարբեր կերպ մը։—Տես՝ Պատճառաբանել գիրքը, էջ 19-20։
15 վյրկ. «Մասնայատուկ՝ Փոխադարձ Քաջալերութիւն»։ Դասախօսութիւն մը։ Նահանգային համաժողովին ներկայ գտնուելու հանդէպ գնահատութիւն կերտեցէք։ Բոլորը յորդորեցէք որ իւրաքանչիւր նիստին ներկայ գտնուին, Ուրբաթ առաւօտէն մինչեւ Կիրակի կէսօրէ ետք։
15 վյրկ. «Ամէն Ատեն Բարիք Ընելու Ետեւէ Եղէք»։ Շեշտեցէք իջեւանի կարգադրութիւններուն կառչելու կարիքը, որոնք մեր օգտին համար եղած են։ Ընդգծեցէք 2–րդ պարբերութեան մէջ գտնուող վեց վերյիշեցումները։ Բացատրեցէք թէ իւրաքանչիւր անհատի լաւ վարմունքը ինչո՛ւ կենսական է։
Երգեցողութիւն Թիւ 28 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 20–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 13
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Հարցումի Տուփը վերաքաղ ըրէք։
12 վյրկ. «Ձեր Հոգեւոր Կարիքը Գոհացուցէք»։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Նկատի առէք այն պատճառները թէ ինչո՛ւ պէտք է մօտէն ուշադրութիւն ընծայենք համաժողովի յայտագրին։ Շեշտեցէք մեր սորվածը կիրարկելուն կարիքը, փոխանակ միայն լսողներ ըլլալու։ Նկատի առէք վերոյիշեալ նշմարը Հոկտեմբերի ընթացքին Ծառայութեան Ժողովի մը վերաբերեալ, երբ նահանգային համաժողովի աչքառու կէտերուն վերաքաղը տեղի պիտի ունենայ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ նոթեր առնեն։ Խնդրեցէք կարգ մը մեկնաբանութիւններ, անցեալ տարուան յայտագրէն քաղուած օգուտներուն մասին։
18 վյրկ. «Պատշաճ Հագուելակերպ ու Յարդարանք»։ Նիւթը նկատի պիտի առնուի երէցի մը կողմէ, որ իւրաքանչիւր պարբերութեան քննարկումէն ետք զայն պիտի կարդայ։ Բոլորին օգնեցէք գնահատելու թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ հանրային վայրերու մէջ մեր արտաքին երեւոյթին ուշադրութիւն ընծայենք։
Երգեցողութիւն Թիւ 127 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 27–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 32
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Մայիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուող թելադրութիւնները, չափահաս հրատարակիչ մը թող ցուցադրէ ի՛նչպէս ներկայացնել Դիտարան 1 Յունիս թիւը, իսկ անչափահաս հրատարակիչ մը՝ ի՛նչպէս ներկայացնել Զարթի՛ր 8 Յունիս թիւը։ Իւրաքանչիւր ցուցադրութենէ ետք, նշեցէք թէ ո՛րքան դիւրութեամբ համար մը կրնայ պարփակուիլ ներկայացման մէջ։
15 վյրկ. «Ձեր Ժողովքը Մեծ Թաղամաս մը Ունի՞»։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, ծառայութեան տեսուչին կողմէ։ (Պզտիկ թաղամաս ունեցող ժողովքները կրնան վերաքաղ ընել՝ «Ձեր Ժամանակը Ազդու Կերպով Գործածեցէք» յօդուածը, Յունիս 1999 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն։) Նշեցէք թէ ժողովքը ի՛նչ թաղամաս ունի, եւ անցեալ տարուան ընթացքին անոր ո՛րքանը ծածկուած է։ Բացատրեցէք թէ ներկայացուած թելադրութիւնները ի՛նչպէս կրնան կիրարկուիլ տեղականօրէն։ Վերաքաղ ըրէք եղած ծրագիրները՝ հազուադէպօրէն աշխատցուած թաղամասերը մօտ ապագային ծածկելու համար։
18 վյրկ. «Ի՛նչ կը Պահանջէ Գրքոյկը կը Գործածէ՞ք Ուսումնասիրութիւններ Սկսելու Համար»։ (Ամէն ոք իր հետ պէտք է ունենայ Յունուար 2002 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականը, այս քննարկման համար։) Նախ՝ լաւ պատրաստուած հրատարակիչ մը թող ցուցադրէ ի՛նչպէս ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ, գործածելով 3–րդ պարբերութեան մէջի օրինակը։ Անկէ ետք, յիշեցէք գրքոյկին աչքառու երեսակները, եւ բացատրեցէք թէ անիկա ի՛նչպէս լաւ ծրագրուած է ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Ցոյց տուէք Յունուար 2002–ի յաւելուածականին մէջ թելադրուած ներկայացումները վերաքաղ ընելուն արժէքը։ Ներկաներուն հարցուցէք թէ ո՛ր թելադրութիւնները գործածելով յաջողութիւն գտած են։ Եզրափակեցէք վերոյիշեալ ցուցադրութիւնը կրկնելով։
Երգեցողութիւն Թիւ 21 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 3–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 95
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարգադրեցէք որ հրատարակիչներ պատմեն իրենց վայելած օրհնութիւնները, Մարտ, Ապրիլ կամ Մայիս ամիսներուն օժանդակ կամ կանոնաւոր ռահվիրայութեան մէջ բաժին բերելով։
15 վյրկ. Պատճառաբանել Գիրքը Ի՛նչպէս Աստուածաշունչի Այլ Թարգմանութիւններ կը Գործածէ։ Հակիրճ դասախօսութիւն մը, որուն կը յաջորդէ ներկաներուն հետ զրոյց։ Պատճառաբանել գրքին 8–րդ էջին 2–րդ պարբերութիւնը կարդացէք, եւ բացատրեցէք թէ Աստուածաշունչը ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս պէտք է յաճախ գործածուի մեր ծառայութեան մէջ։ Նշեցէք էջ 6–ի վրայ գտնուող Աստուածաշունչի թարգմանութիւններու անուան կրճատումը, եւ բացատրեցէք թէ ինչո՛ւ այլ թարգմանութիւններէ մէջբերումներ կ’ընենք։ Դիտարան 1 Մարտ 1998, էջ 12, պարբերութիւն 2, եւ էջ 17, պարբերութիւն 15–ի մէջ եղած զգուշացումները նկատի առէք։ Պատճառաբանել գրքին «Առաքելական Յաջորդութիւն», «Պատկերներ» եւ «Երրորդութիւն» նիւթերը գործածելով, ներկաները հրաւիրեցէք որ բացատրեն թէ թարգմանութիւններ բաղդատելը ի՛նչպէս կրնայ օգտակար ըլլալ ճշմարտութիւնը սորվեցնելու համար։
15 վյրկ. «Մեր Հաւատքը Բարի Գործերու կը Մղէ Մեզ»։ Երբ 2–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, հակիրճօրէն հարցազրոյց ունեցէք նախանձախնդիր Վկայի մը հետ։ Հրատարակիչը թող արտայայտուի թէ ի՛նչպէս ուրիշներուն վկայելը թէ՛ իր հաւատքը կ’ապացուցանէ եւ թէ կը զօրացնէ զայն։
Երգեցողութիւն Թիւ 33 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշ]
Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։