Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Օգոստոս 12–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 14
13 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երկու անջատ ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Սեպտեմբեր եւ Զարթի՛ր 22 Օգոստոս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, ցոյց տուէք «Ինչո՞ւ այսքան յաճախ կ’այցելէք» խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւնը ձեռք առնելու տարբեր կերպ մը։—Տես Պատճառաբանել գիրքը, էջ 20։
20 վյրկ. «Հոգեւոր Նպատակակէտեր Դրէք»։ Երբ 5–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, կանոնաւոր ռահվիրայութեան, միսիոնարական ծառայութեան ու Պէթէլի ծառայութեան մասին խրախուսական խօսքեր պարփակեցէք, առնուած՝ Կազմակերպուած գրքէն, էջ 114-116։
12 վյրկ. Տեղական փորձառութիւններ։ Ժողովքի անդամները հրաւիրեցէք որ փորձառութիւններ պատմեն, զորս ունեցած են՝ Կը Փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին Մասին Աւելին Գիտնալ թերթիկը գործածելով։ Աստուածաշունչի որեւէ ուսումնասիրութիւն սկսուա՞ծ է։ Եթէ այո, բացատրեցէք թէ ի՛նչպէս, կամ՝ խաղարկեցէք մէկ կամ երկու փորձառութիւններ։ Վերաքաղ ըրէք «Թերթիկը Բաշխելու Պատեհութիւններ» շրջագիծը, Նոյեմբեր 2001–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը, էջ 4։
Երգեցողութիւն Թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 19–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 32
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Քննարկեցէք «Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի Նոր Յայտագիր»ը։ Յառաջիկայ միօրեայ մասնաւոր համաժողովին թուականը ծանուցանեցէք, եւ բոլորը յորդորեցէք որ կանուխ գան եւ ուշի ուշով հետեւին ամբողջ յայտագրին։ Հրատարակիչները քաջալերեցէք որ նոր հետաքրքրուած անհատները եւ Աստուածաշունչի աշակերտները հրաւիրեն։
15 վյրկ. Ի՞նչ Բան Զանոնք Ետ կը Պահէ։ Ներկաներուն հետ զրոյց եւ ցուցադրութիւն։ Մեր ծառայութեան մէջ յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք կը վարանին իրենց հաւատալիքներուն մասին խօսելու։ Ասիկա խոչընդոտ մըն է, որ կրնայ արգելք հանդիսանալ Թագաւորութեան պատգամը բաժնելու։ Եթէ հասկնանք թէ անհատ մը ինչո՛ւ ետ կը կենայ, կրնանք մօտեցում մը պատրաստել, որ անհատը կը քաջալերէ որ արտայայտուի։ Քննարկեցէք թէ ի՛նչպէս կրնանք մեր ներկայացումը յարմարցնել, երբ հետեւեալին նման անհատներու հանդիպինք. (1) Կրօնքի, նոյնիսկ իրենց կրօնքին, հանդէպ անտարբեր եղող անհատներ։ (2) Իրենց ընտանիքին եւ նախահայրերուն կրօնական սովորութիւններուն զգացականօրէն կառչած անհատներ։ (3) Անհատներ որոնք իրենց հաւատալիքներուն մասին խօսելու կը քաշուին, քանի որ սուրբ գրային սահմանափակ գիտութիւն ունին։ (4) Անհատներ որոնք մեզի դէմ կանխադատութիւններ ունին, հակառակորդներուն մոլորեցուցիչ խօսքերուն պատճառաւ։ Ցանկը տեղական թաղամասին յարմարցուցէք, կեդրոնանալով այն վերաբերմունքներուն վրայ, որոնց սովորաբար կը հանդիպիք։ Պարփակեցէք հակիրճ ցուցադրութիւն մը, ցոյց տալով թէ ի՛նչպէս կարելի է անհատ մը սուրբ գրային խօսակցութեան մը մասնակից դարձնել։
18 վյրկ. «Քրիստոնէական Հաւատարմութիւն Ցուցաբերենք՝ Երբ Ազգական մը Վտարուի»։ (Պարբերութիւն՝ 1-8) Պէտք է ներկայացուի որակելի երէցի մը կողմէ, հայթայթուած հարցումները գործածելով։ Ատակ ընթերցող եղբայր մը թող բարձրաձայն կարդայ իւրաքանչիւր պարբերութիւն։
Երգեցողութիւն Թիւ 38 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 26–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 21
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Էջ 8–ի վրայ գտնուող թելադրութիւնները գործածելով, կանոնաւոր կամ օժանդակ ռահվիրայ մը թող ցուցադրէ Դիտարան 1 Սեպտեմբեր թիւը ներկայացնելու կերպը, իսկ ժողովքի հրատարակիչ մը թող ցուցադրէ ի՛նչպէս ներկայացնել Զարթի՛ր 8 Սեպտեմբեր թիւը։ Քաջալերեցէք բոլոր հրատարակիչները որ իրենց ներկայացումներուն մէջ համար մը պարփակեն։
17 վյրկ. «Հաղորդակցող Անհատ մը Եղէք»։ Եզրակացութեան մէջ, հրատարակիչները քաջալերեցէք որ վերաքաղ ընեն «Ի՛նչպէս Բարելաւել Զրուցելու Կարողութիւնը», Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Կրթութենէն Օգտուեցէք, էջ 62-65։
18 վյրկ. «Քրիստոնէական Հաւատարմութիւն Ցուցաբերենք՝ Երբ Ազգական մը Վտարուի»։ (Պարբերութիւն՝ 9-14) Պէտք է ներկայացուի որակելի երէցի մը կողմէ, հայթայթուած հարցումները գործածելով։ Ատակ ընթերցող եղբայր մը թող բարձրաձայն կարդայ իւրաքանչիւր պարբերութիւն։
Երգեցողութիւն Թիւ 59 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 2–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 33
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Օգոստոս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Հակիրճօրէն ուշագրաւ դարձուցէք «Ձեր Զաւակներուն Հետ Կարդացէք» յօդուածը, Դիտարան 1 Մայիս 1999, էջ 25 (Անգլ.)։
20 վյրկ. Չմեկնած Պատրաստուեցէք։ Զրոյց եւ ցուցադրութիւն։ Լաւ ծրագրելը ծառայութեան մէջ մեր ազդուութեան կը նպաստէ։ Հետեւաբար, նախապէս՝ (1) Ձեզի հարկ եղող գրականութիւնները ձեռք ձգեցէք։ (2) Վստահ եղէք որ տունէ տուն ծառայութեան բաւարար արձանագրութիւններ եւ գրիչ կամ մատիտ մը ունիք։ (3) Եթէ փոխադրամիջոցի կարիքը ունիք, յարմար կարգադրութիւններ ըրէք։ (4) Ձեր ընելիք վերայցելութիւններուն մասին խորհեցէք։ (5) Ձեր ըսելիքը պատրաստեցէք։ Եթէ դաշտի ծառայութեան ժողովը պիտի վարէք, բաւարար թաղամաս ունեցէք։ Ներկաներուն հետ նկատի առէք երկու կամ երեք կերպեր, որոնցմով կրնաք Սեպտեմբերի ընթացքին Յայտնութիւն գիրքը ներկայացնել ծառայութեան մէջ։ Ներկայացումներէն մէկը ցուցադրեցէք, եւ խօսակցութեան մէջ համար մը պարփակեցէք։—Թելադրութիւններու համար տես՝ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը, Փետրուար 1997, էջ 8, եւ Փետրուար 1996, էջ 4։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։ Կամ ժողովքի անդամները հրաւիրեցէք որ փորձառութիւններ պատմեն, զորս ունեցած են անպաշտօն կերպով վկայելով, թերեւս բարի լուրը բաժնելով կառատուներու, հանրային փոխադրամիջոցներու, զբօսայգիներու, շուկաներու, բեռնակառքի կայաններու եւ այլ հանրային վայրերու մէջ գտնուող մարդոց հետ։ Խաղարկեցէք մէկ կամ երկու փորձառութիւններ։
Երգեցողութիւն Թիւ 10 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշ]
Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։