Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/02 էջ 2-7
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Սեպտեմբեր 9–ով Սկսող Շաբաթ
  • Սեպտեմբեր 16–ով Սկսող Շաբաթ
  • Սեպտեմբեր 23–ով Սկսող Շաբաթ
  • Սեպտեմբեր 30–ով Սկսող Շաբաթ
  • Հոկտեմբեր 7–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
թծ 9/02 էջ 2-7

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Սեպտեմբեր 9–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 14

13 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երկու ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Հոկտեմբեր եւ Զարթի՛ր 22 Սեպտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, ցոյց տուէք «Եհովայի Վկաներուն մասին հետաքրքրուած չեմ» խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւնը ձեռք առնելու տարբեր կերպ մը։—Տես Պատճառաբանել գիրքը, էջ 17-18։

17 վյրկ. «Ուրիշներու Օգնել որ Եհովան Փառաւորեն»։ Ժամանակին ներած չափով, գործնական մէկ կամ երկու կէտ յիշեցէք Պատճառաբանել գրքէն, էջ 196-199 (կամ՝ էջ 435-436, Արաբ.)։

15 վյրկ. Ինչո՞ւ Քիչ Հաւատք Կայ։ Ներկաներուն հետ զրոյց։ Յաճախ կը հանդիպինք քիչ հաւատք ունեցող մարդոց։ (Բ. Թես. 3։2) Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը իրենց հետ բաժնելու համար, նախ պէտք է փորձենք գիտնալ թէ ի՛նչ բան առաջնորդած է որ այս կեցուածքը ունենան։ Նկատի առէք Պատճառաբանել գրքին էջ 129-130–ի (կամ՝ էջ 93-94, Արաբ.) մէջ յիշուած չորս ազդակները, որոնք կրնան արգելք հանդիսանալ որ մարդիկ հաւատք ունենան։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ թելադրեն թէ իւրաքանչիւր պարագային ի՛նչ մօտեցում կարելի է գործածել։ Ազդու մօտեցումի մը գործածութեան մասին փորձառութիւն մը պատմեցէք, կամ գործածեցէք Զարթի՛ր 22 Օգոստոս 1993–ի մէջ յիշուած փորձառութիւնը, էջ 14-15։

Երգեցողութիւն Թիւ 195 եւ փակման աղօթք։

Սեպտեմբեր 16–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 204

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Բոլորը քաջալերեցէք որ անցեալ շրջանային համաժողովի իրենց նոթերը վերաքաղ ընեն, առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ Ծառայութեան Ժողովին։

18 վյրկ. Անցեալ Տարի Ի՞նչ Իրագործեցինք։ Ծառայութեան տեսուչին կողմէ դասախօսութիւն։ 2002–ի ծառայութեան տարուան ժողովքի տեղեկագրութենէն աչքառու կէտեր նշեցէք։ Իրագործուած լաւ բաներուն համար բոլորը գովեցէք։ Ժողովներու ներկայութեան, վերայցելութիւններու, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու, եւ օժանդակ ռահվիրայութեան առնչութեամբ ժողովքին իրագործած բաներուն վրայ կեդրոնացէք, բարելաւման համար գործնական թելադրութիւններ տալով։ Յառաջիկայ տարուան համար հասանելի նպատակակէտեր դրէք։

17 վյրկ. Առանձին Ծնողներուն Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները։ Երէց մը հարցազրոյց կ’ունենայ մէկ կամ երկու առանձին ծնողի հետ (կամ՝ որոնց կողակիցները Վկայ չեն), տեսնելու համար թէ իրենց զաւակները մարզելու, կրթելու եւ հոգեւորապէս առաջնորդելու հետ առնչուած խնդիրներուն հետ ի՛նչպէս գլուխ կ’ելլեն։ Անոնք ի՞նչպէս կարող են թէ՛ ընտանեկան պատասխանատուութիւններու հոգ տանիլ եւ թէ կանոնաւորաբար ժողովներու յաճախել ու դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ։ Աչքառու դարձուցէք կարգ մը թելադրութիւններ, ներկայացուած՝ Ընտանեկան Ուրախութիւն գրքին մէջ, էջ 104-110։ Ինչպէս նշուած է 113-115–րդ էջերուն մէջ, յիշեցէք գործնական կերպեր, որով ուրիշներ կրնան աջակցիլ։

Երգեցողութիւն Թիւ 123 եւ փակման աղօթք։

Սեպտեմբեր 23–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 143

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երէց մը թող ցուցադրէ ի՛նչպէս ներկայացնել Դիտարան 1 Հոկտեմբեր թիւը, իսկ օգնական ծառայ մը՝ Զարթի՛ր 8 Հոկտեմբեր թիւը։ Իւրաքանչիւր ցուցադրութենէ ետք, տանտիրոջ հետաքրքրութիւնը արթնցնելու միտումով գործածուած բացման մէկ կամ երկու նախադասութիւնները դարձեալ նշեցէք։

10 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

25 վյրկ. «Աստուծմէ Վախցէք ու Փառք Տուէք Անոր»։ (Յայտ. 14։7) Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, վերաքաղ ընելով անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին տեղի ունեցած շրջանային համաժողովի յայտագիրը։ Ժողովքը հրաւիրեցէք որ մեկնաբանութիւններ տան իրենց սորված բանալի կէտերուն մասին եւ թէ ի՛նչպէս կրցան զանոնք անձնապէս կամ ընտանեօք կիրարկել։ (Կարելի է նախապէս նշանակել։) Աչքառու դարձուցէք յայտագրին հետեւեալ մասերը. (1) «Օգնեցէք Նորեկներուն որ Աստուծոյ Վախը Մշակեն»։ Ի՞նչպէս կրնանք Յիշատակատօնին ներկայ գտնուող հետաքրքրուած անհատներուն աջակցիլ, որ յառաջդիմեն եւ Եհովայի գործունեայ ծառաները ըլլան։ (2) «Եհովայի Վախը կը Նշանակէ Ատել Ինչ որ Չար Է»։ (դ87 5/1 16-18) Առակաց 6։16-19–ն մեզի ի՞նչպէս կ’օգնէ Եհովայի ատած բաներէն ետ կենալու, ինչպէս՝ հպարտութիւն, ստախօսութիւն, նիւթական հետապնդումներ, վատառողջ զբօսանք, Համացանցի սխալ գործածութիւն։ (3) «Ձեր Սիրած Անհատներուն Ա՛լ Աւելի Մօտեցէք»։ Մենք կը սիրենք Եհովան, Յիսուսը, ընտանիքի անդամները, ժողովքի անդամները. անոնց մօտենալը ի՞նչպէս մեզ կը պաշտպանէ աշխարհէն։ (4) «Եհովայէն Վախցէք եւ Ոչ թէ Մարդոցմէ»։ Եհովան տհաճեցնելու վախը ձեզի ի՞նչպէս օգնած է քարոզելու ատեն ամչկոտութիւնը յաղթահարելու, գործին կամ դպրոցին մէջ աստուածային սկզբունքներու կառչելու, կամ ժողովներու եւ համաժողովներու չերթալու համար գործատիրոջ բանեցուցած ճնշումին դէմ դնելու։ (5) «Ամէն Բան Աստուծոյ Փառքին Համար Ըրէք»։ (Սաղմ. 119։37. Եբր. 4։13) Աստուածավախութիւնը ինչո՞ւ պէտք է մեզ ետ պահէ անչափաւոր կերպով խմելէ, պոռնկագրութիւն դիտելէ, կամ այլ թաքուն մեղքեր գործելէ։ (6) «Շարունակե՛նք Եհովայի Վախովը Քալել»։ Եհովա ի՞նչպէս օրհնած է ձեզ, քանի որ իր հոգիին թոյլ տուած էք որ ձեր կեանքի մէջ լիովին ներգործէ։—Սաղմ. 31։19. 33։18. 34։9, 17. 145։19

Երգեցողութիւն Թիւ 38 եւ փակման աղօթք։

Սեպտեմբեր 30–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 32

15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Սեպտեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Նկատի առէք «Թագաւորութեան Սրահներու Կառուցման Յայտագիրը կը Յառաջանայ» յօդուածը։

15 վյրկ. Ի՞նչ Բան Մեր Պարբերաթերթերը Անզուգական կը Դարձնէ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Հոկտեմբերի ընթացքին Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը պիտի ներկայացնենք։ Նկատի առէք թէ ի՛նչ պատճառներով պարբերաթերթերը անզուգական են. (1) Եհովայի անունը կը մեծարեն։ (2) Յիսուսի հանդէպ հաւատք կը քաջալերեն։ (3) Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը ծանուցանեն։ (4) Աստուածաշունչին ուշադրութիւն կ’ուղղեն որպէս գերագոյն հեղինակութիւնը։ (5) Աստուածաշունչի մարգարէութեանց կատարումը կը բացատրեն։ (6) Աշխարհի ընթացիկ դէպքերուն իսկական նշանակութիւնը կը բացատրեն։ (7) Այսօրուան խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու կերպը ցոյց կու տան։ (8) Կեանքի ամէն մակարդակէ եղող մարդոց սրտին կը խօսին։ (9) Քաղաքական գետնի վրայ չէզոք կը մնան։ Երկու հակիրճ ցուցադրութիւններ ներկայացուցէք, իւրաքանչիւրը ցոյց տալով թէ վերոյիշեալ կէտերէն մէկը ի՛նչպէս կրնայ գործածուիլ խօսակցութիւն մը սկսելու համար։

15 վյրկ. «Աստուածպետական Ստացուածքներու Հանդէպ Գնահատութիւն Ցուցաբերեցէք»։ Երէց մը նիւթը նկատի կ’առնէ։ Խօսեցէք թէ տեղականօրէն ի՛նչ նկատուած է եւ ժողովքը ի՛նչ կրնայ ընել մեր գրականութիւնները իմաստուն կերպով գործածելու համար։ Բոլորը յորդորեցէք որ ապսպրեն այն գրականութիւնները, որոնց իրապէս կարիքը ունին։ Յիշեցուցէք համաշխարհային գործին նիւթական կերպով թիկունք կանգնելու մեր առանձնաշնորհումը։—Տես՝ «Ուրիշներու Հետ Բաժնեկցինք Անոնց Կարիքներուն Համաձայն», Նոյեմբեր 1996–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը, էջ 3։

Երգեցողութիւն Թիւ 21 եւ փակման աղօթք։

Հոկտեմբեր 7–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 129

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

15 վյրկ. Դպրոցին Մէջ Ճշմարտութեան Կողքին Դիրք Բռնել։ Հարցազրոյց ունեցէք մէկ կամ երկու դեռատի հրատարակիչներու հետ, որոնք դպրոց վերադառնալով կը գիտակցին անհաւատ դասընկերներու հետ իրենց ընկերակցութիւնը սահմանափակելու կարիքին։ Անոնք ի՞նչպէս կը ծրագրեն գլուխ ելլել ազգայնական արարողութիւններու, դպրոցական պարերու եւ հանդիպումներու, արտակրթական մարմնամարզանքի, եւ անբարոյ վարմունքի ներկայացուցած մարտահրաւէրներուն եւ հրապոյրներուն հետ։ Անոնք ի՞նչ կերպեր կը ծրագրեն գործածել դպրոցի մէջ վկայելու համար։

20 վյրկ. «Խուսափեցէք ‘Դատարկ’ Բաներ Հետապնդելէ»։ 4–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ ետք, պարփակեցէք մեկնաբանութիւններ, առնուած՝ Նոյեմբեր 1999–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականէն, պարբերութիւն 30-32։ Երբ 5–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, պարփակեցէք կէտեր, առնուած՝ Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 1994, էջ 8–ի շրջագծէն (Անգլ.)։ 6–րդ պարբերութեան հետ մէկտեղ, Նոյեմբեր 1999–ի յաւելուածականէն 18–րդ պարբերութիւնը կարդացէք։

Երգեցողութիւն Թիւ 95 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշներ]

Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։

Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել