Ընթերցանութեան Հոյակապ Նիւթեր
Չէ՞ք համաձայնիր թէ Դիտարան–ի հին թիւերու հետեւեալ յօդուածները ընթերցանութեան հոյակապ նիւթեր են։
«Աստուած Իրեն Պատկանողները կը Ճանչնայ եւ կը Պաշտպանէ»
«Լեզուն Սանձելու Մէջ Յառաջդիմեցէք»
«Երբ Քրիստոնէութիւնը Գաղտնի Կերպով Սկսաւ Գործել»
«Դռներուն Առջեւ Ազդուօրէն Քարոզել»
«‘Փրկուա՞ծ Էք’ Հարցումին Պատասխանել»
Ասոնք եւ բազմաթիւ այլ յօդուածներ լոյս տեսած են Դիտարան–ին մէջ, 1951 եւ 1952–ին։ Շատ հին ըլլալով անոնք չե՞ն կրնար ներկայիս մեզի օգտակար ըլլալ։ Բնա՛ւ երբեք։ Տակաւին կրնաք ձեռք ձգել Անգլերէն լեզուով 1951 եւ 1952 տարիներու Դիտարան–ի կազմուած հատորներ։ (Նաեւ մատչելի են Անգլերէն լեզուով 1953-1959 տարիներու կարգ մը կազմուած հատորներ)։ Այն հրատարակիչները որոնք կը փափաքին ունենալ Դիտարան–ի այս կազմուած հատորները, այժմ կրնան զանոնք ապսպրել ժողովքի գրականութեան ծառային միջոցաւ։
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի տեսուչը պէտք է ստուգէ թէ Թագաւորութեան Սրահին գրադարանէն որեւէ կազմուած հատոր պակա՞ս է, եւ ըստ այնմ ապսպրէ։