Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/02 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյեմբեր 11–ով Սկսող Շաբաթ
  • Նոյեմբեր 18–ով Սկսող Շաբաթ
  • Նոյեմբեր 25–ով Սկսող Շաբաթ
  • Դեկտեմբեր 2–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
թծ 11/02 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Նոյեմբեր 11–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 32

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երկու անջատ ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Դեկտեմբեր եւ Զարթի՛ր 22 Նոյեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ, բացատրեցէք թէ մեր համաշխարհային գործը ի՛նչպէս կը ֆինանսաւորուի։—Տես՝ Դիտարան, էջ 2, կամ Զարթի՛ր, էջ 5։

15 վյրկ. Ճշմարիտ Պաշտամունքին Թիկունք Կանգնողներ՝ Անցեալին եւ Ներկայիս։ Դասախօսութիւն, հիմնուած Դիտարան 1 Նոյեմբեր 2002 թիւին վրայ, էջ 26-30 (Անգլ.)։

20 վյրկ. «Ձեր Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան Տեսուչին Աջակցեցէք»։a Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան տեսուչ եղող երէց մը նիւթը նկատի կ’առնէ։ Երբ 3–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, Ծառայութեան Դպրոց դասագրքին 70–րդ էջէն կէտեր պարփակեցէք։ Ժողովքը գովեցէք այն մասնայատուկ կերպերուն համար, որով կ’աջակցի գրքի ուսումնասիրութեան կարգադրութեան, եւ ազնուօրէն ուշադրութեան յանձնեցէք որեւէ մարզ, որ բարելաւման կարիքը ունի։

Երգեցողութիւն Թիւ 114 եւ փակման աղօթք։

Նոյեմբեր 18–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 95

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Նոյեմբեր 28–ի առնչութեամբ դաշտի ծառայութեան մասնաւոր կարգադրութիւնները ուրուագծեցէք։ Նկատի առէք «Ընթերցանութեան Հոյակապ Նիւթեր» շրջագիծը։

10 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Ատակ երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։

25 վյրկ. «Ո՛վ Ընտանիքի Գլուխներ, Հոգեւոր Լաւ Սովորութիւն մը Պահպանեցէք»։ 1-3–րդ պարբերութիւններուն վրայ հիմնուած՝ հակիրճ բացման դասախօսութենէ մը ետք, ներկաներուն հետ քննարկեցէք 4-13–րդ պարբերութիւնները։ Ժամանակին ներած չափով, կարդացէք 7, 8, 11 եւ 12–րդ պարբերութիւնները։ Մէկ կամ երկու ծնողներու հետ հարցազրոյց ունեցէք։ Ի՞նչ բան իրենց ընտանիքին օգնած է որ հոգեւոր գործունէութիւններու հաստատ սովորութիւն մը ունենան։ Ասիկա ի՞նչ ջանք պահանջած է։ Անոնք ի՞նչպէս օգտուած են։ Եզրափակեցէք, 14–րդ պարբերութեան վրայ հիմնուած՝ հակիրճ մեկնաբանութիւններ տալով։

Երգեցողութիւն Թիւ 123 եւ փակման աղօթք։

Նոյեմբեր 25–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 150

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Դաշտի ծառայութեան մէջ միասնաբար աշխատող ամուսնացած զոյգ մը, էջ 8–ի վրայ գտնուող թելադրութիւնները գործածելու կերպը կը ցուցադրեն, 1 Դեկտեմբեր եւ 8 Դեկտեմբեր պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար։ Ամուսինը կը ներկայացնէ Դիտարան–ը, իսկ կինը՝ Զարթի՛ր–ը։

15 վյրկ. «Յիսուսի Մասին Ճշմարտութիւնը Գիտցնենք»։b Ծառայութեան Դպրոց դասագրքին 278–րդ էջէն մեկնաբանութիւններ պարփակեցէք։ Բոլորը քաջալերեցէք որ յաջորդ շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին իրենց դասագրքերը բերեն, «Ամենակարեւոր Գործունէութիւններու Համար Մեզ Զինող Դպրոց մը» յօդուածին քննարկման համար։

20 վյրկ. «‘Որբերուն’ Հանդէպ Սիրալիր Հետաքրքրութիւն Ցուցաբերենք»։ Սկիզբը երեք վայրկեան խօսեցէք որբերու եւ որբուհիներու հանդէպ Եհովայի տեսակէտին մասին, հիմնուած՝ առաջին պարբերութեան եւ Խորաթափանց Ակնարկ գրքին վրայ, Հատոր Ա., էջ 816։ Հարց–պատասխանով նկատի առէք յօդուածին մնացեալ մասը։ Ուշագրաւ դարձուցէք կերպեր, որոնցմով ուրիշներ կրնան աջակցութիւն ու քաջալերութիւն հայթայթել։ Երբ 3-4–րդ պարբերութիւնները նկատի կ’առնէք, պարփակեցէք համառօտ մեկնաբանութիւններ, հիմնուած՝ Զարթի՛ր 8 Հոկտեմբեր 1995 թիւին վրայ, էջ 8-9։

Երգեցողութիւն Թիւ 57 եւ փակման աղօթք։

Դեկտեմբեր 2–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 112

8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Նոյեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Հակիրճօրէն վերաքաղ ըրէք ներկայացում մը, որ կրնայ գործածուիլ երբ Մեծագոյն Մարդը գիրքը կը ներկայացնէք։—Տես՝ Յունիս 1998–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 8։

12 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

25 վյրկ. «Ամենակարեւոր Գործունէութիւններու Համար Մեզ Զինող Դպրոց մը»։ Դպրոցի տեսուչը յօդուածը նկատի կ’առնէ ներկաներուն հետ։ Խանդավառութիւն կերտեցէք դպրոցի նոր յայտագրին հանդէպ, որ Յունուարին պիտի սկսի։ Ուշադրութեան յանձնեցէք «2003–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագիր»ին երեսակները, Հոկտեմբեր 2002–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականին մէջ։ Դպրոցին մէջ արձանագրուելու պահանջները ուրուագծեցէք, որոնք յիշուած են Ծառայութեան Դպրոց դասագրքին մէջ, էջ 282, եւ քաջալերեցէք չարձանագրուողները որ այս քայլը առնեն, եթէ որակելի են։

Երգեցողութիւն Թիւ 127 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշներ]

a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։

b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել