Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Գրաւոր Վերաքաղ
Գոց գրքերով վերաքաղ՝ 2 Սեպտեմբերէն մինչեւ 23 Դեկտեմբեր 2002, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի նշանակումներով ներկայացուած նիւթերու վրայ հիմնուած։ Յատկացուած ժամանակամիջոցին, անջատ թուղթի մը վրայ ձեր կրցած չափով հարցումներուն պատասխանեցէք։
[Նշմար. Գրաւոր վերաքաղի ընթացքին, միայն Աստուածաշունչը կարելի է գործածել որեւէ հարցումի պատասխանելու համար։ Հարցումներուն աւարտին տրուած տեղեկութիւնները ձեր անձնական պրպտումին համար են։ Դիտարան–ի ակնարկումներէն ոմանք թերեւս չբովանդակեն էջերուն եւ պարբերութիւններուն թիւերը։]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն Շիտակ կամ Սխալ պատասխանեցէք.
1. Եհովայի սքանչելի յատկութիւններուն մասին խոկալը, իրեն մօտենալու կենսական քայլ մըն է։ (Սաղմ. 143։5) [դ00 10/15 էջ 4 պարբ. 6]
2. Եզեկիէլ 37։15-24–ի մէջ յիշուած երկու փայտերուն միանալը արդի զուգահեռ մը ունի. 1919–ին, հաւատարիմ օծեալները միացան, Քրիստոսի՝ իրենց «մէկ թագաւոր»ին եւ «մէկ հովիւ»ին՝ ներքեւ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ88 9/1 էջ 25 պարբ. 13։]
3. Թէեւ Աստուածաշունչի քննադատները Դանիէլ գրքին պատմականութիւնը հարցականի տակ դրած են, սակայն տարիներու ընթացքին հնախուզական յայտնագործութիւնները ամբողջովին հերքած են անոնց պնդումները։ [si էջ 138 պարբ. 4]
4. Երբ մեր լսածը ըստ երեւոյթին հեղինակաւոր աղբիւրէ կամ գերազանցօրէն գիտուն անհատէ մը կու գայ, ո՛չ մէկ վաւերական պատճառ կայ զայն մերժելու որպէս սխալ։ [դ00 12/1 էջ 29 պարբ. 7-8]
5. «Փոքր մարգարէներ» արտայայտութիւնը տեղին ըլլալով կը նկարագրէ Եբրայերէն Գրութիւններու վերջին 12 գրքերուն նուազ կարեւոր ըլլալը։ [si էջ 143 պարբ. 1]
6. Ամովս «մարգարէներուն որդիներ»էն մէկն էր, երբ Եհովա զինք կանչեց եւ ղրկեց որ Յուդայի ու Իսրայէլի մարգարէութիւն ընէ։ (Դ. Թագ. 2։3) [si էջ 148 պարբ. 1]
7. Աբդիու 16–րդ համարը Եդովմի ազգային բնաջնջումը կը նախագուշակէ, Յուդայի հանդէպ իր ատելութեան պատճառաւ։ (Աբդ. 12) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ89 3/1 էջ 26 շրջագիծը։]
8. Սոփոնեայ 3։9–ի մէջ (ՆԱ) յիշուած «մաքուր լեզուն» կը պարփակէ Աստուծոյ ու իր նպատակներուն մասին ճշմարտութեան պատշաճ հասկացողութիւնը։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ00 2/15 էջ 27 պարբ. 18։]
9. Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ Յիսուսի զգացական սաստիկ ճնշումին պատճառը այն էր, որ ան մտահոգ էր թէ որպէս նախատելի ոճրագործ մը իր մահը ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի ունենար Եհովայի եւ Իր սուրբ անուան վրայ։ (Մատթ. 26։38. Ղուկ. 22։43, 44) [դ00 11/15 էջ 23 պարբ. 1]
10. Ինչպէս Զաքարեայ 9։6, 7–ի մէջ (ՆԱ) նկարագրուած է, «Փղշտացին» որ «Յուդայի մէջ իշխանի մը պէս» կ’ըլլայ, մարգարէականօրէն կը նկարագրէ ուրիշ ոչխարներէն անդամներ ներկայիս, որոնք «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կողմէ կը մարզուին եւ հեղինակութիւն կը ստանան ի պահանջեալ հարկին։ (Մատթ. 24։45) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ95 10/1 էջ 20 պարբ. 14։]
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեցէք.
11. Քարոզելու մեր պատասխանատուութիւնը ի՞նչպէս կարելի է բաղդատել որպէս դէտ Եզեկիէլի ունեցած պատասխանատուութեան հետ։ (Եզեկ. 33։1-11) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ88 7/1 էջ 16 պարբ. 13։]
12. Եզեկիէլի տեսիլքին մէջի չորցած ոսկորներուն առնչութեամբ ի՞նչ զուգահեռ մը տեսնուած է արդի ժամանակներուն։ (Եզեկ. 37։5-10) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ88 9/1 էջ 24 պարբ. 12։]
13. Զաքարեայ գրքին ներշնչուած ըլլալուն ամենէն համոզիչ ապացոյցը ի՞նչ է։ [si էջ 169 պարբ. 5]
14. Եզեկիէլի տեսիլքին մէջի քաղաքը ի՞նչ կը ներկայացնէ։ (Եզեկ. 48։15-17) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ99 3/1 էջ 27 պարբ. 22։]
15. Ի՞նչպէս կարելի է Եսայեայ 2։2-4–ի վրայ հիմնուելով պատճառաբանել թէ ներկայիս Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը յատկապէս Աստուածաշունչի մարգարէութիւններ չեն կատարեր։ [rs էջ 223 պարբ. 3]
16. Ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ թագաւորին հրովարտակին հանդէպ Դանիէլի հակազդեցութենէն, որ կ’ըսէր թէ 30 օր թագաւորէն զատ ոեւէ աստուծմէ կամ մարդէ բան մը պէտք չէ խնդրել։ (Դան. 6։7-10) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դմ էջ 125 պարբ. 25-28։]
17. Եհովայի ո՞ր պատգամը ծանուցանելու մէջ մնացորդը առիւծի նման եղած է ազգերուն մէջ։ (Միք. 5։8) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ w81 7/15 էջ 23 պարբ. 10։]
18. Ամբակումայ 3։14–ի մէջ, «իրենց գաւազաններովը իրենց գլխաւորներուն գլուխը խորտակեցիր» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ00 2/1 էջ 22 պարբ. 15. w81 8/1 էջ 29 պարբ. 6-7։]
19. Սոփոնեայ 2։3–ի մէջ «թերեւս» բառով ի՞նչ ըսել կ’ուզուի։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ01 2/15 էջ 19 պարբ. 8։]
20. Զաքարեայ 8։6–ի համաձայն, 1919–էն ի վեր, Եհովա ի՞նչպէս իրագործած է այն ինչ որ կրնար շատ դժուար թուիլ մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ96 2/1 էջ 25 պարբ. 18-19։]
Հետեւեալ արտայայտութիւնները ամբողջացնելու համար, պէտք եղած բառը կամ նախադասութիւնը հայթայթեցէք.
21. Եհովայի հետ կը խօսինք _________________________ միջոցաւ, որ երկիւղած խօսակցութիւն մըն է Աստուծոյ հետ. իր կարգին, գլխաւոր միջոցը զոր ան կը գործածէ մեզի հետ խօսելու համար, իր _________________________ է։ (Սաղմ. 65։2. Բ. Տիմ. 3։16) [դ00 10/15 էջ 5 պարբ. 2-3]
22. Յիսուս Քրիստոս կրնայ բնորոշուիլ որպէս Միքայէլը, Յուդա 9–ն Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։15–ի հետ բաղդատելով, ուր յարութեան սկիզբը նշող Յիսուս Քրիստոսի հրամանը բնութագրուած է որպէս _________________________ . ասկէ զատ, Միքայէլ անունը կը նշանակէ՝ _________________________ , ըստ երեւոյթին ցոյց տալով թէ Յիսուս Եհովայի գերիշխանութիւնը վեր պահելու եւ Աստուծոյ թշնամիները կործանելու մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնէ։ [rs էջ 218 պարբ. 1-2]
23. «Երուսաղէմը նորէն շինելու հրամանը» ելաւ _________________________ , նշելով 69 եօթնեակներու սկիզբը, որ վերջացան Մեսիային յայտնուելով _________________________ ։ (Դան. 9։25) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դմ էջ 190 պարբ. 20–էջ 191 պարբ. 22։]
24. Յովելեայ 2։31–ը, որ կը խօսի արեւը խաւարի դառնալուն մասին, նման է Մատթէոս 24։29, 30–ին, ուր _________________________ որպէս Որդի մարդոյ _________________________ իր գալուստը կը նկարագրէ։ [si էջ 147 պարբ. 13]
25. Ասորեստանի ու իր մայրաքաղաքին՝ _________________________ ՝ նկատմամբ _________________________ մարգարէութիւնը, Եհովայի արդարութիւնն ու գերակայութիւնը կը գովաբանէ, եւ մեզ կը վստահեցնէ թէ Եհովա բոլոր ամբարիշտներուն վրայ դատաստան պիտի գործադրէ։ [si էջ 160 պարբ. 11]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն մէջէն շիտակ պատասխանը ընտրեցէք.
26. Եզեկիէլ գիրքը կ’ընդգծէ թէ Եհովա (առատաձեռն. խոնարհ. սուրբ) է եւ կը գիտցնէ թէ (անձնաւորութիւն մշակելը. Եհովայի անուան սրբացումը. լաւ դրացի մը ըլլալը) ամէն բանէ աւելի կարեւոր է։ [si էջ 137 պարբ. 33]
27. Եզեկիէլ, որ Դանիէլի ժամանակակից էր, կը հաստատէ թէ Դանիէլ իսկական անձնաւորութիւն մըն էր, զայն յիշելով (Նոյի եւ Յոբի. Մովսէսի ու Յեսուի. Եղիայի ու Եղիսէի) հետ միասին։ [si էջ 138 պարբ. 2]
28. Դանիէլ 2։34, 35, 45–ի հետ ներդաշնակ, արձանը զարնող եւ զայն փշրող քարը կը ներկայացնէ (Արմագեդոնը. Աստուծոյ ժողովուրդին ծանուցանած դատաստանական ուժեղ պատգամները. Մեսիական Թագաւորութիւնը)։ [si էջ 142 պարբ. 20, 23]
29. Յովելեայ 1։4-6–ի մէջ յիշուած այլաբանական մարախներու ազգը կը ներկայացնէ (Իսրայէլ ազգը. օծեալ Քրիստոնեաները. հռովմէական բանակները)։ (Գործք 2։1, 14-17) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Գրքոյկ Բ. էջ 4 պարբ. 9։]
30. Կողոսացիս 1։13–ի մէջ յիշուած «իր սիրելի Որդիին թագաւորութիւնը» (Մեսիական Թագաւորութիւնն է. Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն սկսեալ, քրիստոնէական ժողովքին վրայ Քրիստոսի իշխանութիւնն է. Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութիւնն է)։ [rs էջ 232 պարբ. 4]
Հետեւեալ համարները վարը տրուած արտայայտութիւններուն հետ համեմատեցէք.
Ովս. 6։6. Յովել. 2։32. Զաք. 4։6, 7. 13։3. Հռովմ. 12։2
31. Պէտք չէ թոյլ տանք որ իրերու այս դրութեան մշակութային կամ աշխարհային չափանիշները մեր մտածելակերպը կաղապարեն։ [դ00 11/1 էջ 21 պարբ. 5]
32. Աստուած կը հաճի, ո՛չ թէ ձեւականօրէն մատուցուած բազմաթիւ զոհերու, այլ՝ զինք ճանչնալուն վրայ հիմնուած հաւատարիմ սիրոյ արտայայտութիւններու։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ si էջ 145 պարբ. 16։]
33. Աստուածային անունը կրող անձը ճանչնալը, յարգելը եւ իրեն ապաւինիլը, փրկութեան համար կենսական է։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ դ89 2/1 էջ 29 շրջագիծ։]
34. Աստուծոյ նպատակը կ’իրագործուի ո՛չ թէ մարդկային ոյժով, այլ՝ իր հոգիով, որ կարող կը դարձնէ իր ծառաները լեռնանման խոչընդոտներ յաղթահարելու եւ սրբազան ծառայութեան մէջ տոկալու։ [si էջ 169 պարբ. 2]
35. Եհովայի կազմակերպութիւնը յատկորոշող հաւատարմութիւնը կը գերազանցէ մարդկային բոլոր յարաբերութիւնները, ինչպէս՝ ազգականական սերտ կապերը։ [si էջ 171 պարբ. 24]