Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Դեկտեմբերին. Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը։ Որպէս փոխընտրութիւն, կրնաք գործածել՝ Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ, Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց, կամ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ գիրքը։ Յունուարին. 1988–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192 էջնոց գիրք որ ժողովքը ունի։ Փետրուարին. Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը։ Մարտին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի։
◼ Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Պրուքլինի, Փէթըրսընի եւ Ուոլգիլի մասնաճիւղի համալիրները փակ պիտի ըլլան հետեւեալ Շաբաթ օրերը. 8 Մարտ 2003 (Գաղաադու շրջանաւարտութիւն), 10 Մայիս 2003 (գարնանային մաքրութիւն), 13 Սեպտեմբեր 2003 (Գաղաադու շրջանաւարտութիւն), եւ 4 Հոկտեմբեր 2003 (Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան տարեկան ժողով)։ Այդ օրերը շրջապտոյտի համար կարգադրութիւններ պիտի չըլլան, նաեւ ժողովքները չեն կրնար գրականութիւններ առնել։
◼ 2003–ի Յիշատակատօնի հրաւիրատոմսեր շուտով պիտի ղրկուին ձեր ժողովքին, իւրաքանչիւր ժողովքի գլխաւոր լեզուով։ Եթէ ձեր ժողովքի թաղամասին մէջ ուրիշ լեզուներ ալ կը խօսուին եւ կը փափաքիք այդ լեզուներով հրաւիրատոմսեր ունենալ, պէտք է անմիջապէս ապսպրել զանոնք, գործածելով Գրականութիւններու Ապսպրանքի Պատճենը (S-14)։ Յիշատակատօնի հրաւիրատոմսերը մատչելի են հետեւեալ լեզուներով. Ալպաներէն, Անգլերէն, Արաբերէն, Արեւելահայերէն, Գամպոտերէն, Թակալոկ, Իլոքօ, Իտալերէն, Լաոսերէն, Լեհերէն, Խրուաթերէն, Կուճարաթի, Հայերէն, Հոլանտերէն, Ճափոներէն, Մակեդոներէն, Մարշալերէն, Մոնկերէն, Յունարէն, Չինարէն, Չինարէն (Պարզացուած), Պարսկերէն, Ռումաներէն, Ռուսերէն, Սամոայերէն, Սպաներէն, Վիեթնամերէն, Փափիամէնթօ (Գուրասօ), Փունճապի (Կուրմուխի), Փորթուկալերէն, Քորէայերէն եւ Ֆրանսերէն։ Հաճեցէք ապսպրել միայն այն լեզուներով, որոնց կարիքը կայ ձեր թաղամասին մէջ։
◼ Հաճեցէք նկատի առնել թէ 2004 թուականի Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի՝ Ապրիլ 4–ին, արեւնամուտէն ետք։ Այս ծանօթագրութիւնը կանխաւ կը տրուի, որպէսզի եղբայրները կարենան մատչելի սրահներուն համար հարկ եղած վերապահումները կամ պայմանագրութիւնները ընել, երբ մի քանի ժողովքներ միեւնոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն եւ ուրիշ վայրեր ապահովելու կարիքը ունին։ Երէցները վարչութեան հետ համաձայնութիւն մը պէտք է կնքեն, վստահ ըլլալու համար որ միեւնոյն կառոյցին մէջ տեղի ունեցող ուրիշ գործունէութիւններ չխանգարեն Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը, որպէսզի անիկա խաղաղութեամբ ու կարգապահութեամբ ընթանայ։ Առիթին կարեւորութեան ի տես, Յիշատակատօնի դասախօսը նշանակելու համար, երէցներու մարմինը պէտք է ընտրէ որակելի երէցներէն մէկը, փոխանակ պարզապէս ամէն տարի հերթականութեամբ երէց մը նշանակելու կամ նոյն եղբայրը գործածելու։ Եթէ օծեալ ատակ երէց մը կայ, որ կրնայ դասախօսութիւնը ներկայացնել, զինք պէտք է ընտրել։
◼ Յունուար 6–ով սկսող շաբաթը, Ծառայութեան Ժողովին ներկայ եղող մկրտուած բոլոր հրատարակիչները կրնան ստանալ Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր քարտը, իսկ իրենց զաւակները՝ Անձնագիրը։